*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
…Ան մեծ նկարիչ է, շատ մեծ: Ես ալ նկարած եմ, շատ նկարիչներու հետ ծանօթ եմ, գիտեմ անոնց նկարները, բայց Ճոտտոն ուրիշ է, նման չէ միւսներուն: Երբ առաջին անգամ տեսայ իր նկարները, զարմանքէս ապշեցայ, թէ ուրկէ՛ կը գտնէ այդ երանգները, կարծես մուգ գոյներ են, բայց այնքան պայծառ, տեսանելի: Եւ առաջին անգամ ըսի. << Ոչ մէկը այդպէս կրնայ, միմիայն ինք…>>: Զգացի, որ չեմ կրնար բաժնուիլ այդ նկարներէն, անոնց ստեղծողէն…Եւ այդպէս վաթսուն տարի, այդպէս, քանի դեռ կեանք ունիմ…
Տիանա Ուքլեպա-Գրիգորեան (նկարիչի կինը)
«Զարթօնք»-ի պտոյտներու շարքը կը շարունակուի: Այս շաբաթ մեր կանգառը Երեւանի Մաշտոցի փողոց 45-ի ա. շէնքի բակն է: Երեւանեան գեղեցիկ բակ, որ առանձնայատուկ ոչինչ ունի, բայց քիչերը գիտեն, որ մուտքերէն մէկուն առաջին եւ երկրորդ յարկը կը զբաղեցնէ հայ յայտնի նկարիչ Գէորգ Գրիգորեանի (Ճոտտոյի) արուեստանոց-թանգարանը: 1977 թուականին խումբ մը արուեստագէտներու եւ վաստակաւոր նկարիչ Գէորգ Գրիգորեանի (Ճոտտո) այրիին՝ Տիանա Ուքլեպայի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ բացուեցաւ վարպետի արուեստանոց-թանգարանը, որ երկու տարի անց դարձաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մասնաճիւղերէն մէկը: Հայաստանի ազգային պատկերասրահ երկրի այն միակ գեղարուեստական թանգարանն է, որուն հարուստ հաւաքածոն ամբողջական պատկերացում կու տայ ազգային կերպարուեստի եւ գեղազարդային-կիրառական արուեստի պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ արտասահմանեան երկիրներու արուեստը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:
Գէորգ Գրիգորեանի գեղարուեստական մտածողութիւնը ձեւաւորուած է շատ ինքնատիպ գոյներու ներդաշնակութեամբ յագեցած, աշխոյժ եռուզեռով ապրող բազմազգ Թիֆլիսի, ապա՝ Մոսկուայի մէջ: Մինչեւ 1962 թուական ան ապրած ու ստեղծագործած է իր ծննդավայրին մէջ, իսկ յետագային՝ Երեւան: Ան ձգած է բաւականին հարուստ ստեղծագործական ժառանգութիւն, որուն գերակշիռ մասը կը պահպանուի ՀԱՊ-ի եւ արուեստանոց-թանգարանին մէջ:
Գէորգ Գրիգորեանի հետաքրքրող թեմաները բազմազան են, որոնք հաւասարապէս արծարծած է գեղանկարչական ու գծանկարչական իր աշխատանքներուն մէջ: 1920-ականներու վերջը եւ 1930-ականներու սկիզբը նկարիչի ստեղծագործական վերելքի տարիներն էին, երբ ան աշխուժօրէն կը մասնակցէր Թիֆլիսի մշակութային կեանքին, հայ եւ վրացի նկարիչներու ցուցահանդէսներուն: Այդ շրջանին ստեղծուած են յետագային նշանաւոր դարձած աշխատանքներ, որոնց մէջ վառ կերպով դրսեւորուած է երիտասարդ արուեստագէտի անհատականութիւնը: Անոր կը յաջորդեն արուեստի աշխարհին մէջ մերժուած ըլլալու եւ մեկուսացման երկու տասնամեակ ձգուող տարիները, որոնց ընթացքին նկարիչը անկոտրում կամքով շարունակած է ստեղծագործել: Բանաստեղծական ապրումներով յագեցած են այդ շրջանի նկարները: 1950-ական թուականներուն նկարիչի արուեստը սկսաւ նորովի ընկալուիլ ու վերարժեւորուիլ:
Մասնաճիւղի սրահներէն մէկուն մէջ տեղ գտած են նաեւ Տիանա Ուքլեպայի մի քանի կտաւները, իսկ առաջին յարկին վրայ կը ներկայացուին Թիֆլիսեան դպրոցի անուանի նկարիչներու ստեղծագործութիւնները: Այսպիսով Ճոտտոյի արուեստանոց-թանգարանը հայ եւ վրաց ժողովուրդներու բարեկամութեան մշակութային ուրոյն կեդրոն է:
Թանգարանի տնօրէն արուեստաբան Մարտին Միքայէլեանը սիրով ընդունեց մեզ եւ ներկայացուց հայ Ճոտտոն՝ նկարիչ Գէորգ Գրիգորեանը եւ անոր արուեստը:
«Զ.» – Պարո՛ն Միքայէլեան, կ«ըսէ՞ք՝ կեանքի եւ ստեղծագործութեան ի՞նչ ուղի անցած է Գէորգ Գրիգորեանը:
«Մ. Մ.» – Անկախութեան շրջանի մշակութային անցուդարձի մէջ Ճոտտոն կը գրաւէ համեստ, ոչ այնքան նկատելի տեղ: Թիֆլիսի անշուք թաղամասին մէջ ծնած, ուր, ի դէպ, ապրած էր Նիկօ Փիրոսմանին (վրացի ինքնուս նկարիչ): Սակայն այդ վտիտ, փոքրամարմին մարդու մէջ կ’ապրէր ուժեղ, դժուարութիւններէ չվախցող խիզախ անհատականութիւն: Միջավայրը, շրջապատը անարդարացիօրէն կը ծաղրէին փոքրիկ նկարներու տաղանդաւոր հեղինակին: Թէեւ իր մասին ժամանակին խօսած էին մեծ տէրութեան մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը խորհրդանշող նշանաւոր դէմքերը, ինքը 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1960-ական թուականները խորհրդային աղքատ մտաւորականներէն էր, շատ աւելի տժգոյն իրականութեան մէջ, քան Կոկոլի (ռուս արձակագիր, դրամատուրգ, բանաստեղծ, գրաքննադատ) հռչակաւոր հերոսը, շատ աւելի արհամարհուած, քան Նար-Դոսի յայտնի կերպարը:
Խորհրդային երկրի 1920-ականներու մեծ մշակոյթը իր առանձին տեղը կը գրաւէ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ: Գէորգ Գրիգորեան (Ճոտտո) այդ անցուդարձային ժամանակներուն փոքրիկ սակայն կարեւոր մէկ բեկորն է, որ ոչ միայն գոյատեւեց յետագայ տասնամեակներու մղձաւանջին մէջ, այլեւ այլաբանօրէն ու տաղանդաւոր, ինքնատիպ լեզուով խօսեցաւ իր ապրած մռայլ ժամանակներուն մասին: Իր կտաւներուն մէջ մուգ երանգաւորումը ազնուագոյն արուեստագէտի տեղի ու ժամանակի ճշմարիտ խօսքն էր, որուն հասաւ յամառութեամբ եւ տիկնոջ բանաստեղծուհի ու նկարչուհի Տիանա Ուքլեպայի սիրով: 1960-ական թուականներուն որոշ ազատութիւնը, փշալարերէն դէպի աշխարհի մէկ վեցերորդ մասը ներխուժող թթուածինը ոգեւորեցին նաեւ մեր նկարիչը: Նշանաւոր մարդոց յօդուածները, 1965-1966 թուականներու երեանեան, մոսկովեան անհատական ցուցահանդէսները, երկաթեայ վարագոյրի կիսաբաց դիրքը արուեստագէտին քաջալերեցին: Իր թիկունքին արդէն կանգնած էին կայսրութեան յայտնի գիտնականները, մեծատաղանդ Մարիեթա Շահինեան, նշանաւոր Լատօ Կուտիաշվիլի, խորհրդային երկրի եւ արտերկրի մէջ ճանչցուած զանազան բնագաւառներու մեծ մասնագէտները: Իր արուեստով հետաքրքրուեցաւ խստաճաշակ Եուրի Լոդման, իսկ մէկ ուրիշ նշանային անուն` ապագայապաշտ նկարիչ եւ Քիրիլ Զտանեւիչ` Փիրոսմանիի յայտնաբերողն ու հանռահռչակողը գրեց. <<…Գրիգորեանի գծանկարչութիւնը մեծ արուեստ է թղթէ փոքրիկ էջերու վրայ>>: 1960-ին հրատարակած իր յօդուածին մէջ Զտանեւիչ առաջինը կռահեց: Գծանկարչութեան մէջ ան բոլորովին ուրիշ, շատ աւելի հետաքրքրական արուեստագէտ է:
«Զ.» – Ո՞րն է իր ստեղծագործութեան առանձնայատկութիւնը: Ինչպիսի՞ն է ան իւղաներկի եւ գծանկարչութեան մէջ:
«Մ. Մ.» – Փոքրիկ կտաւներու մէջ եւ թղթէ էջերու վրայ ան կրնար անցեալի վարպետներուն նման ստեղծել հոգեբանական կերպարներ ու միեւնոյն ժամանակ գիծերու ձեւերուն մէջ ըլլալ ազատ եւ անկաշկանդ: Իր սերնդակիցներէն պաշտօնական արուեստի «ժեներալները» թշնամաբար կը վերաբերուէին ուրուագիրի թարմութիւնը պահպանող յօրինուածքներուն: Իսկ պարկեշտ ու շնորհալի արուեստագէտները շրջապատի, միջավայրի պատճառով կը խեղդէին սեփական միտքն ու զգացումները եւ ինքնաբերաբար կը ծածկէին կտաւի թարմութիւնը: Գէորգ Գրիգորեան երբեմն նոյնպէս իւղաներկով կը ծանրաբեռնէր, կը չորցնէր կտաւը՝ փորձելով ընդգծել իրականութեան ծաւալայնութիւնը: Բայց գծանկարչութեան մէջ ազատ էր, կարծես կը խոյանար դէպի ամպերը:
Ազատ նկարելը պախարակելի էր խորհրդային երկրէն ներս, այնպէս ինչպէս փախուստը համակեդրոնացման ճամբարէն, ինչպէս փշալարերով պատուած սահմանը խախտելը: Այդ համարձակութիւնը, քաջութիւնը, կամքը դրուած էր փոքր կտաւներու հեղինակի մէջ: Թերեւս այդ էր պատճառը, որ զինք այցելող ժամանակակից մեծերը` ծայրահեղ նրբաճաշակ Լէոնիդ Ենգիբարովէն մինչեւ մեծանուն Անդրէյ Սախարով չէին կրնար թաքցնել իրենց ակնածանքն ու յուզմունքը:
Ճոտտօ տի Պոնտոնէն նախավերածննդեան շրջանի իտալացի նկարիչ եւ քանդակագործ է: Ան նոր մշակոյթի ներկայացուցիչ էր։ Եղած է ճարտարապետ, քանդակագործ, բանաստեղծ, սակայն ամենանշանակալի ներդրումը կատարած է գեղանկարչութեան մէջ։ Ան առաջիններէն է, որ ստեղծած է մարդու տիպական կերպարը` իր առջեւ խնդիր դնելով կաղապարաւորուած լոյսի եւ ստուերի միջոցով ստանալ կերպընկալի ծաւալի կշռելիութիւն եւ իրական, հաւասարաչափ տարածութեան վերարտադրութիւն։
«Զ.» – Կ«ըսէ՞ք՝ ինչո՛ւ Գէորգ Գրիգորեան ինքզինք կ»անուանէ Ճոտտօ: Ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը:
«Մ. Մ.» – Գէորգ Գրիգորեան շատ սիրած է Ճոտտօ նկարիչը՝ նախավերածննդեան շրջանի իտալացի հռչակաւոր նկարիչ եւ քանդակագործը: Ան իսկապէս աշխարհի մեծագոյն, եզակի արուեստագէտներէն մէկն էր: Գէորգ Գրիգորեան, գնահատելով Ճոտտո նկարիչի արուեստը, ինքզինք անուանած է Ճոտտո: Բայց որպէսզի տարբերուի, ան կը ստորագրէր՝ որպէս Ճիոտտո: Իսկ մենք այսօր՝ որպէս հայոց լեզուի ջատագովներ, յամառօրէն կը գրենք Ճոտտո:
Արուեստանոց–թանգարանը հիմնադրուած է 1977 թուականին խումբ մը արուեստագէտներու եւ Գէորգ Գրիգորեանի (Ճոտտո) այրիի՝ Տիանա Ուքլեպայի նախաձեռնութեամբ, որ երկու տարի անց դարձաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի մասնաճիւղերէն մէկը: Այստեղ ամփոփ ներկայացուած են նկարիչի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, յուշաձեռագրային նիւթեր, անձնական իրեր: Մեծ արժէք կը ներկայացնեն Գ. Գրիգորեանի նաթիւրմոր: Իր վրձինը վարպետօրէն կը կերտէ՝ հիմնականը թեք հարթութիւններու վրայ տեղադրուած ամենապարզունակ կենցաղային առարկաներ, միրգեր ու ծաղիկներ:
«Զ.» –Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ:
«Մ. Մ.» – Թանգարանը տակաւին համագործակցութիւն չունի սփիւռքի հետ, բայց ես միշտ կապեր ունեցած եմ սփիւռքի հետ: Աշխատած եմ «Հայրենիքի Ձայն» թերթին մէջ, բայց այդքան ալ աշխոյժ չէի, որովհետեւ եթէ մարդը տաղանդաւոր չէր բայց սփիւռքահայ էր, այդ թերթը պէտք է անպայման գովեր, իսկ ես զուսպ էի: Եթէ մարդը տաղանդաւոր էր, օրինակ՝ շատ մեծ նկարիչ ունինք մենք Պէյրութ ծնած՝ Փօլ Կիրակոսեան, որ Արեւելքի մեծագոյն նկարիչներէն էր: Երբ առաջին յօդուածը գրեցի, «Հայրենիքի Ձայն» թերթին մէջ տակաւին չէի աշխատեր: Այդ յօդուածը Զարեհ Մութաֆեանի մասին էր, որ շատ հետաքրքրական մարդ էր, ֆրանսահայ նկարիչ, պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանի հայրն էր։ Հայերը շատ տաղանդաւոր նկարիչներ են եւ այդքանի մէջ դժուար է երեւիլը: Ես այդքան մարդոց հանդիպած եմ իմ կեանքիս մէջ, բայց երկուքը իմ յիշողութենէս երբեք չեն ջնջուիր, մէկը, ինչպէս ըսի, Փօլ Կիրակոսեանն էր, որ իսկապէս շատ տաղանդաւոր մարդ էր: Եւ կար նաեւ ուրիշ շատ կարեւոր անձնաւորութիւն, որ մեր նկարչներուն մէջ դժբախտաբար հետք չձգեց, բայց ան հայ ազգի մեծագոյն զաւակներէն մէկն էր. խօսքը Բիւզանդ Թոփալեանի մասին է: Ան, Փարիզ ապրելով, հրատարակած է «Անդաստան» հանդէսը եւ ամբողջ գործը, լրագրութենէն մինչեւ գրաշարութիւն, մինակը կ’ընէր: «Անդաստան»-ը շատ հետաքրքրական ամսագիր էր, որ կը տպագրէր արդի արուեստի մասին: Այդ ժամանակ քիչ ամսագիրներ կային, որոնք իրենց վրայ վերցուցած էին ժամանակակից արուեստի տարածումը հայութեան մէջ: Ան նաեւ տաղանդաւոր բանաստեղծ էր:
«Զ.» – Արուեստանոց-թանգարանի գողտրիկ սրահներուն մէջ կը ցուցադրուին նկարիչի աշխատանքները, որոնք ընդգրկուն պատկերացում կը ստեղծեն մեր ժամանակներու նշանաւոր արուեստագէտներէն մէկուն մասին: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Մաշտոցի 45 հասցէին վրայ (6-րդ մուտքի մօտ):
Հեռ. +374 10 58 01 79
Կայք. www.gallery.am