27 Դեկտեմբեր 2017-ին ՌԱԿ Յունաստանի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Յունահայոց Թեմի առաջնորդարանի գրասենեակին մէջ առաջնորդական տեղապահ, Տ. Խորէն վարդապետ Առաքէլեանի հետ։ ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ընկերակցեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Հրայր Հովիւեան, որ ՌԱԿ Յունաստանի շրջանակը վերակազմակերպելու յատուկ առաքելութեամբ գործուղղուած էր Աթէնք:
Հանդիպման ու բարի գալստեան խօսքերէն ետք առաջնորդական տեղապահը լայնօրէն անդրադարձաւ Թեմի յառաջիկայ ծրագիրներուն, աշխատանքներուն ու առաջնահերթութիւններուն՝ մասնաւորելով 2018-ի Հայաստան կատարուելիք ուխտագնացութիւններուն, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակներուն առիթով։
ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը, իր կարգին, անգամ մը եւս հաստատեց իր իւրայատուկ կապը Սուրբ Էջմիածնայ Մայր Աթոռին հետ, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան բարձր տրամադրութիւնը ի շահ Յունահայ գաղութի ազգային գոյատեւման ու յառաջդիմութեան։
Տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան պաշտօնական օրկան «Հայ Կեանք» պարբերաթերթի խմբագիր ընկ. Տիգրան Ապասեան:
Յաջորդ օր, առաւօտեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Հրայր Հովիւեան այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Հայոց Անթիլիասի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Աթէնք։
Ընկ. Հրայր Հովիւեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր յայտնեց, որ կուսակցական առաքելութեամբ Աթէնք կը գտնուի եւ այդ առիթով պատեհ նկատեց այցելել Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Արժ. Տ. Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան եւ հանդիպումին համար: Ան, մօտէն ճանչնալով ընկ. Հրայր Հովիւեանի ազգային եւ հասարակական կեանքի մէջ ունեցած աշխոյժ եւ վաստակաշատ ներդրումը, գնահատեց ներկայիս հրամայական պահանջք դարձած ազգային կուսակցութեանց ղեկավարներու շրջահայեաց մօտեցումը Սփիւռքի հայկական գաղութներու կեանքին մէջ՝ համահայկական մակարդակի վրայ տարուող աշխատանքներու եւ ծրագիրներու ներդաշնակ իրականացման ի խնդիր։ «Մեր հայկական իրականութեան մէջ զանազանութիւններն ու իւրայատկութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան բոլորս միահամուռ կերպով ներգաւուելու ազգային գերխնդիրներու շուրջ»,- շեշտեց սրբազան հայրը:
Ընկ. Հրայր Հովիւեան, ջատագովն ըլլալով նման մօտեցումին ու գործելաձեւին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընդունելութեան համար, կարեւորութեամբ շեշտեց Հայ Եկեղեցւոյ ազգաշէն դարաւոր առաքելութեան անյողդողդ շարունակումը հայ ժողովուրդի դիմաց պարզուած ներկայի մարտահրաւէրներու լոյսին տակ եւ այս շրջագծին մէջ դիտեց նաեւ իր այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան։
Առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց ընկ. Հովիւեանին իր առաքելութեան մէջ։
Կէսօրին ընկ. Հովիւեան եղաւ Ազգային Վարչութեան ճաշի հիւրը։