*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»-ի Աշխատակից
Առաջին հերթին կը խորհինք, թէ մեծ ըլլալու կը նկրտին անոնք որոնք մեծ չեն, հուսկ՝ կը տենչան առ այդ: Բայց իրողութիւնը այդ չէ, քանի որ մեծ ըլլալը սահման չունի հորիզոնի նման, որ որքան երթաս կը հեռանայ. կը խորհիս թէ հասար, սակայն տերեւաթափ կ’ըլլաս: Չէ՞ որ Տիեզերքն ալ մեծ է, բայց ո՞վ գիտէ չափը անոր:
Բայց ինչո՞ւ մեծ ըլլալ: Ո՞վ է կամ ի՞նչ է մղիչ ուժը անոր: Արդեօք սապէս վերէն նայելու անյագուրդ զգացումով մը լեցուելու ներքին բաւարարութիւ՞ն, թէ մեծ ըլլալով կ’երաշխաւորուի գոյատեւումը երթին ու ձեռքբերուածին իբրեւ հատուցուած իրականութիւն: Ոչ միայն այդ, այլեւ կը բաւարարուի նաեւ գերակայութեան բնազդային պահանջքը ու այդպիսով կ’արդարանայ մեծ ըլլալու փափաքը, որմէ նպատակ ու գործունէութիւն, որ անգիր եւ գրաւոր նպատակն է մարդկային ընկերութեան զանազան բաղկացուցիչներուն. անձէն սկսեալ, ընտանիք, միութիւն, պետութիւն:
Հնգամեայ մանուկէն մինչեւ իմաստուն ծնած Լաօ Ցէն նիւթ ըրած են մեծութիւնը: Բան մը, որ կը քաջալերուի ընդհանուրին կողմէ: Ի՜նչ հպարտութեամբ հնգամեայ մանուկը անգիտակցօրէն կ’արտասանէ. «Հայ եմ ես, քաջ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»…«Մեծ է Դաօն, մեծ է Երկինքը, մեծ է Երկիրը, մեծ է նաեւ Թագաւորը»(25): Գուցէ առաջին երեքը յիշուած են՝ յանգելու համար Թագաւորին: Կարելի՞ է, որ թագաւորը մեծ չըլլայ:
Յիսուսի աշակերտներու մէջ խորհուրդ մը մտաւ.-Ո՞վ է մեծ. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի, զիս կ’ընդունի, վասնզի ան որ ձեր ամէնուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ (Ղուկասու 9: 49 ): Ինչպէս նաեւ այլ տեղեր, որոնցմէ՝ «Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»՝ ակնարկելով իր իր անձը:
Եւ քանի որ աշխարհակալներու քմայքին յանձնուած է երկիր-մոլորակի բնակչութիւնը, տիրակալներու փառքը, հետքը կը մնայ շեշտուած՝ պատմութեան էջերուն մէջ եւ ապրուող իրականութեան՝ մնալով գոյատեւող իրողութիւն:
Տիգրան Մեծով կը հպարտանանք: Առիթ մըն է մեզի: Սակայն պատմութեան բեմը քանի՜ Տիգրաններ եւ աւելի գերազանցները տեսած է, ուր նոյնիսկ մենք կ’ըլլանք աննկատ: Սակայն կանք տակաւին ու կ’ապրինք մեր Մեծ Երազով, թէեւ…«ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ» ենք տակաւին՝ անմար յոյսով, որով կ’ապրինք մեր ներկան:
Ինչպէս Երկիրը ունի խաւեր, մարդկային ընկերութիւններն ալ ունին դասակարգեր, ուր, ի հարկէ, Վերինը՝ Մեծը պիտի իշխէ ու տիրապետէ՝ պարտադրելով Ի՛ր արդարութիւնն ու օրէնքները, քանի որ Մեծ է:
Իսկ ԻՏԷԱԼՆԵՐԸ քանի որ ՄԵԾ են…ԱՆԻՐԱԳՈՐԾԵԼԻ ԵՆ, մինչեւ մարդը հասնի Մարդեղութեան: Ինչպէս Թումանեան կը գրէ՝ «Ու հեռու է մինչև Մարդը իր ճամբան»: