Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ – Արաքսի Հովտին Մէջ Շուտով Նոր Ծրագիրներ Կը Մեկնարկեն

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի ամենահարաւային բնակավայրերէն՝ Մեխակավանի մէջ, Բակօ Սահակեանին դիմաւորողներու շարքին մանուկներու առատութիւնը աչքի կը զարնէ: Աւագներու առաջարկներէն առաջինն ալ այդ փաստէն կը բխի. Աճող համայնքը մանկապարտէզի կարիք ունի: Նախագահը հաւաստիքով կը խոստանայ այդ հարցը լուծել: Սպայական անձնակազմի համար 16 բնակարանանոց շէնք մը եւս պատրաստ է արդէն շահագործման: Երկրի հարաւային սահմաններու պաշտպանները պիտի ունենան լաւագոյն պայմանները ոչ միայն ծառայելու, այլեւ երեխաներ կրթելու ու դաստիարակելու համար: Բնակավայրի զարգացման 5-ամեայ ծրագիր կը մշակուի՝ Շուշիի արհեստագիտական համալասարանի մասնագիտական խումբերու կողմէ: «Յառաջիկայ երեք ամսուան ընթացքին այդ աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին»,- կը խոստանայ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:

            Ուղին Արցախի ամենաերիտասարդ ու ամենահարաւային բնակավայրը կը տանի՝ Արաքսավան: Այստեղ առաջին բնակիչները մի քանի տարի առաջ հաստատուած են: Կառավարութիւնը բնակութեան պայմաններուն հոգ տարած է՝ տեղադրելով բաւականին յարմարաւէտ տնակ-կացարաններ: Մի քանի տասնեակ ընտանիքներ արդէն եկած, հաստատուած են Արաքսավան: Այստեղ նախագահին կը սպասեն ոչ միայն արաքսավանցիները, այլեւ Արցախի խորհրդարանականները: Բակօ Սահակեանի հրաւէրով ժամանած են՝ հարաւային սահմաններու իրավիճակը անձամբ տեսնելու եւ նախատեսուող ծրագիրները իրենց վայրին մէջ ծանօթանալու համար: «Անհրաժեշտ է այս հատուածի մէջ ներկայ ըլլալ առնուազն մէկ անգամ, որպէսզի պատկերացնենք, թէ ի՛նչ ծաւալի աշխատանքներ պէտք է իրականացնենք: Եւ այն ինչ որ պիտի ընենք ձեզի հետ միասին, մեր սահմանի այս հատուածին մէջ պիտի բարձրացնէ մեր երկրի անվտանգութեան մակարդակը»,- հանդիպման անհրաժեշտութիւնը կը հիմնաւորէ Արցախի նախագահը:

Նպատակը Արաքսի հովտի վերակենդանացնելը, անոր գիւղատնտեսական հնարաւորութիւնները լիարժէք օգտագործելն է: Հողերու վերականգնման ուղղութեամբ զգալի աշխատանքներ արդէն կատարուած են: Մի քանի հարիւր հեքթար հող վերականգնուած է, զոր անգամ մը եւս կ’օգտագործուի գիւղատնտեսական նպատակներով: Նաեւ ոռոգման համակարգը բարելաւուած է: Որոշ տեղեր ինքնահոս՝ Արաքսէն եւ անոր վտակներէն սնուող ջրանցքներու միջոցով, իսկ այդ մէկը ուր որ կարելի չէ կամ նպատակայարմար չէ՝ նաեւ խորքային հորերու միջոցով: Նոր ծրագիրներ մեկնարկած են՝ հիմնականը այգեգործութեան ոլորտին մէջ: «Մինչեւ այգիներ հիմնադրելու ժամկէտի լրացումը, որքան պատրաստ տարածք ըլլայ՝ տնկիները պիտի տրամադրենք, իսկ յետոյ պիտի աջակցինք, որպէսզի կաթիլային համակարգ ստեղծեն»,- կը վստահեցնէ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան:

Միայն այգեգործութեան համար արդէն աւելի քան 20 պահանջագիր ներկայացուած է: Սակայն արաքսավանցիները հոս պարզապէս հող չեն մշակեր: Արաքսավան հաստատուած ընտանիքներէն շատերը արդէն նաեւ զինուոր ունին սահմանին:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին