Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Յետահայեաց Հաշուեյարդար-Հաշուետուութիւն՝ Յանուն Երիտասարդ Գալիքի

Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Շրջանէ մի ի վեր կը մտմտայի թէ ինչ պիտի գրեմ Նոր Տարուան առթիւ: Երկու նիւթ ունէի. մէկը կը վերաբերէր արդի Հայաստանի Հանրապետութեան քառորդդարեայ տարեդարձին առթիւ յառաջացող մտածումներուն, իսկ միւսը՝ Լիբանանի հայօճախին, որ նոյնպէս կը բոլորէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն դուրս գալու իր քառորդ դարը:

Հայաստանի Հանրապետութեան առնչութեամբ կը փափաքէի բարձրաձայնել որ երիտասարդ այս նոր Հայաստանի իշխանութիւններուն, քաղաքացիներուն, մտաւորականութեան եւ Սփիւռքի նախանաձախնդիրներուս համար բաւարար ժամանակ է 25 տարին՝ չափորոշելու թէ առայժմ ի՛նչ իրագործուեցաւ եւ ուր ձախողութիւններ արձանագրեցինք, ո՛ր օրինագիծերը, ո՛ր քայլերը, ո՛ր խորհրդաժողովները, ո՛ր որոշումները գործադրուեցան եւ արդիւնաւորուեցան, որո՛նք դիտաւորեալ էին՝ պարզապէս աղմուկ բարձրացնելու նպատակ կը հետապնդէին եւ արդեօ՞ք ծառայեցին իրենց նպատակին, ու՛ր եւ ի՛նչ խնդրով պիտանի ժամանակ եւ ուժ կորսնցուցինք…: Ո՛ր քայլերը, ծրագրերը եութոփիք էին, պարզապէս կը նպատակադրէին ըսել թէ մենք ալ փչել ու երազել գիտենք…: Բաւարա՞ր էին արդիւնքները…: Ի՛նչ ըրինք մենք հայութեան համար, մարդկութեան համար, մեզի՛ համար իբրեւ մնայուն վարկ ու արժէք, իբրեւ բարոյական հերկ ու բերք…:

…Շարքը չերկարեմ: Պարզապէս, ըսել ուզածս այն է որ որեւէ նորեկի մը համար տրամադրուած grace periodը, «վնաս չունի»ի ժամանակը մենք սպառած ենք եւ այլեւս պէտք է հաշուետուութիւն կատարենք մենք մեր անձին հանդէպ՝ ազգային, համամարդկային չափորոշիչներով եւ տեսնենք թէ ի՛նչ համեմատութեամբ մենք մեզ խաբած ենք, կամ մեր յաջողութեան-ձախողութեան նիշը ինչէ, եւ կամ ալ յայտնաբերենք թէ իրապէ՛ս լաւ բան մը բանե՜ր ըրած ենք, եւ մեր այդ արարքներուն շնորհիւ մեր կեանքը, աշխարհին ու մարդկութեան կեանքը գէթ աւելի չէ վատթարացած:

25 տարին արդէն բաւական շատ ժամանակ է նոր սերունդ կերտելու, պետութիւն կերտելու ամբողջ գործընթաց մը խորապէս ախտաճանաչելու եւ արժեւորելու, գի՛ն դնելու մեր ըրածին ու չըրածին:

Իսկ եթէ մենք չսկսինք գին դնել մեր իրագործածին, ձախորդանքներուն եւ ասոնց արդիւնքով յառաջացած պետականակերտումին ու ազգակերտումին թերացումին, վստահ ըլլանք որ պատմութիւնը եւ ժամանակակից համաշխարհային իրաւակարգը իր քննութեան պիտի դնէ մեր երկիրն ու ազգը եւ տայ դամոկլեան որոշումը:

Հարցը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան չի վերաբերիր: Նման մտորումներ ունենալու ենք Լիբանանի հայօճախին առնչութեամբ, որ արդէն աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր դադրած է ամէնօրեայ պայթումներ ու պատերազմական վիճակ ապրելէ, թէեւ կը շարունակէ կրել այդ պատերազմին ոչ միայն հետեւանքները այլեւ կ’ապրի «խաղաղ պատերազմ»ի տարբերակը: Յամենայնդէպս, հիմա պայմանները – գէթ ապահովական առումով եւ յարաբերականօրէն – աւելի կայուն են եւ մենք՝ լիբանահայերս, բոլորս պարտինք ծանրութեթեւ ընել անցած վերջին քսանհինգ տարիներու մեր ձեռքբերումները, մեր իզուր վատնած ուժերը, ապարդիւն մսխած հնարաւորութիւնները, յաջողապէս սերմանած հունտերը եւն. եւն.:

Մենք, լիբանահայերս, պարտինք կատարել այս յետադարձ հաշուեյարդարը, որովհետեւ եթէ կը յաւակնինք ըլլալ գէթ Միջին Արեւելքի հայութեան մայրաքաղաքը, ապա պարտինք հարցադրել թէ ինչ տարողութեամբ մենք կատարեցինք մայրաքաղաքային մեր պարտականութիւնները՝ Միջին Արեւելքի միւս հայօճախներուն հանդէպ, մենք մեզ մայրաքաղաք պահեցի՞նք: Որովհետեւ, հոս ալ grace periodի համբերութեան բաժակը լեցուած է ու այսուհետեւ եթէ մենք շարունակենք «պարապ վախտի խաղալիք»ներով զբաղիլ, հիմնարար, ռազմավարական հմտութեամբ չծրագրել ու չգործել, ապա՝ մէկ ձեռքի հինգ մատներուն թիւէն քիչ տասնամեակներու ընթացքին կրնանք ունենալ անփառունակ վախճան մը իբրեւ Լիբանանի հայօճախ եւ Միջին Արեւելքի հայութեան մայրաքաղաք:

…Անկեղծ, կը փափաքէի այս նիւթերուն մասին գրել, բարձրաձայնել մտահոգութիւններս, հաւաստելով որ ժամանակն է որ մենք անցնինք այլ հանգրուանի՝ շատ խօսք-քիչ գործը փոխարինենք քիչ խօսք-շատ գործ ձեւաչափով: Եւ ասոր համար մենք ամէն տուեալները ունինք: Մենք ականատես եղանք դարձեալ, որ խօսքով չկրցանք փիլաւ եփել, ընդունուեցանք ու գնահատուեցանք ոչ թէ որովհետեւ լաւ էինք այլ որովհետեւ ուրիշը չկար…:

Եւ դեռ աւելին:

Հիմա որ մեր րոմանթիք ու իրաւ կամ կիսակեղծ հայրենասիրութիւնները, արցունքախառն նուիրումներն ու զգացումները եւ կապալառուի ու խաչագող առեւտրականի վարպետութիւնները, դրամաշահութեան համար ամէն միջոցի դիմելու մեր նկրտումներէն մինչեւ անձնազոհութեան գացող հայրենասիրութիւնները,  անհիմն փառաբանումներէ մինչեւ արդար գնահատումները, յանուն հայուն եւ մարդկութեան նահատակուելէն մինչեւ ճոռոմ ու ստապատիր բառերու եւ ճառերու արտադրութիւնները, անձնական շահերու հետապնդումի համար ամէն սրբութիւն ոտնակոխելու քայլերն ու հայկական տարածականութեան մէջ ցորեն սերմանելու ծրագրերը, Հայաստանը լաւագոյնը տեսնելու համար հայ իրականութիւն ներմուծելու չնաշխարհիկ եւ ամէնէն անգործնական կամ երեւութապէս օգտաշատ բայց խորքով վնասաբեր ծրագրեր իրացնելէ ետք, ինծի կը թուի թէ այսօր՝ անցնող շուրջ քսանհինգ տարիներու հակասական օգտաշատ ու վնասակար մեր քայլերուն արդիւնքները աւելի քան յստակ են ու մենք պէտք է գիտակցինք որ  տարբեր ուղղութիւններով յառաջադրուող մեր բոլոր ծրագրերը դժուար թէ գոյատեւական պիտի ըլլան: Այդ հակասական ու հակադիր, երբեմն նաեւ – թերեւս ալ յաճախ – զուգահեռ ընթացող ծրագրերու բախումներէն եւ համաշխարհայնացումին յառաջացուցած լարուածութենէն ելեկտրականացած հայ տարածականութեան աշխատահրապարակը, ալիքներուն բախումներուն յառաջացուցած փոթորիկները եւ անոնց արդիւնքները մենք՝ քսանհիգամեայ փորձառութեամբ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակի հեռաւորութենէն թէ պատմութենէն եկող առարկայական գնահատականով կրնանք եւ պարտի՛նք հաշուեյարդարի դնել:

Եւ ըստ այդմ շարունակել, կամ վերսկսիլ:

Այս մասին կ’ուզէի գրել եւ շարք մը նշումներ ալ ըրած էի, բայց որոշեցի ուրիշ բան գրել:

Վերջին 25 տարիներու մեր ազգային կեանքը անհատապէս, խմբովի, հաւաքաբար, հատուածաբար, պետականօրէն եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ անխտիր, ականատես եղաւ դրական ու ժխտական ցնցումներու, տեղաշարժերու, դէպքերու, ողբերգութիւններու, նուաճումներու: Մենք այդ իրադարձութիւններէն շատերուն հանդէպ կեցուածք որդեգրեցինք, քայլ առինք, հրահանգ արձակեցինք, թելադրանքներ յղեցինք…:

Բայց պիտի չգրեմ ասոնց մասին, որովհետեւ Հայկազեանի իմ հին ուսանողներէս մին, որուն հետ պէտք էր հանդիպէի մի քանի օր առաջ բայց չէի կրցած, այսօր զիս գտաւ: Յանցաւոր կը զգայի որ պարագաներու բերմամբ ստիպուեր էի յետաձգել ժամադրութիւնս իրեն հետ:

Պատմեց ինծի թէ Հայկազեանի մէջ քաղաքական գիտութիւններու պսակաւոր արուեստից վկայականէն ետք, բաւական դժուարութեամբ ի վերջոյ յաջողած էր մագիստարականը ստանալ: (Չհարցուցի թէ ուր աւարտած էր, բայց կարծեմ՝ Միացեալ Թագաւորութիւն):

Քսանութ-քսանին տարեկան այս երիտասարդին դիմաց նստած զինք կը լսէի: Իմ դէմս պարզուեցաւ երիտասարդ մը որ հետեւողական յարատեւութեամբ ձգտեր էր իր ուսումը յառաջ մղել: Տարիքը կը յուշէր, որ հեզասահ չէր ընթացած մագիստրականին  տիրանալը: Հայկազեանը աւարտելէն ետք մի քանի պայքարոտ տարիներ դրեր էր տիրանալու համար մագիստրականին: Բայց արդէն, ահա գտեր էր եւրոպացի գիտղեկավար մը, որ պատրաստակամ եղած էր իր դոկտորականի թեզը ղեկավարել: Իսկ իր թեզը Ղարաբաղի մասին չէր, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան ՝ Ռուսաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համարկումին: Ու ան ոգեւորուած կը պատմէր թէ կը մտածէր հայաստանեան պարագան բաղդատել Սերպիոյ հետ: Երկուքն ալ նմանութիւններ ունէին՝ Քոսովօ եւ Ղարաբաղ (թէեւ հակադիր): Երկուքն ալ Օսմանեան ժառանգութիւն կը կրէին, երկուքն ալ եւն. եւն.: Խոհեմ էր իր որդեգրած ուղին. իր թեզը կապ ունէր համաշխարհային կարգավիճակին զարգացումներուն եւ ընձեռած հնարաւորութիւններուն կապուած համարկումներուն: Խանդավառ, ան կը պատմէր իր թեզին մասին ու ես կը տեսնէի դարձեալ եւ նորէն որ հայ ժողովուրդի երիտասարդ սերունդը աղուոր տալիք ունի մարդկութեան, լաւ տալիք ունի հայութեան: Քիչ մը անինքնավստահութիւն կար մէջը, կամ ալ իր երազը շատ հեռու կը տեսնէր ու վստահ չէր անոր իրագործումին կարելիութենէն:

Բայց, ան վստահ էր իր ուժերուն: Գիտէր որ կրնայ քալել իր երազին իրականացման այս ճամփայէն, պարզապէս բարոյական երաշխիք կ’ուզէր: Ծնողքը թիկունք կեցեր էր իրեն մինչեւ հոս, հիմա կ’ուզէր նաեւ ուրիշին հաւաստիքը թէ ինք ճիշտ ճամփու վրայ է…:

Այս երիտասարդին մէջ ես տեսայ թէ ինչպէս այլամերժական, անձնապաշտական, հայրենասիրական, կուսակցապաշտական, հատուածամոլական, անձնասիրական, կեղծ ու իրական, ճիշդ ու անճիշդ, պատիր թէ ճշմարիտ, սուտ ու իրաւ, իրապաշտ թէ րոմանթիք, եսամոլական թէ հաւաքական հոսանքները պատերազմի դաշտի վերածած էին այս երիտասարդին հոգին, փոթորկած անոր ներսիդին, յեղաշրջած ամէն չափ ու կշիռ, արժէք ու համակարգ, խախտած ամէն կայուն մարդկային թէ հայկական խարիսխ, մինչեւ որ այդ մեծ ու ահեղ բախումներէն ետք, ջուրերը սկսեր էին հանդարտիլ եւ այս երիտասարդը կրցեր էր վերամշակել իր փոքրիկ նաւակը, բարեփոխել զայն ու ահա դարձեալ կը սկսէր նաւարկել բացերը ծովերուն, յանուն հայամարդկային ծայառութեան:

Իրեն հետ այսօր, 30 Դեկտեմբերի հանդիպումս ես կը նկատեմ այս նոր տարուան կարեւորագոյն նուէրս:

Բարի երթ քեզի, սիրելի հայկազեանցի: Քու նմաններուդ հանդիպեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Նոր հայաստանցին ու նոր հայը սկսած է իր ներկայութիւնը լսելի դարձնելու քայլեր ձեռնարկել: Նոր միջինարեւելքցի հայը նոյնպէս սկսած է տեսանելի դառնալ:

Մեզի՝ երէց սերունդներուս կը մնայ կա՛մ թիկունք կանգնիլ, կա՛մ ալ կոտրել քու եւ քու նմաններուդ թեւերը: Բայց գիտցիր, որ քու թեւերդ՝ ուզենք իսկ չենք կրնար կտրել: Պարզապէս քու ստեղծագործական դաշն անցումդ կրնանք ուշացնել, խոչընդոտել, բայց ո՛չ խափանել:

Ես հաւատալով քեզի եւ քու նմաններուդ, բարի սաւառնում կը մաղթեմ ու կ’աշխատիմ նաեւ քեզի համար:

Առաւել իմաստուն եւ սերտուած քայլերով արդիւնաւորուած ու դրսեւորուած նոր տարի կը մաղթեմ բոլորիս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին