*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Ամանորի խորհուրդը մարդկային կեանքին իմաստաւորումն է: Ապրուած լիարժէք կեանք մը կը վերանորոգուի, միտք եւ հոգեկան ապրումներ կ’անցնին իւրաքանչիւր Մարդ-Անհատին «անցեալ» դարձած իրագործումներու մատեանի էջերուն, ու մեր աչքերը կը յառենք Նոր Տարուան խոստումներուն:
Ինքնազննումի պահը կ’ապրինք այժմ:
Հաշուեյարդար մը՝ ներանձնական թէ հասարակական զոյգ պարտաւորութիւններով:
Նախ՝ իբրեւ Մարդ-Անհատ:
Ապա, Հայ-Մարդը՝ իր ներկայ Հայրենիքով եւ Սփիւռքով: Ժողովուրդ մը, իր երեք միլիոն հայաստանաբնակ եւ եօթը միլիոն արտերկրի հայութեամբ:
Ժամանակը՝ 21-րդ դարն է յամի Տեառն, բայց անյիշատակ դարերու անցեալ մը ունեցող բազմացեղ ու բազմազգ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, Հայն ալ ունի վաւերական աղբիւրներով հաստատուած եւ ամրագրուած իր Պատմագիրքը: Արդարեւ, աշխարհի մէջ բնութեան յարափոփոխ երեւոյթները խորաչափող ու արձանագրող մարդկային ուղեղը, Չափի, Կշիռի ու Սահմանի եռեակ բանաձեւումներով, ժամանակի ու միջոցի Անսկիզբ ու Անվախճան Անհունութեան տուած է իմաստ ու բովանդակութիւն, ու զայն հիմնած՝ ամէնօրեայ լոյսի ու խաւարի իրարայաջորդ երկարաժամեայ պահերու վրայ: Ասկէ ծնունդ առած են այժմ շատ սովորական թուող «օր-շաբաթ-ամիս-տարի» հերթական ու շարունակական ժամանակահատուածները:
Պէտք է արդար ըլլանք եւ միանշանակ կարենանք գնահատել Մարդկային միտքին արգասիքը եղող կրօնա-բարոյագիտական եւ խոհա-իմաստասիրական այն բազմաթիւ վարդապետոթիւնները, որոնք հոգեկան եւ իմացական իրենց ճառագայթումներով լուսաւորեցին հին դարերու մարդկային հաւաքական գիտակցութիւնը, իմաստաւորեցին զայն զգալու, խորհելու, մտածելու եւ արտայայտելու կարողականութեամբ:
Ներկայ մարդկութիւնը այսօր հպարտ է նորահնար բազմաիւ նուաճումներով՝ գիտութեան եւ արուեստի բոլոր ճիւղերու մէջ, որոնց արմատները կը հասնին մեզի մատչելի կամ ալ հին աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցած «քաղաքակրթութիւն»ները:
Հայութիւնը մէկ փոքրիկ մասնիկն է համաշխարհային այս իրականութեան:
Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն հիմքը «համամարդկային փոխադարձ սէրն ու յարգանքն է», որ ծնունդ կ’առնէ Մարդ արարածին այն գիտակից տրամաբանութենէն, որուն արմատները կը գտնենք սուրբգրային այս Լոյսին ու Ճշմարտութեան մէջ, որ կ’ուսուցանէ մեզի, թէ «Ի սկզբանէ էր ԲԱՆը» եւ ԲԱՆը Աստուածն է: Բան եւ Բանականութիւն, Տրամաբանութիւն եւ Հաւասարակշիռ դատողութիւն, Ողջախոհութիւն եւ Մարդկայնութիւն կու գան ամբողջացնելու Մարդ արարածին շնորհելու «Մարդ-էակ» բնորոշումը, որուն ներսիդին կը բնակի (պէտք է բնակի) եւ ամէն ամանորին՝ Նոր Մարդը, ու մեր պարագային՝ Նոր Հայ Մարդը:
Արդ, իբրեւ ամբողջական Հայ Մարդ, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, մենք «ՀԱՒԱՏԱՄՔ» անուն սար մը ունինք մեր ներաշխարհին մէջ: Կը հաւատանք մեր լինելութեան, որ խարիսխն է Հայ ժողովուրդի գոյերթին:
Մեր ժամանակակից պատմութեան պատմութեան վերջին150 տարիները հանդիսացան ճակատագրական երկար ժամանակաշրջան մը: Ժամանակի անիւը միայն յառաջընթաց կ’արձանագրէ: Ետդարձը բացառուած է: Պիտի քայլ պահենք նոր ժամանակներու հրամայական պահանջներուն զուգահեռ:
Եկէք ընդգծենք ու գլխագրենք ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ բառը, յատկապէս՝ անոր բարոյախօսական թէ քաղաքական ու դիւանագիտական իմաստաւորումներով:
Ամէն տարի, ամանորեան տօնական օրերուն, յուսադրիչ բարեմաղթանքներ կ’արտասանուին «բաժակաճառային» բովանդակութեամբ ու բառապաշարով: Այս Նոր տարին, քանի որ կը զուգադիպի Սարդարապատի համաժողովրդային եզակի եւ ինքնուրոյն յաղթական ճակատամարտի 100-ամեակին, զոր կը պարտինք յատենի Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց կաթողոկոսի եւ օրուան «Ղեւոնդ Երէց» Գարեգին Յովսէփեան եպիսկոպոսի հերոսական կեցուածքին, երբ Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդէն կը հրահանգուէր Ս. Էջմիածնի բանալիներու յանձնումը օրուան քաղաքական-ռազմական առաջնորդներուն ու այս հակադարձութեամբ՝ համահունչ ղօղանջեցին ամբողջ Հայաստանի եկեղեցիներու զանգերը, ազդարարելով «Ազատութիւն կամ մահ» եւ այսպէս, Հայ ժողովուրդն էր որ յաղթանակեց, ոչ թէ Աւարայրի «բարոյական յաղթանակ»ի կոչումովը, այլ՝ իսկական-ռազմական մեծագոյն յաջողութիւններով:
Այս յաղթանակին յաջորդեց հռչակումը Հայաստանի Ա. հանրապետութեան: Ունեցանք իրաւական սահմաններ, մեր պատմական հողատարածքին հազիւ 5 առ 100 հողատարածքին վրայ:
Առանց Ա. Հանրապետութեան մենք պիտի չունենայինք Բ. եւ անոր յաջորդող Գ. հանրապետութիւնները:
Այս է պատմութիւնը, 100-ամեայ կենսագրութիւնը հայ ժողովուրդի արեւելեան հայրենական հողին վրայ ծնած ու կենսագործած հայրենի պետականութեան:
Իբրեւ «Շարքային Հայ» անհատ, առանց կուսակցական-միութենական պիտակաւորումի, քաղաքական ողջախոհութեամբ եւ արիութեամբ մեր սեպուհ պարտականութիւնն էտէր կանգնիլ մեր ազգային արժէքներուն:
Որո՞նք են մեր ազգային արժէքները.
1.- Հայաստան եւ Արցախ, մեր քաջամարտիկներու արիւնով շահուած եւ պահուած մինչեւ օրս:
2.- Հայրենի ժողովուրդին կենսունակ եւ անվտանգ բնակութիւնը իր ՀՈՂին վրայ: 1991-ին խորհրդային կարգերը փուլ կու գային եւ իւրաքանչիւր հանրապետութիւն կը ստանար իրաւականօրէն իր անկախ ու ինքնիշխան իրաւակարգը, Բ. հանրապետութիւնը իր յաջորդներուն ժառանգ թողուց շուրջ 3.800.000 հայ ազգաբնակչութիւն: Դժբախտաբար, քառորդ դարու ընթացքին, սպիտակ արիւնահոսութիւն կոչուող արտագաղթը նօսրացուց նորանկախ Հայաստանի բնակչութեան շուրջ մէկ-երրորդ համեմատութիւնը:
Մինչդեռ, մեր կարգախօսը պէտք էր ըլլար «Մի լքեր հայրենի տուն: Գեղեցիկ մտածում է ըսել «Արի Տուն», որուն գործադրութիւնը կը պահանջէ գերլարումը մեր կարելիութիւններուն ու ֆինանսական հսկայ կարողութիւններու:
Յետ այսու, պիտի ըլլանք գործնապաշտ եւ առարկայական: Ազգակերտում-հայրենատիրութիւն եւ ոչ թէ պարզօրէն ըսուած «հայրենասիրութիւն»:
Հայաստանի մայրաքաղաքը իր գեղատեսիլ վայրերը կը մրցի աշխարհի որեւէնշանաւոր քաղաքներու հետ: Մեծագոյն վտանգը՝ Հայաստանի գիւղերուն անհոգատար վիճակն է:
Արեւաշող Հայաստանի արեգակնային հզօր ներոյժը մոռացութեան տրուած էր քառրդ դարէ ի վեր, եւ այժմ՝ նոր է որ կը մտածուի գործնականացնել զայն, մեր հայրենիքի ամբողջ տարածքին:
3.- Արեւմտահայերէն լեզուի եւ մշակոյթի, գրականութեան ու գեղարուեստի նկատմամբ որդեգրել պետական պաշտպանութիւն եւ հոգածութիւն:
Եթէ սովետահայ վարչակարգը բռնօրէն խեղաթիւրեց նախասովետական շրջանի արեւելահայ ուղղագրութիւնը, քառորդ դարէ ի վեր ՀՀ պետական եւ ակադեմական շրջանակները ո՞ր օրուան կը սպասեն, «Մէկ հայրենիք, մէկ ազգ եւ միաձեւ դասական ուղղագրութիւն» կարգավիճակին կանգնիլ:
***
Արդ, եկած է ժամանակը, թէեւ «ՈՒՇ ենք, բայց ոչ ուշացած», ու պահանջել մեր ժողովուրդին ուխտը մեր ՀԱՒԱՏԱՄՔ սարին.-
«* Անհպելի՛ ու պարտադի՛ր է՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՒԱՏԱՄՔով ներկայանալ Միջազգային Դատական Ատեանին, յանո՛ւն մեր Համազգային պահանջատիրութեան:
* Անհրաժեշտ է վերակազմակերպել Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մտաւորական ու քաղաքական յանձնառութեան տէր Մարդոյժը:
* Արցախի իրողական Անկախ Կարգավիճակը օժտել իրաւական հիմունքներով:
* Վերջ տալ անհատական թէ հատուածական համակրանքներու եւ հակակրանքներու պատճառած երկփեղկումներուն ու բարձր պահել համահայկականութեան մեր արժանապատուութիւնը: Եւ այս՝ թէ՛ ի հոգեւորս եւ թէ՛ աշխարհականօրէն:
Եթէ Մենատիրութիւն մը անհրաժեշտ է, այդ մէկը թող որ ըլլայ բարոյագիտական ու համահայկական մեր սկզբունքներու հիման վրայ: Հաւատքն ու Յոյսը կ’առաջնորդեն մեզ: Ամանորի սեմին, կը հաւատանք… թէ յոյսի եւ լոյսի ճառագայթումներ՝ համայն աշխարհի մարդկութեան կը բերեն նորանոր խոստումներ, կու տան աւետիսը կարելի իրագործումներու եւ այս ակնկալութիւններով ահաւասիկ, մենք կը թեւակոխենք նոր տարեշրջան մը եւս: Մարդկութիւնը յուզող առաջին հիմնահարցը՝ անհատաբար թէ հաւաքաբար, իր կեանքին բարօրութիւնն է. ըմբոշխնո՛ւմը աշխարհի բարիքներուն, ծնո՛ւնդը գեղեցիկ ու վսեմ մտածումներու եւ իտէալներու եւ իրականացումը իր անաւարտ իղձերուն:
Ահա թէ ինչու՝ Տարեվերջն ու Ամանորը կը համարենք նախաշաւիղ՝ պատասխանատուութիւններու գիտակցութեան, եւ գերլարումին՝ մեր հոգեկան կորովին ու կարելիութիւններուն:
Այս մտածումներով կը փակենք Ամանորեան մեր խոհերը, որպէսզի կարենանք պայծառ ու յստակ դարձնել կեանքի մէջ այն միակ ճշմարտութիւնը, որ պիտի արձանագրուի էջ առ էջ իբրեւ Պատմութիւն Հայոց: (Տե՛ս մեր յօդուածը «Զարթօնք», 30 Դեկտեմբեր 2012):
Պէյրութ, 24 Դեկտեմբեր 2017