Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները – Մուշեղ Արք. Սերոբեան (1869 Նիկոմեդիա – 1951 Կիպրոս)

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պոլսոյ մէջ 1922-ին կայացած Ա. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը ատենապետ ընտրեց խիզախ յեղափոխական գործիչ ու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրեալ առաջնորդ Մուշեղ Սերոբեանը։

Աւազանի անունով Արտաշէս Սերոբեանը ծնած է 1869-ին, Նիկոմեդիոյ (Իզմիդ) Սալանպեկ գիւղը իր ծնողաց համեստ յարկին տակ։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք պատանին իրեն հասակակիցներուն հետ յանդգնութեամբ կը յարի հայդուկային շարժումներու, մանաւանդ նորակազմ Հնչակեան կուսակցութեան։

Ազգային իր հետաքրքրութիւնը՝ ծառայելու իր ժողովուրդին, Արտաշէսի համար կը դառնայ Արմաշի նորաբաց դպրեվանքը, ուր ան կը յաճախէ 1889-ին։ Պէտք է ըսել, որ Արմաշի վանքը հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան դարբնոց մը դարձաւ Մեծ Եղեռնէն առաջ հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած գործիչներու։

Սերոբեան Արմաշի դպրեվանքէն ներս պիտի աշակերտէր Օրմանեանի, որուն յանձնուած էր տեսչութեան պարտականութիւնը, Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելէ առաջ՝ 1896-ին։

Օրմանեան պատրիարքութեան պաշտօնը ստանձնելէ ետք, առաջին հերթին, իր շրջանաւարտ դարձած աշակերտները կը սկսի զանազան պաշտօններու կոչել՝ զանոնք մարզելով վարչական ծրագիրներու համար։

Սերոբեան, նախ դարձած էր սարկաւագ 1892-ին, իսկ 1895-ին ալ վարդապետ ձեռնադրուած՝ ստանալով Մուշեղ եկեղեցական անունը։

Պէտք է ըսել, որ Սերոբեան եղաւ Արմաշի դպրեվանքի առաջին ընթացաւարտներէն։

Կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուելէն ետք Օրմանեան յարմար կը տեսնէ Սերոբեան վարդապետը ուղարկել Զմիւռնիա՝ որպէս օգնականը տեղւոյն առաջնորդին։ Թեմական այս պաշտօնին վրայ երկու տարի ծառայելէ ետք յախուռն ու ըմբոստ հոգեւորականին համար Պոլսոյ պատրիարքական խառն ժողովը յարմար կը տեսնէ զինք ուղարկել Արաբկիր, ուր աւերուած համայնք մը գոյութիւն ունէր շուրջ 10,000 հայ բնակիչներով։ Օրմանեան Պատրիարքէն ստանալէ ետք ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը, կը մեկնի Արաբկիր 1897 Սեպտեմբերին՝ որպէս առաջնորդական տեղապահ։

 

Արաբկիրի եւ Ատանայի մէջ

Արաբկիրի հայոց ազգային-հասարակական կեանքէն հեռու պիտի չմնար հայր սուրբը, ու Արաբկիրի մէջ վերակազմեալ հնչակեաններուն նորակազմ մասնաճիւղը զինք կը մղէ, որ մաս կազմէ անոր՝ պահելով իր եկեղեցականի հանգամանքը։ Կարճ ժամանակի ընթացքին Արաբկիրի հայութեան կողմէ կը դառնայ փնտռուած եկեղեցականը, որ կրցաւ տեղւոյն համայնքին կազմակերպչական կառոյցները վերահաստատել, մանաւանդ իր անմիջական մասնակցութեամբ տեղական կրթական ծրագիրներու ուղղութեամբ։

Ժամանակ մը ետք պիտի դառնար առաջնորդը Արաբկիրի հայութեան ու պիտի ծառայէր շուրջ վեց տարիներ։ Որպէս մտաւորական՝ իր առաջնորդական տարիներուն Սերոբեան պատրաստած է ուսումնասիրութեանց շարք մը «Երգը իբր հոգեկան պէտք» խորագրով։ Երախտաւոր Սերոբեան՝ որպէս հոգեւոր առաջնորդ, դարձած էր տիրական դէմք մը իր յեղափոխաշունչ քարոզներով: Ան իր յանդուգն արտայայտութիւններով սկսած էր դառնալ կասկածելի թուրք կառավարութեան համար, ու այդ պատճառով ալ Օրմանեան Պատրիարքը զինք կը կանչէ Պոլիս՝ շրջանի ծուխերու որպէս քարոզիչ։ Բայց իր կուտակած ժողովրդականութիւնը դրդապատճառ կը հանդիսանայ, որ Կիլիկիոյ կարեւոր համայնք նկատուող Ատանա քաղաքի գաւառական ժողովը զինք ընտրէ առաջնորդ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի համաձայնութեամբ եւ Օսմանեան կայսրութեան Արտաքին գործերու նախարար Գաբրիէլ Նորատունեանի միջամտութեամբ Սերոբեան կը դառնայ առաջնորդը Ատանայի թեմին։

Ատանայի կուսակալ ծագումով քիւրտ Պահրի փաշան կը դառնայ պաշտպանը հայր սուրբին ու հեռու կը պահէ զինք պետական հալածանքներէ։ Ատանա քաղաքը շուրջ 30,000 հաշուող իր հայ ազգաբնակչութեամբ կը վայելէ Սերոբեանի զարկ տուած մշակութային եռուզեռը, ինչպէս նաեւ անոր օրով հայկական վարժարաններու համար նոր ծրագիր կը մշակուի, որ պիտի ընդգրկէր գիշերօթիկ վարժարան մը։ Սերոբեան եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի 1906 Հոկտեմբերին Սիսի մէջ, ձեռամբ Խապայեան Կաթողիկոսին ու կը վերադառնայ Ատանա։

 

Եգիպտոսի եւ Կիպրոսի մէջ

1908-ի Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատման հռչակագրի ոգեւորումը նաեւ կը կարծուէր, որ նպաստաւոր պիտի դառնայ Կիլիկիոյ ազգաբնակչութեան համար։ Սերոբեան եպիսկոպոսը կը մեկնի Եգիպտոս հանգանակութիւն կատարելու Ատանայի վարժարաններու բարենորոգման ծրագրին համար։ Եգիպտահայ հաստատուած ու բարօր գաղութէն ներս արդէն Պօղոս Նուպար Փաշայի նախագահութեամբ՝ կեանքի կոչուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը։ Սերոբեան Սրբազան զանազան հանդիպումներ կ’ունենայ Բարեգործականի օրուան Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հոն գործող Վերակազմեալ հնչակեան ընկերներու հետ, մանաւանդ Բարեգործականի այդ օրերու ատենադպիր Վահան Մալէզեանի հետ։ Բայց Սերոբեան լուրը պիտի ստանար Մարտ 31-ին սկսած Ատանայի կոտորածին, ու իր առաքելութիւնը չաւարտած կը փութայ՝ հասնելու իր թեմին։

Ճամբորդական նաւով պիտի հասնէր նախ Մերսին, ուր իրեն կ’արգիլուի մուտք գործել Կիլիկիա, թելադրութեամբ հոն գտնուող անգլիացի հիւպատոսին։ Նոյն նաւով կը վերադառնայ Եգիպտոս, որովհետեւ Ատանայի կոտորածը իրագործող բորենիներու զինուորական ատեանը զինք դատապարտած էր մահուան։

Սերոբեան այլեւս համոզուած էր, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին դժուար պիտի ըլլար իրեն համար՝ որպէս հոգեւորական, պաշտօնը շարունակել։ Կ’որոշէ մեկնիլ Կիպրոս ու եգիպտահայ կարգ մը բարերարներու օժանդակութեամբ Լառնաքայի մէջ կը հիմնէ դպրոց մը, որ պիտի կոչուէր «Մուշեղեան Ազգային վարժարան»։ Յետագային այս վարժարանն էր որ պիտի վերանուանուէր «Նարեկ», որ ցարդ իբրեւ կրթական օճախ կը գործէ Լառնաքայի մէջ։

 

Անգլիա եւ ապա Միացեալ Նահանգներ

Տարի մը Լառնաքա մնալէ ու վարժարանի կրթական գործերը կարգի դնելէ ետք կ’անցնի Անգլիա ու Մանչեսթըրի մէջ կը ծանօթանայ հայ գործարարներու, որոնք կը քաջալերեն զինք մեկնելու Ամերիկա եւ սկսելու իրենց աջակցութեամբ հրատարակչական գործունէութիւն։

Ֆրեզնոյի մէջ Սերոբեան կը հիմնէ տպարան մը ու նորակազմ գաղութին համար կը դառնայ ծխական հովիւ։

Վերակազմեալներու եւ Արմենականներու միացումով կազմուած Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ ունեցաւ իր պաշտօնաթերթը՝ «Արօր»։ Սրբազանը նաեւ հոս ալ իր գաղափարական հակումներով անմասն չմնաց՝ որպէս յօդուածագիր, մնայուն կերպով աշխատակցելով պաշտօնաթերթին։ Բարեգործականի համար Եգիպտոսէն իրեն թելադրուած էր, որ Արեւմտեան Ամերիկայի նորաստեղծ գաղութներէն ներս աշխատանք տանի մասնաճիւղեր կազմելու։ Ֆրեզնոյի մէջ հիմը կը դնէ Միացեալ Նահանգներու առաջին մասնաճիւղին 1910-ին, իսկ տարի մը ետք՝ 1911-ին ալ Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կազմուէր Բարեգործականի մասնաճիւղ մը, առաւելաբար Խարբերդէն ժամանած երիտասարդներով։ Եդեմը կեդրոնական Քալիֆորնիոյ ծանօթ հայ աւանն էր, ուր 1911 Յուլիսին Մուշեղ Սրբազան՝ որպէս Ամերիկայի թեմի առաջնորդական տեղապահ, կը կատարէ հիմնարկէքը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Իսկ տարի մը ետք եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կը բացուի դպրոց մը, ինչպէս նաեւ կիրակնօրեայ վարժարան։ Մուշեղ Սրբազանի ջանքերով կեդրոնական Քալիֆորնիոյ ծխական մարմինները կը կազմաւորուին ու յետագային 1927-ին Արեւմտեան Ամերիկան կը դառնայ առանձին թեմ ենթակայ Մայր Աթոռին։

Սրբազանը այս անգամ Բարեգործականի կողմէ վստահուած առաքելութեամբ կը մեկնի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ ու Նիւ Եորքի, ինչպէս նաեւ Նիւ Ճըրզիի մէջ կը կազմէ Բարեգործականի մասնաճիւղեր։ 1913-ին Եգիպտոսի մէջ կը կազմուի Ազգային պաշտպանութեան կոմիտէն, ու իրմէ կը խնդրուի վերադառնալ։ Սերոբեան կը փակէ իր տպարանը ու նախ կը մեկնի Եւրոպա, ապա Ռուսիա՝ նպաստելու կովկասահայոց ծրագրին։

 

Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ

Ազգային պատուիրակութիւնը զինք կը հրաւիրէ Ֆրանսա 1917-ին, ուր Պօղոս Նուպար Փաշա որոշած էր զինք ուղարկել Իրաք՝ օժանդակելու որբահաւաքի ծրագիրներուն եւ դառնալու Պաղտատի առաջնորդ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանագրով կը դառնայ արքեպիսկոպոս ու կը ստանձնէ Պաղտատի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը 1918-ի Մարտին։

Տարի մը ետք, երբ գացած էր Ատանա որբախնամի առաքելութեամբ, վերադարձին կ’արգիլուի իր մուտքը Իրաք անգլիական իշխանութիւններուն կողմէ։ Սրբազանը կը վերադառնայ Կիլիկիա ու կը դառնայ Խապայեան Կաթողիկոսի աջակիցը՝ դարձեալ ստանձնելով Ատանայի թեմակալ առաջնորդութիւնը։

1920-ի Յունուարին կը գումարուէր ազգային համագումարի լիակատար նիստը, ուր Սերոբեան կը ներկայանայ ու կը ներկայացնէ իր պատրաստած տեղեկագրով Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։ Իրեն կը վստահուի Պոլսոյ մէջ կատարել ընդհանուր հանգանակութիւն մը՝ ապահովելու նիւթականը, որպէսզի կարելի ըլլայ գնել պատշաճ զինամթերք Կիլիկիոյ համար։ Նախ կը մեկնի Իզմիր ու կը հանդիպի Զօրավար Անդրանիկին, որ եկած էր Կիլիկիա անցնելու համար ու կազմակերպելու ինքնապաշտպանութիւնը հայ կամաւորներով։

Անդրանիկի հետ խորհրդակցելէ ետք Սերոբեան կ’անցնի Յունաստան ու նիւթական ներդրումով ձեռք կը ձգէ 5,000 հրացան եւ 2 միլիոն փամփուշտ ու գաղտնաբար առեւտրական շոգենաւով կ’ուղարկուի Կիլիկիոյ ծովեզերեայ քաղաք Մերսին։ Բայց դժբախտաբար շոգենաւը պիտի հասնէր 10 Օգոստոս 1920-ին՝ հինգ օր ետք Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութենէն, ու կը գրաւուի ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ, որոնք իբրեւ բարեկամ ու վստահելի կարծուած, արդէն Իզմիրէն արգիլած էին Զօր. Անդրանիկի եւ Սերոբեան Սրբազանի մուտքը Կիլիկիա։

Սերոբեան կը վերադառնայ Եգիպտոս ու որոշ ժամանակ մը կը զբաղի Մելգոնեանի կտակով, որ այդ օրերուն առաւելաբար պիտի նպաստէր որբահաւաքի գործին։ Իր՝ Իրաք մուտքը արգիլուելէն ետք այդ ծրագիրը վստահուած էր Ռամկավար Ռուբէն Հերեանին, զոր իրագործեց՝ բազմահարիւր որբեր տեղափոխելով Ամերիկա։

Որպէս եկեղեցական՝ այլեւս Սերոբեան թեմակալ պաշտօն ստանձնելով չէր զբաղած, այլ ամէն ջանք կ’ընէր ցիրուցան հայութեան համար կրթական օճախներ հիմնել ու մանաւանդ զարկ տալ Բարեգործականի մասնաճիւղերու կազմութեան։

 

Դարձեալ Եգիպտոս եւ Կիպրոս

Եգիպտոսի մէջ կազմաւորուած իր կեդրոնով ու «Արեւ» օրաթերթով Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը դարձած էր եգիպտահայութեան ազգային-հասարակական կեանքի կարեւոր յենարանը։ Մուշեղեան մօտէն կը գործակցէր կուսակցութեան այդ օրերու ղեկավարութեան հետ՝ Թէքէեանի ու Տամատեանի հետ ընդհանրապէս ու մանաւանդ Արշակ Ալպօյաճեանի հետ։ Յաճախ կը մեկնէր Պոլիս եւ Իզմիր՝ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք ազգային կարեւոր ծրագիրներ իրագործելու համար։ 1921 Հոկտեմբեր 1-ին Պոլսոյ մէջ կը կազմուէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ու բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանը կը դառնար Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը։ Սերոբեան այլեւս իր ազգային նուիրումը կեդրոնացուցած էր Ռամկավար Կուսակցութեան շրջանակներու կազմաւորման մէջ։

1922 Յուլիսին կը դառնայ կարգաթող ու կ’որոշէ ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել։ Իսկ նոյն տարուան աւարտէն առաջ Պոլսոյ մէջ գումարուած ՌԱԿ Ա. Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցի որպէս պատգամաւոր՝ ներկայացնելով Եգիպտոսի շրջանակը։

Երախտաւոր Մուշեղ Սերոբեան Եգիպտոսի մէջ կը շարունակէ Մելգոնեան եղբայրներու կտակի իրականացումը ու իր ջանքերով կ’իրականանայ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան շինութեան գործը Կիպրոսի մէջ, որ իր դռները բացաւ 1926-ին։

1924-ին Բարեգործականի Կեդրոնական վարչական ժողովը զինք կը հռչակէ «պատուոյ անդամ», իսկ 1925-ին Պօղոս Նուպարի որոշումով իր ազգային նուիրեալ ծառայութիւնն ալ կը գնահատուի նիւթական յատկացումով։

 

Գրական գործեր

Սերոբեան իր կազմած բոյնով պիտի երթար վերջնականապէս հաստատուելու Պէյրութ, ուր կը նուիրուի գրական աշխատանքի՝ նոյն ժամանակ աշխատակցելով ռամկավար մամուլին։ Իր գրական առաջին աշխատանքը՝ որպէս հատոր, կը դառնայ 1901-ին Պոլիս հրատարակուած «Պատկերներ» աշխատասիրութիւնը։

Սերոբեանի գրիչէն լոյս տեսած են 35 հատորներ։ Անոր վերջին եւ ամէնէն որակաւոր գործը կը դառնայ «Մեր պայքարը հայ ազատագրական ուղիով» հատորը (Գահիրէ, 1948)։

Ունի նաեւ մենագրութեան շարք մը «Յեղափոխական տիպարներ» խորագրով։

Կեանքին վերջին տարիները ան ապրեցաւ Լառնաքայի մէջ՝ կնոջմէ բաժնուած ու իր երկու մանչ զաւակները կանուխէն հողին յանձնած։

Յառաջացած տարիքին, շինարար եկեղեցականը, աննկուն յեղափոխականը ու նուիրեալ հասարակական գործիչը իր աչքերը փակեց 1951 Հոկտեմբերին, 82 տարեկան հասակին։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին