Հայագիտութիւնը այսօր մի քանի տագնապներ ունի: Նախ հայագիտութիւնը պէտք է այժմէականանայ, այն իմաստով, որ նիւթերը պէտք է այսօրուան խնդիրներուն հետ առնչուին: Այդ մասին «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»-ի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Իր խօսքերով՝ հայագիտութիւնը դասական բանասիրութիւն չէ, ոչ ալ դասական պատմագրութիւն. «Այսօր խնդիրներ կան, որոնք կ’առնչուին ժողովրդագրութեան, ինքնութեան, տնտեսութեան, գիտութեան տարբեր ոլորտներուն ու մակարդակներուն, դպրոցական ցանցերուն, վարչակառավարման: Այս բոլորը այժմէական նիւթեր են, եւ ինծի կը թուի, թէ հայ քաղաքացին այս նիւթերով աւելի շատ կը հետաքրքրուի»,- ըսաւ Դոկտ. Տագէսեան:
Երկրորդ խնդիրը, ըստ իրեն, կը վերաբերի հայագիտական յօդուածներու բնոյթին ու նպատակին։ «Ընդհանրապէս հայագիտական յօդուածներու 80 տոկոսէն աւելին տեղեկատուական եւ փաստագրական նիւթեր են: Ըսենք՝ Պէյրութ 1924-ին այսինչ թերթը լոյս տեսած է եւ այսպիսի բովանդակութիւն ունեցած է: Կը կարծեմ, որ պէտք է անկէ առաջ անցնիլ: Պէտք է նշենք, թէ այդ թերթը, որ 1924-ին Պէյրութ լոյս տեսած է, ինչո՛ւ լոյս տեսած է, ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէր: Բացի անկէ, այդ բոլորէն պէտք է տեսական հետեւութիւններ ընել: Օրինակ՝ ըսել, որ ա՛յս պայմաններուն մէջ այսպիսի թերթեր լոյս կը տեսնեն: Հետեւաբար, տեսական բաժինը շատ կարեւոր է»:
Զրոյցին ամբողջութեան տեսերիզը կարելի է տեսել «Առաջին լրատուական»-ի հետեւեալ կապին վրայ՝ www.1in.am/2263539.html