Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ոսկեայ Տարեդարձը Մեսրոպեանի Ոսկետառերը Լուսարձակող՝ Հայ Ամէնօրեայ Վարժարան`-Ս.Ն.Ա.Վ.-ին

Բնագիրը Անգլերէն գրեց՝ ԹԱԼԻՆ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայացուց՝ ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանը-ՍՆԱՎ- իր ոսկեայ յոբելեանը նշեց՝ արուեստի նմոյշներէն քաղուած ծաղկեփունջ մը հրամցնելով սրահը լեցնող հայ դպրոցի ջատագով հանդիսատեսին:

Կիրակի, 2017 Դեկտեմբեր 3-ի յետմիջօրէին Բօրթ Ուաշինկթըն շրջանի Լէնտմարք սրահի բեմէն տողանցեցին հայ արուեստի տարբեր ժանրերու նմոյշներ՝ լուսարձակի տակ առնելով ՍՆԱՎ-ի տաղանդաւոր շրջանաւարտներն ու հիւրաբար ելոյթ ունեցողները:

Զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ դպրոցը քաջալերող կամաւորներ ու բարերարներ միացան վարժարանի ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտներուն նախկին եւ ներկայ ծնողներուն վարժարանին յիսուն տարիներու մատուցած բացառիկ ու գերազանց ծառայութիւնը պանծացնող այս մշակոյթի տօնակատարութեան:

            Արուեստի այս ծաղկեփունջը իր մէջ ներառած էր աշակերտներու տողանցքը դէպի բեմ, երգ, ջութակի եւ դաշնակի ելոյթներ, ինչպէս նաեւ՝ Պոսթոնէն ժամանած Սայաթ Նովա Պարախումբին հրամցուցած պարերու շարքը:

            Երաժշտական այս ելոյթը իր մէջ կ’ընդգրկէր հայ դասականներէն՝ Կոմիտասէն Արամ Խաչատուրեան, եւրոպական դասականներէն՝ Ռախմանինով, Պախ, Փիազօլաէն մինչեւ ժամանակակից Նունէ Եսայեան- Լիլուէն բաժիններ:

Օրուան յայտագիրը իրենց ելոյթներով հարստացուցին համայնքէն բոլորիս ծանօթ արուեստագէտներ՝ Սեդա Գարագաշեան, Արմինսթրինկ ջութակահարներու խումբը Տիկ. Տիանա Վասիլեանին ղեկավարութեամբ, վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Անի Ճըրճըրեան (2006), Տէպօրահ Ակոբեան (2010), Յուշեր (1987), Արմինսթրինկի խումբէն չորս շրջանաւարտներ՝ Նիգոլ Մառք (2012), Ծովինար Աղաւեան (2011), Արփի Պախշեան եւ Արէն Առաքելեան (2014), դաշնակի ընկերակցութամբ՝ վարժարանի դաշնակարուհի Տիկ. Նուարդ Տատուրեան:

«ՍՆԱՎ իր գոյութիւնը եւ այս ոսկեայ յոբելեանը կը պարտի տեսիլք ունեցող բոլոր հիմնադիրներուն, բարերարներուն եւ ձեզի պէս քաջալերող հայորդիներուն, որոնք իրենց աննկուն կամքով եւ սիրով սպառազինուած դիմակալեցին հայ դպրոցի գոյութեան հանդէպ եղած անցեալի բոլոր կասկածները եւ կը շարունակեն առաքելութիւնը  ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն՝ կանգուն պահելով այս միակ ամէնօրեանՍ.Ն.Ա.Վ.-ը» ըսաւ վարժարանի վաստակաշատ, պատուակալ տնօրէնուհի եւ հանդիսութեան համա-ատենապետուի Տիկին Զարմինէ Պօղոսեան: 

Նորանշանակ տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Դաւիթեան-Մկրեանը՝ վարժարանի սաներէն, 1989-ի շրջանաւարտ, մեծ հպարտութեամբ յայտարարեց. «Ի՜նչ պատիւ է ինծի համար այս տունդարձը, Նիւ Եորքեան այս ադամանդեայ կրթական հաստատութիւնը կեանքիս ամէնէն ամուր հիմնաքարն է եւ ուղեցոյցը առաջին օրէն իսկ: Իմ սիրասուն վարժարանիս՝ որպէս Տնօրէնուհի, ծառայելը ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, ինծի փոխանցուածը կարենալ տարածելու, ա՛յն բոլորը ինչ որ կեանքիս ընթացքին սրտիս ամենամօտիկ մէկ մասնիկն էր»:   

1967-ին ծնունդ առած Նիւ Եորք քաղաքի առաջին ամէնօրեայ այս վարժարանը միակ նախակրթարանն է ամբողջ ՄԵԾՆ Նիւ Եորքի մէջ: Անցնող հինգ տասնամեակներու ընթացքին ՍՆԱՎ Հայ համայնքէն ներս իր բացառիկ ներդրումը ունեցած է Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանին մէջ: Իր դռները բաց պահելով՝ յաջողած է հայ մանուկներուն Հայեցի դաստիարակութեան զուգընթաց բարձր եւ որակաւոր ամերիկեան ուսումնական ծրագիրը գործադրել: Լեզուի, պատմութեան եւ ազգային հիմնական աւանդութիւններու փոխանցման կողքին, աշակերտներուն հոգիներէն ներս կրցած է ներմուծել ազգային գիտակցութիւն եւ մարդկային տարրական առաքինութիւններ: ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտները միշտ ալ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած են թէ՛ ազգային կեանքէն ներս եւ թէ՛ ամերիկեան կեանքի մէջ իրենց հետեւած ասպարէզներուն մէջ:

«Իւրաքանչիւր օր մեր նպատակն է զօրացնել եւ պահպանել մեր լեզուն եւ մշակոյթը» – աւելցուց Տիկ. Սեդան՝ յատկապէս յիշելով, թէ ՍՆԱՎ-ի աշակերտներն ու շրջանաւարտները գործօն մասնակցութիւն կը բերեն հայց. եկեղեցիէն եւ ազգային կեանքէն ներս: ՍՆԱՎ-ի առաքելութիւնն է յաջորդ սերունդին մէջ հայ լեզուն, ոգին եւ աւանդութիւնները վառ պահել:

Այն զօրաւոր կապը, որ բոյն դրած է ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտներուն հոգիներէն ներս, լաւագոյնս դրսեւորուեցաւ Անի Ճըրճըրեանը, որ արդէն իսկ իր արուեստով ճանչցուած է որպէս երգչուհի եւ դերասանուհի՝ ըսելով, թէ «բեմին վրայ վարժարանիս համար այս ելոյթը սիրտ ջերմացնող երազային երեւոյթ մըն էր»: Ես անսահմանօրէն երախտապարտ եմ ՍՆԱՎին, որ իմ եւ ընկերներուս մէջ կրցաւ արմատացնել սէրը դէպի մեր լեզուն, մշակոյթը եւ հպարտութիւնը մեր ազգին հանդէպ, ինչպէս նաեւ ծառայելու մեր ազգային կեանքէն ներս՝ մեզ միշտ յիշեցնելով մեր ժողովուրդի աննկուն կամքը»- ըսաւ Անին եւ աւելցուց. «Կը մաղթեմ, որ մեր յաջորդ սերունդն ալ նոյնքան բախտաւոր եւ հպարտ զգայ՝ վայելելով միեւնոյն առիթները այս վարժարանէն ներս»:

Անցնող տասնամեակներուն, ՍՆԱՎ միշտ ալ այն տաքուկ գիրկն է եւ երկրորդ տունը իր բոլոր աշակերտներուն համար շնորհիւ նուիրեալ ուսուցչական կազմի երկար ցանկի մը, պարտաճանաչ վարիչ քարտուղարուհիներուն՝ Պէաթրիս Գասապեան, Սանտրա Միսքճեան եւ անցնող վերջին տասնամեակին՝ Մարօ Ժամկոչեանին:

           Վարչական եւ կրթական անուրանալի բարեմասնութիւններով օժտուած անսակարկ նուիրումով վարժարանը բարձր մակարդակի վրայ պահպանող  տնօրէնուհիներ եղած են Տիկ. Սառա Անուշեան-Տատուրեանը, Մէյ Պետրոսեան-Գազանճեանը, Սօֆի Քէրպէքեանը եւ Զարմինէ Գալայճեան-Պօղոսեանը, որ մեծ հպարտութեամբ եւ վստահութեամբ ՍՆԱՎ-ի ջահը փոխանցած է իր աշակերտուհիներէն՝ 1989-ի շրջանաւարտ Սեդա Դաւիթեան- Մկրեանին: Տիկ. Սեդան անքակտելիօրէն կապուած է վարժարանին եւ հաւատարմօրէն կը ծառայէ ՍՆԱՎ- ին՝ իր հետ ունենալով մէկ այլ նուիրեալ անձնաւորութիւն 1988-ի շրջանաւարտ Նաթալի Կապրէլեանը, որ տնօրէնն է ՀԲԸՄ-ի կրթական բաժնին:  

             «Անցնող Յիսուն տարիներու ընթացքին ՍՆԱՎ տաքուկ թեւերով գրկաբաց կը դիմաւորէ մեր համայնքի յաջորդող սերունդները»,- յայտարարեց օրուան ձեռնարկին հեզասահ ընթացք տուող հանդիսավար եւ համա-ատենապետուհին (Տիկ. Սեդային եւ Տիկ. Զարմինէին հետ գործակցաբար) եւ շարունակեց. «Այս դպրոցին շատ բան կը պարտիմ եւ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու լաւագոյն միջոցը ճիգ չխնայել է, որպէսզի մեզի յանձնուած ժառանգը գոյատեւէ եւ այս սքանչելի վարժարանին մատուցած ծառայութիւնը պահպանելով՝ հասնի գալիք սերունդներուն»:

            Սայաթ Նովա պարախումբի ղեկավար Աբօ Աշճեան ըսաւ, որ պարախումբը պատուուած կը զգայ՝ նման պատմական հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերելով: Պարախումբը, իր կարգին, վերջերս նշեց իր գոյութեան երեսնամեակը: Անոնք իրենց մերթ հեզաճկուն եւ մերթ աշխոյժ պարերով հիացուցին հանդիսատեսը: «Մենք կը զգանք եւ կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ գնով կարելի է պահպանել մշակոյթը եւ որքան կարեւոր է  լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը: Որքան որ ալ մեր այսօրուան աշխատանքը ճամբայ կը հարթէ գալիք սերունդներուն համար, նոյնքան եւ կարեւոր է, որ մեր մշակոյթով աշխարհին կարենանք հասկցնել մեր ազգին ինչ ըլլալը»:

            Յիսուն տարիէ ՍՆԱՎ յաջողած է մօտաւորապէս 300 շրջանաւարտներու ցանց մը ստեղծել, որոնք կապուած են իրենց արմատներուն, միաժամանակ յաջողած անհատներ են մեծ ընկերութիւններու, կրթական թէ արուեստի համացանցէն ներս իրենց ընտրած պաշտօններով:

            Տիկին Պօղոսեան արդար հպարտութեամբ նշեց, որ իր ուսանողներուն յաջողութիւնները միշտ ալ կու գան «փայլեցնելու եւ բարձր պահելու մեր վարժարանինՍՆԱՎին համբաւը»: Ինծի համար հպարտութիւն է եւ պատիւ, որ այս սերունդին ուսումնական կեանքէն ներս ներդրում մը կրցայ ունենալ: Ի՜նչ հաճելի է դիտել զիրենք, երբ տարուէտարի կը փոխուին, կը հասուննան, երբ երեք տարեկան մանուկէն կը դառնայ փայլուն շրջանաւարտը վեցերորդ դասարանի եւ, ինչու չէ, ապագայի յաջողած մէկ անդամը մեր ժողովուրդին: Աւելի եւս երջանիկ կը զգամ, երբ անոնք կը վերադառնան եւ կ’այցելեն իրենց երկրորդ տունը ուրախ լուրերով»:

 

 Նիւ Եորք

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին