Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Կաթողիկոս Գարեգին Յովսէփեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Միջոցառումներ Իր Ծննդավայրին Մէջ՝ Արցախ

Լրացաւ հայագէտ, մանկավարժ, դոկտոր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Յովսէփեանի 150-ամեակը: Քիչերը գիտեն, որ ան ծնունդով Արցախի Մաղավուզ գիւղէն է: Ազգային մեծ գործիչի յոբելեանական տարեդարձին նուիրուած միջոցառումները սկիզբ առին Դեկտեմբեր 17-ին: Մեկնարկը տրուած է ուխտագնացութեամբ՝ դէպի Գանձասարի վանք ու Մաղավուզ: Յոբելեանական միջոցառումներուն մասնակցած են նաեւ Մայր Աթոռի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները:

Գանձասարի Սուրբ Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ պատարագը մատուցուեցաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգը: Դեկտեմբեր 17-ին  լրացաւ մեծ հայրենասէրի ծննդեան 150-ամեակը: Հոգեհանգստեան կարգը աւարտելէ ետք Արցախի հոգեւոր առաջնորդը վերյիշած եւ ներկաներուն ալ յիշել տուած է մեծ հայու արժանայիշատակ գործերը: «Սարդարապատի ճակատամարտի շեփորն էր ինք», Արցախի Թեմի Առաջնորդը այսպէս կը բնութագրէ Գարեգին Յովսէփեանին: 1918 թուականին այդ հերոսամարտի կազմակերպիչներէն եւ աշխոյժ մասնակիցներէն էր, որ մահապարտներու գունդի  հրամանատար Պօղոս Բէկ-Փիրումեանի հետ զինուորներուն առաջնորդած է դէպի մահ իմացեալ: Ցուցաբերած քաջութեան համար պարգեւատրուած է «Գէորգիեւեան» խաչ շքանշանով, կը պատմէ Արցախի պետական պատմա-երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեանը:

Գարեգին Յովսէփեանի 150-ամեակի կապակցութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի Գանձասար մասնաճիւղը նոյնպէս աշխատանքներ տարած է. Յոբելեանական ցուցահանդէսին ներկայացուած են ձեռագիր մատեաններ,  զորս ժամանակին փրկած է Գարեգին Յովսէփեանը, կը մանրամասնէ մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Թամարա Մինասեանը: Մայիսեան հերոսամարտի մասնակցութիւնը Գարեգին Յովսէփեանի կենսագրութեան միակ պայծառ կէտը չէ. այդպիսիք շատ են: 1915 թուականին Գարեգին Յովսէփեանը ձեռնամուխ եղած է Մեծ եղեռնի հետեւանքով Վասպուրականէն Էջմիածին գաղթած հայերուն լայնածաւալ օգնութեան գործին: Իսկ 2-րդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն նպաստած է «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլի շարասիւնին համար նիւթական միջոցներու հանգանակութեան, սփիւռքահայութեան մայր հայրենիքի շուրջ համախմբելու եւ հայրենադարձութեան կազմակերպման աշխատանքներուն:

Մեծ հայորդիի յիշատակին նուիրուած ուխտագնացութեան մասնակիցները եղած են նաեւ Գարեգին Յովսէփեանի ծննդավայրին մէջ՝ Մարտակերտի շրջանի Մաղավուզ գիւղը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, հայագէտ, ձեռագրագէտ, մատենագէտ, պատմաբան, բանասէր, մշակութաբան, մանկավարժ, փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր` Գարեգին Յովսէփեանի ծննդավայրին մէջ կը վերանորոգուի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հետամուտ կ’ըլլայ նաեւ «Դերունց տուն» կոչուող շինութեան բարեկարգման: Դեր՝ արցախի բարբառով հոգեւորական կը նշանակէ: Գաղափարը նախարար Սերկէյ Շահուերդեանի մտայղացումն է: Նոյն գաղափարի ծիրէն ներս ՝ Ստեփանակերտի մէջ Գարեգին Յովսէփեանի գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս բացուած է: Այս հարցի գծով արցախեան գործընկերներուն մեծապէս օգտակար եղած է նաեւ Հայաստանի պետական արխիւը: Ցուցահանդէսը բացուած է Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ: Առաջին այցելուներու շարքին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանն էր՝ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ: Հիւրեր ժամանած էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնէն:

Գարեգին կաթողիկոս Յովսէփեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջոցառումները այսքանով չեն եզրափակուիր: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը պիտի փորձէ տարբեր հարթակներու վրայ ներկայացնել մեծ արցախցիի, անուանի հոգեւորականի եւ գիտականի կենսագրութիւնն ու ձգած ժառանգութիւնը:

 

Արցախ Ամանորը Կը Նշեն Անփոփոխ՝ Բարեմաղթանքներով Եւ Տօնական Միջոցառումներու Թարմացուած Ցանկով

Դեկտեմբեր 18-ին Ստեփանակերտի կեդրոնական՝ Վերածնունդի հրապարակին մէջ վառուեցան Արցախի գլխաւոր տօնածառի լոյսերը: Այս տարուան ամանորի տօնակատարութիւնները Արցախի մէջ արդէն աւանդական դարձած միջոցառումներէն էապէս պիտի տարբերին, կը խոստանան պատասխանատուները: Մայրաքաղաքին մէջ տօնական միջոցառումներու աւանդական հատուածը կը շարունակէ իրականացնել Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը: Քաղաքի տօնական զարդարանքը ապահովելն ու գլխաւոր տօնածառի տեղադրումը քաղաքապետարանի լիազօրութիւններուն մէջ է: Նախադպրոցական տարիքի եւ  կրտսեր դասարաններու աշակերտներուն նուէրներ կը բաժնեն՝ նախակրթարաններու, դպրոցներու եւ քաղաքային մշակութային կեդրոններուն մէջ: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը նորութիւններ կը խոստանայ: Նորութիւններէն առաջինը Ստեփանակերտի կեդրոնը՝ Վերածնունդի հրապարակին «Կաղանդաւան»-ի բացումն էր: Շուրջ մէկ ու կէս տասնեակ փայտաշէն տնակները նախատեսուած են Ամանորի թեմայական առնչութիւն ունեցող ձեռագործ արտադրանքի ցուցադրութեան եւ վաճառքի համար: Տարածքը տրամադրելու հարցին մէջ առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններուն:

Դեկտեմբեր 18-ին կայացած է «Կաղանդաւան»-ի բացումը, որ նաեւ տօնական միջոցառումներու մեկնարկն էր: Երեկոյեան ժամերուն՝ Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակը ամբողջութեամբ «Կաղանդաւան»-ի բնակիչներու եւ այցելուներու տրամադրութեան տակ կ’ըլլայ: Մանկական ներկայացումներ, հրապարակը շրջող հեքիաթներու հերոսներ, Ձմեռ պապ եւ Ձիւնանոյշ: Այս ամէնը պիտի շարունակուին մինչեւ Դեկտեմբեր 31: Նախարարի խօսքով՝ Դեկտեմբեր 18-էն 12 օր շարունակ «Կաղանդաւան»-ի մէջ պիտի կազմակերպուին ամանորեայ տօնական միջոցառումներ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան նախատօնական օրերը աւելի հետաքրքրական ու բովանդակալից դարձնելու:

Տօնական միջոցառումները պիտի շարունակուին նաեւ յետագայ օրերուն: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեան միւս նորոթիւնը մասամբ եւս կը նշէ. հանրութեան համար պիտի աշխատին տօնական տրամադրութիւն ստեղծել նաեւ Յունուար 6-ին՝ Սուրբ Ծննդեան տօնին, բայց տակաւին ամբողջութեամբ չի բացայայտեր: Առայժմ կը խոստանան անկրկնելի համերգ եւ միաժամանակ հաճելի անակնկալներ:

 

Արցախի Պիւտճէն Առաջին Անգամ Հատեց 100 Միլիառ Դրամի Սահմանը

Արցախի նոր Սահմանադրութեան համապատասխան ձեւաւորուած նոր կառավարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Պիւտճէի նախագիծ ներկայացուցած է Խորհրդարան: Դեկտեմբեր 21-ին կայացած է վերջնական քննարկում եւ քուէարկութիւն: Պիւտճէի կառուցուածքին մէջ աւանդական գերակայութիւնները պահպանուած են: Պիւտճէն ընդգծուած ընկերային ուղղուածութիւն ունի: Ծախսերու շուրջ 70 տոկոսը պիտի ուղղուի ընկերային ոլորտին: Աւելցած է նաեւ ավտանգութեան բաղադրիչի կշիռը՝ նոր խնդիրներուն համապատասխան: Նորութիւնները պիւտճէի ընդունման ընթացակարգերուն մէջ են, ըստ որոնց, պիւտճէական  քննարկումները մօտ կէս ամիս կանուխ մեկնարկած են: Միւս նորութիւնները պիւտճէական քննարկման Արցախի նախագահի մասնակցութիւնն է. նոր Սահմանադրութեամբ՝ արդէն նախագահն է կառավարութեան ղեկավարը՝ պիւտճէի կատարման համար ուղղակի պատասխանատուութեամբ: Ընդհանուր առմամբ՝ պատգամաւորներ եւ խմբակցութիւններ պիւտճէի նախագիծին վերաբերեալ 30-է աւելի առաջարկներ ունեցած են, որոնց մէկ մասը բաւարարուած է՝ համապատասխան փոփոխութիւններ ընելով ծախսային ծիրէն ներս: Ֆինանսներու նախարարը պիւտճէն բնութագրող վերջնական թիւերը կը հրապարակէ: Արցախի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ծախսերը կը հատեն 100 միլիառ դրամի սահմանը: «Եկամուտները կը նախատեսուին 96 միլիառ 428 միլիոն դրամ, ծախսերը՝ 101 միլիառ 538 միլիոն դրամ: Պիւտճէական բացը կ’ըլլայ 5 միլիառ 110 միլիոն դրամ»,- կը մանրամասնէ Արցախի ֆինանսներու նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:

        Խմբակցութիւններու կարծիքները երկուքի կը բաժնուին: Ընդդիմադիր «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ քուէարկելու դէմ է. պիւտճէական քաղաքականութեան հետ համաձայն չէ: Ընդդիմադիր դաշտէն «Շարժում-88» խմբակցութիւնը եւս խոստացաւ, որ դէմ պիտի քուէարկէ, հակառակ անոր որ կը խոստովանի, թէ իր առաջարկներու մէկ մասը արդէն իսկ արտացոլուած է պիւտճէի նախագիծին մէջ: «Ժողովրդավարութիւն», «Դաշնակցութիւն» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները իրենց կողմնակցութիւնը յայտնած են նախագիծին նկատմամբ: «Բոլորս ալ կը տեսնենք, որ ընելիքեր կան: Պիւտճէի նախագիծը կ’ընդունինք յատկապէս այդ խնդիրները լուծելու համար»,- կը վստահեցնէ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որուն կը յաջորդէ պետական նախարարի ամփոփիչ խօսքը. «Շատ յաջող պիւտճէ ունինք, ինչը թոյլ պիտի տայ ապահովել ՀՆԱ-ի նախատեսուած աճը, թոյլ պիտի տայ ընթացիկ բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կոչել եւ միաժամանակ երկարաժամկէտ ծրագիրներու մասին մտածել»,- պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան համոզուած է, որ ներկայացուած նախագիծը այդ իսկ պատճառով իրական հիմքեր պիտի ապահովէ:

Քուէարկութիւնը արդիւնքները կ’ամբողջացնէ: Քուէներու 28 կողմ, 4 դէմ յարաբերակցութեամբ ընդունուած է Արցախի 2018 թուականի գլխաւոր ֆինանսա-տնտեսական փաստաթուղթը: Կատարման ընթացքը անմիջականօրէն պիտի վերահսկէ հանրապետութեան նախագահը՝ որպէս գործադիր իշխանութեան ղեկավար: Ան խոստանայ, որ իր վերահսկողութիւնը պիտի ըլլայ խիստ եւ հետեւողական: Ընթացքին հետեւելու իրական գործիքներ կ’ունենան նաեւ պատգամաւորները: «Մեր նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ առիթ պիտի ընծայենք, որպէսզի ԱԺ մեր գործընկերները հնարաւորութիւն ունենան այդ աշխատանքներուն մօտէն ծանօթանալու»,- Ազգային ժողովին պիւտճէի ընդունման յաջորդած ելոյթի ժամանակ յայտնած է Արցախի նախագահը եւ պատգամաւորներուն հրաւիրած է միասին մինչեւ տարեվերջ հանրապետութեան շրջանները մեկնելու, սպասուող ամէնէն պատասխանատու ծրագիրներէն մէկուն մեկնարկին անձամբ մասնակցելու նպատակով:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին