Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Մեսրոպեանի Աշակերտութիւնը Նշեց Սուրբ Ծննդեան Եւ Ամանորի Տօները

Դեկտեմբեր 21-ին նախքան արձակուրդի մեկնիլը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները եկեղեցական արարողութիւններով, հաւաքոյթներով եւ պտոյտներով նշեցին Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօները` ուրախութեան անխառն մթնոլորտ մը տարածելով ամբողջ դպրոցին մէջ:

Օրը սկսաւ Սուրբ Պատարագով եւ Կենդանի Մսուրի արարողութեամբ, որոնք տեղի ունեցան Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանի աշակերտները, աւանդութեան համաձայն, ներկայացուցին Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան պատմութիւնը` անգամ մը եւս ներկայ աշակերտները, ծնողները եւ Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամները համակելով Լուռ եւ Սուրբ Գիշերուան Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդով: Այս առիթով քարոզեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան:

Մանկամսուրին եւ մանկապարտէզին մէջ տեղի ունեցան տօնական հաւաքներ, որոնց ներկայ եղան նաեւ ծնողներ: Երգով ու պարով խանդավառուած փոքրիկներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ Պապայի այցելութեամբ, երբ անոնք ստացան իրենց տօնական նուէրները:

Դպրոցական հաւաքներու աւարտին, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները մեկնեցան պտոյտներու՝ թատերական ներկայացումներու եւ տարբեր խաղերու մթնոլորտին մէջ շարունակելու համար տօնախմբութիւնները:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին