Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Երգի Պետական Թատրոնը Ստեփանակերտի Մէջ Մանկական Interactive musical-ներկայացում կը Ներկայացնէ

Հայաստանի երգի պետական թատրոնին նախաձեռնութեամբ եւ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կը ցուցադրուի երգի պետական թատրոնի «Հեքիաթ» մանկական Interactive musical-ներկայացումը:

«Հեքիաթ» մանկական Interactive musical-ներկայացման հեղինակ Մանէ Գրիգորեան, «Artsakhpress.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ ներկայացման ընթացքին արցախցի փոքրիկները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու ամանորեայ իսկական հեքիաթը:

Անոր խօսքով` իրենք տեղեակ են, որ Ստեփանակերտի մէջ քիչ կը ցուցադրուին մանկական ներկայացումներ. ատոր համար իրենց ամենայաջող ներկայացումով իրենք գացած են Արցախ:

Մ. Գրիգորեան նշած է, որ «Հեքիաթ»-ի մէջ կը խաղան երգի պետական թատրոնի 13 դերասան, որոնք ներկայացման ժամանակ հանդէս եկած  են նաեւ երգերով:

«Interactive musical-ներկայացումը նախատեսուած է ինչպէս Ստեփանակերտի, այնպէս ալ ԱՀ շրջաններու փոքրիկներուն համար: Փորձած  ենք այս ներկայացումով հանդէս գալ, որպէսզի փոքրիկները անմիջական մասնակիցը դառնան «Հեքիաթ»-ին: Անոնք իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ, պատասխանելով դերասաններու հարցերուն, կը փորձեն բարի հերոսներուն օգնել: Ի դէպ, Արցախի սահմանամերձ գիւղերու փոքրիկները ներկայացման ժամանակ հնչեցուած հարցերուն աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերեն»,- աւելցուցած է Մ. Գրիգորեան:

Ստեփանակերտի մէջ  Հայաստանի երգի պետական թատրոնի «Հեքիաթ» մանկական ներկայացման մեկնարկը տրուած է Դեկտեմբեր 20-ին, եւ անիկա պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր 22-ը ներառեալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին