*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում:
Մենք մեզ ո՛չ ոքից չենք գերադասում:
Պարզապէս մենք էլ պի՛տի ընդունենք‚
Որ մե՛նք‚ միայն մե՜նք Արարատ ունենք‚
Եւ որ այստեղ է՝ բարձրիկ Սեւանում‚
Երկինքը իր ճիշդ պատճէնը հանում:
Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել:
Պարզապէս Նարեկն այստեղ է գրուել:
Պարզապէս գիտենք ժայռից վանք կերտել‚
Քարից շինել ձուկ եւ թռչուն՝ կաւից‚
Ուսուցմա՛ն համար եւ աշակերտե˜լ
Գեղեցկի՛ն‚
Բարու՛ն‚
Վսեմի՛ն‚
Լաւի˜ն…
Պարոյր Սեւակ
Եթէ արուեստագէտի խորաթափանց աչքը չ’ըլլար, մարդիկ շատ բան պիտի չկարենային տեսնել: Երեւանի փողոցները զարդարող արձաններուն շատերու հեղինակն ալ թերեւս քիչերուն յայտնի է: Երկյարկանի առանձնատունը կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը, ուր տասնեակ տարիներ իրենց ընտանիքներով ապրած եւ ստեղծագործած են հայկական կերպարուեստի երկու մեծ վարպետներ` քանդակագործ Արա Սարգսեան եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեան: 1973 թուականին ժառանգներու ցանկութեամբ տրամադրուած է պետութեան, ստեղծուած է տուն-թանգարան՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի մասնաճիւղի կարգավիճակով:
Արա Սարգսեան հայ խորհրդային քանդակագործ, որ եղած է Երեւանի նկարիչներու միութեան հիմնադիրն ու առաջին նախագահը նաեւ Հայաստանի մէջ առաջին՝ Երեւանի գեղարուեստի հիմնարկի հիմնադիր, այդ հիմնարկի առաջին ղեկավար, փրոֆէսոր։ ԽՍՀՄ գեղարուեստի ակադեմիոյ ակադեմիկոս , ԽՍՀՄ գեղարուեստական հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի վարչութեան նախագահ, մանկավարժ, ազգային-հասարակական գործիչ, «Նեմեսիս» ծրագիրի մասնակից: Արա Սարգսեանի ստեղծագործութիւնը կը համադրէ ազգային եւ եւրոպական արուեստներու ձեռքբերումները՝ իւրայատուկ հմտութեամբ համադրելով աւանդականն ու նորարարականը, կոթողային վեհութիւնն ու կամերային քնարականութիւնը, կերպարային ընդհանրացումն ու հոգեբանական յուզականութիւնը: Արուեստագէտի բազմաժանր, յօրինուածքային տարբեր լուծումներով ստեղծուած զանգուածեղ գործերու, թեմայական բազմակերպար կառուցուածքներու, բարձրաքանդակներու եւ կոթողային գործերու կողքին եւս առանձնակի նշանակութիւն ունին փոքրածաւալ աշխատանքները, յատկապէս քնքշութեան եւ ջերմութեան զգացումով կերտուած կանացի նրբագեղ իրանները: Իր արուեստին մէջ գերիշխող եղած է դիմաքանդակի ժանրը: Լաւապէս տիրապետելով արձանագործական արուեստի մէջ կիրարկուող նիւթերուն՝ մարմարի, որձաքարի, պրոնզի, փայտի մէջ ան մարմնաւորած է հայ ականաւոր գործիչներ Մանուկ Աբեղեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Թորոս Թորամանեանի, Սուրէն Սպանդարեանի, Վարդան Աճեմեանի եւ այլոց կերպարները: Մեծ է Արա Սարգսեանի ներդրումը նոր շրջանի հայ քանդակագործական դպրոցի սկզբնաւորման գործին մէջ: Ան եղած է Երեւանի գեղարուեստա–թատերական հիմնարկի հիմնադիրներէն մին, առաջին ղեկավար, քանդակագործութեան ամպիոնի վարիչ: Իրեն աշակերտած են վաստակաշատ քանդակագործներ Ղուկաս Չուբարեան, Արա Յարութիւնեան, Սարգիս Պաղտասարեան, Լեւոն Թոքմաճեան եւ ուրիշներ, որոնք շարունակած եւ զարգացուցած են հայ քանդակագործութեան մէջ մեծ վարպետի ուրուագծած ուղին: Թանգարանի՝ Արա Սարգսեանի արուեստի բաժինին մէջ ներկայացուած են ստեղծագործութիւններ ՀԱՊ-ի եւ քանդակագործի ընտանիքի հաւաքածոներէն, ուսանողական շրջանի աշխատանքներու լուսանկարներ, յուշա–ձեռագրային նիւթեր: Այստեղ կարելի է ծանօթանալ նաեւ արուեստագէտի թատերական ձեւաւորումներուն ու գծանկարչական գործերուն:
Շէնքի երկրորդ յարկը տեղադրուած են Յակոբ Կոջոյեանի ստեղծագործութիւնները, յուշա–ձեռագրային փաստաթուղթերն ու անձնական իրերը: Ներկայացուած աշխատանքներու մէկ մասը ՀԱՊ-ի արխիւներէնէ, միւսը` նկարիչի ժառանգներու նուիրատուութիւնն է:
Յակոբ Կարապետ Կոջոյեան հայ նկարիչ, մանկավարժ, ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ, գեղարուեստի եւ գծանկարչութեան վարպետ: Մեծ է վարպետի դերը հայկական կերպարուեստի մէջ: Յակոբ Կոջոյեանի գեղանկարներուն յատուկ է լեզուի սրութիւնը, լակոնական եւ արտայայտիչ ձեւերը, գունային լուծումներու նրբութիւնն ու բովանդակութեան կառուցուածքի վարպետութիւնը: Իր կտաւներուն մէջ նկարիչը կ»արտացոլացնէ հայրենի երկրի կենցաղը, կը գովերգէ բնութիւնը, կ»անդրադառնայ պատմական իրադարձութիւններուն: Առաւել նշանակալից է Յակոբ Կոջոյեանի ներդրումը գծանկարչական ասպարէզէն ներս: Հիանալի ճանչնալով հայկական միջնադարեան մանրանկարչութիւնը` ան ստեղծագործաբար կը կիրարկէր նախշազարդային մոթիֆները գրքային նկարազարդումներու եւ յատկապէս հեքիաթներու մէջ: Կոջոյեան նոր շրջանի գրքարուեստի մեծագոյն դէմքերէն է: Իր լաւագոյն ձեւաւորումներու շարքին կը պատկանին «Սայաթ-Նովայի» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, Յ. Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթը», Ե. Չարենցի «Գիրք ճանապարհի»-ն եւ այլն:
<<Զարթօնքի>> այս շաբթուան պտոյտները մեզ հասցուցին Արա Սարգսեանի եւ Յակոբ Կոջոյեանի տուն–թանգարան: Ցաւօք սրտի, թանգարանը այսօր ունի վերանորոգման եւ հաւաքածոներու պահպանման լուրջ խնդիրներ: <<Զարթօնքի >> զրուցակիցն է թանգարանի տնօրէն Աննա Սարգսեանը, որ նաեւ Արա Սարգսեանի թոռնուհին է:
«Զ.» – Տիկին Աննա, կ«ըսէ՞ք՝ ո՞վ էր Արա Սարգսեան, ինչպէս անցած է անոր կեանքն ու ստեղծագործական ուղին: Ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը:
«Ա. Ս.» – Այս թանգարանը երկու մեծ արուեստագէտներու տուն-թանգարանն է: Այստեղ մինչեւ իրենց մահը ապրած են Արա Սարգսեանն ու Յակոբ Կոջոյեանը: Նոյնիսկ ցաւով կրնամ յիշել, որ Յակոբ Կոջոյեան մահացած է Արա Սարգսեանի ձեռքերուն մէջ: Իրենց մահէն ետք 1973 թուականին այս շէնքը վերածուած է տուն-թանգարանի: Շէնքը 1930-ական թուականներու շէնք է, կը համարուի յուշարձան եւ տուն-թանգարանը անով առանձնայատուկ է: Թանգարանը կը համարուի Ազգային պատկերասրահի մասնաճիւղ, բայց, ցաւօք սրտի, շէնքը կը գտնուի շատ վատ դրութեան մէջ՝ 1980 թուականէն ետք չէ վերանորոգուած: Սա մեր ամենացաւալի խնդիրն է. այս հարցով բազմիցս դիմած ենք նախարարութեան, բայց թերեւս մեծ գումարներու հետ կապուած է անոր իրականացումը. այդ իսկ պատճառով վերանորոգման աշխատանքներու տակաւին չենք սկսած: Թանգարանը իւրայատուկ է նաեւ անով, որ կամերային է: Արա Սարգսեան շատ աշխատասէր մարդ էր: Ես միշտ կը զարմանամ, թէ ան ի՛նչպէս հիմնադրելով Նկարիչներու միութիւնը, գեղարուեստի հիմնարկը եւ թատրոնին մէջ հասարակական գործունէութեամբ հանդերձ, մէկ խօսքով ամէն տեղ ըլլալով՝ կրնար ազատ ժամ գտնել ստեղծագործելու համար: Ես ինքս կը նկարեմ, բայց աշխատանքի պատճառով կը դժուարանամ պէտք եղած ժամանակը տրամադրել ստեղծագործելու համար, իսկ Արա Սարգսեանի տաղանդաւոր ըլլալը ասոր մէջ կը կայանայ, որ բազմազբաղ ըլլալուն կը յաջողէր ամէն ինչ հասցնել: Ան զարդատուփ մը ունէր, ուր գումար կը պահէր: Մտերիմները իրեն «շտապ օգնութիւն» անունը տուած էին: Իսկ օգնութիւնը կու գար զարդատուփի մէջէն, ուր քանդակագործը կը պահէր իր դրամը: Արա Սարգսեան յաճախ կ’օգնէր ուսանողներուն: Երուանդ Ղազանչեանը կը պատմէ, որ ուսանողի մը հայրը մահացած էր, եւ երբ դիմած են Արա Սարգսեանին՝ թաղման գումար հաւաքելու համար, ան ըսած է, որ գումարը զարդատուփի մէջ դրուած է, կրնան առնել այնքան, որքան անհրաժեշտ է: Արա Սարգսեան յորդորած է երիտասարդին որեւէ բան չըսել, որ ինք գումար տուած է: Երբ իրմէ գումար կը խնդրէին, կ’ըսէր՝ զարդատուփին մէջէն որքան պէտք է վերցուցէք, ու երբ վերադարձնէին, չէր նայէր, թէ որքան բերած են, ընդամէնը կ’ըսէր՝ դրէք տուփին մէջ:
Մենք կը փորձենք այնպէս ընել, որ թանգարանը աւելի հասանելի ըլլայ հանրութեան քանի որ թանգարանի գտնուած վայրը դիւրագտանելի չէ: Ցաւօք սրտի, մենք ամէն ինչ կ’ընենք մեր անձնական միջոցներով, որովհետեւ թանգարանի ֆինանսաւորումը բաւարար է միմիայն աշխատավարձներու համար:
«Զ.» – Քանի՞ ցուցասրահ ունի թանգարանը: Ի՞նչ հաւաքածոներ ներկայացուած են այնտեղ:
«Ա. Ս.» – Թանգարանը բաղկացած է երկու յարկէ. Առաջինին վրայ կը գտնուի Արա Սարգսեանի բաժինը` չորս սրահներով`արուեստանոցով եւ աշխատասենեակով, որ պահպանուած է այնպէս, ինչպէս եղած է Արա Սարգսեանի կենդանութեան օրօք, զոր տրամադրած է Սարգսեանի ընտանիքը: Ընդհանրապէս թանգարանի հաւաքածոներու մեծ մասը տրամադրուած են իմ ընտանիքիս կողմէ: Ցաւօք, Յակոբ Կոջոյեանի ընտանիքը այնքան ալ հետեւողական չէ եղած, որուն յուշային հաւաքածոն տակաւին ձեւաւորման կարիք ունի: Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուի Յակոբ Կոջոյեանի բաժինը եւ մենք ծրագրած ենք այդտեղ ստեղծել Կոջոյեանի փոքրիկ յուշատունը, որովհետեւ այցելուներուն աւելի շատ կը հետաքրքրէ ստեղծագործողի անձնական իրերը եւ այդ միջավայրը, ուր ստեղծագործած է հեղինակը: Ես կապեր ունիմ նաեւ Յակոբ Կոջոյեանի ընտանիքի հետ: Ապագային միասին կը հաւաքենք վարպետի յուշատունը, բայց քանի որ շէնքը շատ հին է եւ վերանորոգման կարիք ունի, հետեւաբար այդ մէկը առայժմ կ’երկարաձգուի:
Շատ կարեւոր խնդիր մը եւս կը փափաքէի նշել հոս, որ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնի բակին մէջ տեղադրուած Յովհաննէս Թումանեանի արձանը Արա Սարգսեան առանձին քանդակած է, իսկ Սպենդիարեանի արձանը քանդակած է իր աշակերտի` Ղուկաս Չուբարեանի հետ համագործակցաբար: Այսօր Չուբարեանի ընտանիքը կը պնդէ, որ արձանի հեղինակը միայն Չուբարեանն է: Ես կը պայքարիմ, որ արձանի մօտ դրուի ցուցանակ մը, ուր յստակ գրուած ըլլայ, թէ ո՛վ է արձանի իսկական հեղինակը: Արա Սարգսեանի ակադեմիկոս ըլլալու փաստը արդէն կը մղէ, որ իր անունը որպէս հեղինակ նշուի առաջինը, յետոյ միայն Ղուկաս Չուբարեանի անունը:
«Զ.» – Ի՞նչ նշանակութիւն ունի սփիւռքը Արա Սարգսեանի եւ թանգարանի կեանքին մէջ: Ի՞նչ մասնակցութիւն ունեցած է Արա Սարգսեան <<Նեմեսիս>> գործողութեան իրականացման համար:
«Ա. Ս.» – Արա Սարգսեան ծնած է Թուրքիոյ Մաքրի հայաբնակ գիւղը, ծնողները եղած են մտաւորականներ. մայրը եղած է դպրոցի հիմնադիր եւ թերեւս այստեղէն յղացած է հիմնարկ մը հիմնադրելու գաղափարը: Սակայն իր կենսագրութեան մէջ կայ հետաքրքրական փաստ մը, զոր ան թաքուն պահած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: 1920-ական թուականներուն Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ ուսանելու տարիներուն Արա Սարգսեան իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է <<Նեմեսիս>> գործողութեան իրականացման համար: 1921 թուականին, Կոստանդնուպոլիսէն Հռոմ գալով, Կոստանդնուպոլիսի կուսակցական ընկերներու, մասնաւորապէս Արշաւիր Շիրակեանի խորհուրդով Արա Սարգսեան կը ներկայանայ Իտալիոյ ՀՀ ներկայացուցչութեան՝ Միքայէլ Վարանդեանին: Վերջինս աշխատանքի կ’առնէ խելացի, վեց լեզուներու տիրապետող եւ ընդյատակեայ աշխատանքի փորձ ունեցող այդ երիտասարդին: Քանի որ Արա Սարգսեան գերազանցօրէն կը տիրապետէր թրքերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն լեզուներուն, ան Գրիգոր Մերուժանովի հետ միասին յաճախ կ’այցելէր մարդաշատ վայրեր, սրճարաններ, հասարակական վայրեր` թուրքերու խօսակցութիւններէն եւ զրոյցներէն օգտակար տեղեկութիւններ ձեռքբերելու համար: Վերոյիշեալ միջոցառումներու արդիւնքով պարզած էին Հռոմի մէջ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Սայիտ Հալիմը, Պեռլինի մէջ հայոց ազգի ցեղասպանութեան կազմակերպիչներ Ճեմալ Ազմի եւ Պահաեդդին Շաքիրը գտնելու հաւանական վայրերը: Այնուհետեւ վերոյիշեալ տուեալները յայտնած էին Արշաւիր Շիրակեանին, եւ ան իր ընկերներուն հետ միասին ի կատար ածած էր վրէժխնդրութիւնը: «Նեմեսիս» գործողութեան բոլոր մասնակիցները ճանչցուած են՝ իբրեւ հերոսներ: Ինչ կը վերաբերի Արա Սարգսեանին, իր անունը հերոսներու շարքին նշուած է Ա.Ս. սկզբնատառերով:
Նոյնիսկ գտնուելով Սովետական Հայաստանի մէջ` ան իր կեանքի վերջին տարիներուն ստեղծած է «Մայր Հայաստան» կոթողային քանդակը, որ շարք մը արուեստագէտներու կողմէ ճանչցուած է որպէս Նեմեսիս՝ յունական դիցաբանութեան արդար հատուցման եւ վրէժխնդրութեան աստուածուհի:
Մենք մեծ սիրով կը համագործակցինք սփիւռքահայ ներդրողներու հետ, որոնք կը փափաքին օգնել թանգարանի վերանորոգման եւ կահաւորման հարցի գծով:
«Զ.» – Արա Սարգսեանի եւ Յակոբ Կոջոյեանի թանգարանին մէջ ներկայացուած բազում ստեղծագործութիւններ կը զարդարեն թանգարանը, չնայած շէնքի անմխիթար պայմաններուն: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը Պուշկինի փողոց 70 հասցէին վրայ: Հեռ. +374-10-561160 – ել-նամակի հասցէ. aaa.sargsyan@gmail.com