Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովին Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2017-ին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայից միօրեայ հաւաք:
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ քահանայից դասու անդամներուն մասնակցութեամբ կատարուած առաւօտեան ժամերգութենէն ետք Եկեղեցւոյ սրահին մէջ բացման ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիբանանի Թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արժ. Տ․ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ շեշտելով նմանօրինակ հանդիպումներուն կարեւորութիւնը՝ նշեց, որ Թեմական կեանքէ ներս հոգեւոր բնոյթ ունեցող աշխատանքներ կարելի է իրականացնել հոգեւորականաց դասի անդամներուն գործակցակութեամբ ու համակարգումով:
Այնուհետեւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան ներկայացուց Ս. մկրտութեան ընթացքին կիրարկուող «Դրոշմ»-ի խորհուրդին մասին: Եկեղեցւոյ հայրերու մտածումներէն մէջբերումներ կատարելով՝ Տէր Հայրը վերլուծեց Դրոշմի արարողութեան իմաստը եւ հաստատեց, որ անոր կատարման ընթացքին հարկ է հետեւիլ հոգեւոր հայրերու օրինակին, յորդորներուն եւ թելադրանքներուն, որպէսզի հաւատացեալները զգան, որ պարզ ծիսական արարք մը ըլլալէ աւելի մկրտուողին վրայ հոգեւոր շնորհնքեր հաստատելու համար սահմանուած կարգ է Դրոշմը:
Դրոշմի մասին ներկայացուած խորհրդածութեան աւարտին քահանայ հայրերը առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացնող Տէր Հօր եւ Կրօնական Ժողովին: Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ քահանայ հայրերուն արտայայտուիլ Լիբանանի Հայոց Թեմի կեանքին ու մեր Եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերուն մասին եւ իրենց կատարած աշխատանքներուն շուրջ փոխանցել հակիրճ տեղեկութիւններ:
Աւարտին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս. Փանոսեան արժեւորելով Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողովին ու քահանայից դասին կատարած աշխատանքը, թելադրեց, որ իբրեւ հոգեւորականութիւն, օրինակելի վարքով եւ նուիրեալ ծառայութեամբ մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս արժեւորել հոգեւորականին վերապահուած դերակատարութիւնն ու ծառայութիւնը եւ ծուխէն գործօն դերակատարութիւն ունենալ եկեղեցւոյ զարգացման, մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային մտահոգութիւններուն ու դժուարութիւններուն յաղթահարման աշխատանքներուն մէջ:
Հաւաքը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով, որուն յաջորդեց Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան դիւանի անդամներու մասնակցութեամբ կիրարկուած սիրոյ սեղանը: