Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

12 Սուրիահայ Կանանց Պատմութիւնները` 12 Կտաւի Վրայ

*ԼՈՒՍԻՆԷ ՂԱՐԻԲԵԱՆ*

«Դալան» ցուցասրահին մէջ Դեկտեմբեր 12-ին բացուեցաւ «12 պատմութիւն» ցուցահանդէսը: Անիկա կը ներկայացնէ Հայաստան ապրող 12 սուրիահայ կանանց կեանքի պատմութիւնը` ուղեկցուած բռնութիւններով ու սարսափներով:

Այդ պատմութիւնները թէեւ մոռցուած չեն, բայց սուրիահայ կանայք կ’աշխատին չյիշել ու չխօսիլ ատոնց մասին: Ու այդ պատճառով բազմաթիւ կիներէն միայն 12-ը համաձայնած են երիտասարդ նկարիչներու հետ կիսուիլ իրենց պատմութիւններով:

 «Սուրիահայ կանայք շատ խնդիրներ ունին` տնտեսական, համարկումի, եւ անոնց մէջ բռնութեան խնդիրը կ’անտեսուի: Անոնք հիմնականօրէն ֆիզիկական բռնութեան դէպքեր են, որոնք պատահած են պատերազմական իրավիճակներու մէջ` Սուրիոյ մէջ, Սուրիայէն Հայաստան կամ մէկ այլ երկիր մեկնելու ճանապարհին»,-կ’ըսուի «World Vision» Հայաստան կազմակերպութեան երիտասարդական ծրագիրներու ղեկավար Լիաննա Սարգսեան:

Հայաստանի մէջ Միացեակ Նահանգներու դեսպանատունը, «World Vision» եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնները յոյս ունին, որ համատեղ ջանքերով կազմակերպուած ցուցահանդէսը պիտի օգնէ բարձրաձայնելու սուրիահայ կանանց խնդիրներու մասին եւ աջակցելու անոնց:

Անժելա Աճեմեան իր 3 երեխաներուն հետ Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է 2014-ին` ամուսինին առեւանգումէն ու սպանութենէն ետք: Անժելան ցուցահանդէսին առաջին անգամ կը տեսնէր իր կեանքի սարսափելի դրուագները` վերարտադրուած կտաւի վրայ:

«Նկարին մէջ ես իմ անձս կը տեսնեմ` քաջ ու հպարտ կանգնած: Կը պատկերացնեմ, որ կապոյտը իմ ընտանիքս է, անցեալս, կարմիրը, վստահ եմ, արիւնն է, կանաչն ալ` ապագաս»:

Երիտասարդ նկարիչ Սիւզաննա Գրիգորեան զարմացած կը հետեւի Անժելայի մեկնաբանութեան: Կ’ըսէ` մինչեւ հիմա Անժելային հետ նկարի մասին չէ խօսած, բայց ան ամէն ինչ կը տեսնէ այնպէս, ինչպէս ինք պատկերած է:

«Շատ ծանր տարած եմ Անժելայի պատմութիւնը, օրեր շարունակ ականջներուս մէջ կը հնչէր: Նոյնիսկ ցաւ կ’ապրէի, որ ան եւս մէկ անգամ ստիպուած էր վերապատմելու: Շատ դժուար է այդքան ուժեղ բնաւորութիւն ունենալ, որ հոգն ու ցաւը իր մէջ` այսպէս հանգիստ ներկայացնէ, ցոյց տայ, որ ամէն ինչ կարգին է»:

Ցուցահանդէսը պիտի գործեց մինչեւ Դեկտեմբեր 16: ան շուտով   պիտի ներկայացուի հասարակական վայրերու մէջ: Նկարները պիտի վաճառուին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի նկարիչին ու անոր հերոսուհիին:

Լուսանկարները` Էմին Արիստակեսեանին

«Մետիամաքս»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին