Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի կայքէջը հարստացաւ նոր առանձնայատկութեամբ մը. այսուհետեւ մեր կայքի այցելուները պիտի կարենան վիրթուալ պտոյտ կատարել Մեսրոպեանի մէջ՝ դիտելու համար անոր տարբեր մասնաբաժինները, դասարանները, ժողովասրահները, գրադարանները, գիտաշխանոցը, վարչական գրասենեակները եւ Արուեստից վարժարանը:
Վիրթուալ պտոյտը բաղկացած է քառասուն մասերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այցելուն կը փոխադրէ վարժարանի առանձին մէկ հատուած՝ 360 աստիճան դիտումով: Այսպիսով, ան կրնայ ծանօթանալ վարժարանի արտաքին եւ ներքին գրեթէ ամբողջ տեսքին՝ շրջափակէն մինչեւ տանիքի խաղավայրը:
Սոյն առանձնայատկութեան յաւելումը կը պարզէ Մեսորպեանի տնօրէնութեան հետապնդած նպատակը՝ կարելի բոլոր միջոցներով ընդլայնել վարժարանին մասին իրազեկումը հանրութեան մօտ:
Մեսրոպեանի վիրթուալ պտոյտը կարելի է կատարել մեր կայքին միջոցաւ՝ www.mesrobian.com :
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի