Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Մենք Պէտք է Կարենանք Հնարաւորութիւններ Ստեղծել Ներգաղթի Համար. Սերժ Սարգսեան

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին իրատեսօրէն գնահատած է 2040-ին Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոն դարձնելու իր ներկայացուցած ռազմավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Panorama.am»-ը։

«Ատիկա մեզի համար բնականոն զարգանալու թիւն է, ես կը համարեմ  իրատեսական է: Յստակ գործողութիւններու ծրագիր չկայ,  թէ ամէն տարի մենք ի՛նչ պէտք է ընենք, որովհետեւ ելոյթէն ետք ստեղծուած է աշխատանքային խումբ եւ այդ աշխատանքային  խումբը ատով զբաղած է: Կը կարծեմ` մեր յառաջիկայ խնդիրն է այս հինգ տարիներուն ընթացքին արտագաղթը հասցնել, այսպէս կոչուած, զերոյական մակարդակի, որպէսզի գացող-եկողներու տարբերութիւնը դրական ըլլայ Հայաստանի համար, կամ գոնէ  զերոյական»:

Նախագահը նշած է, որ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել ներգաղթի համար:

«Մէկ կողմէ, ի հարկէ, շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնելով առողջապահական խնդիրներուն, շատ լուրջ ուշադրութիւն  դարձնելով ընտանիքներուն, անոնց ամրապնդման, հասարակական վիճակին, երիտասարդներու զբաղած ըլլալուն եւ այլն՝ մենք պէտք է կարենանք այս ժամանակահատուածին հնարաւորութիւններ ստեղծել ներգաղթի համար: Ես ասիկա շատ իրատեսական կը համարեմ, որովհետեւ շատ-շատ մարդիկ, որոնք արտագաղթած են Հայաստանէն,  չեն գտած ա՛յն, ինչ կը փնտռէին: Եւ այդ մարդիկ կարելի է վերադարձնել»,- ընդգծած է նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին