«Grammy» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ կրնայ եւ յաղթանակ չըլլալ, պէտք է պատրաստ ըլլալ իւրաքանչիւր արդիւնքի:
Ըստ «Panorama.am»-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին նշած է հայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան, որուն «Ռեքվիեմ» ստեղծագործութիւնը առաջադրուած է «Grammy» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան երկու անուանակարգով` «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն»:
«Հնարաւոր է, որ յաղթանակը չըլլայ, ի հարկէ, բայց գիտէ՞ք ինչ` կեանքը այնպիսի բան է, կը պատահի, որ ըլլայ, կը պատահի, որ չըլլայ, ինչո՞ւ չէ: Պէտք է երկու ուղղութեամբ ըլլալ սթափ եւ հանդուրժող: Գերադասելին, ի հարկէ, ստանալն է: Չես կրնար որեւէ բան ընել»,- ըսած է երաժշտահանը:
Ան նշած է, որ բացարձակ ցանկութիւն չունի ո՛չ սպասելու, ո՛չ յուսալու. այնպէս որ կը փորձէ այդ առիթով ապրումներ չունենալ:
«Բան է, կ’ըլլայ, կեանք է: Իմ տարիքիս սովորաբար այդպէս կ’ըլլայ, ես տարէց մարդ եմ արդէն, ասոնք երիտասարդութեան տարիքի անսպասելի մեծ ուրախութիւններ են»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ այդ յաղթանակը իր տարիքին համար ալ ուրախութիւն է, բայց ո՛չ այնպէս, ինչպէս պիտի ըլլար, եթէ երիտասարդ ըլլար:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ իր տարիքին համար ի՛նչ է յաղթանակը՝ Մանսուրեան պատասխանած է. «Իմ յաղթանակը… եթէ ես յաղթեմ հիմա, գիտեմ, որ մեր նոր սերունդը ծանր կացութեան մէջ պիտի դնեմ. անոնք պիտի աշխատին` իրենք ալ հասնին ատոր, որովհետեւ արդէն ատիկա նուաճուած է, պէտք է չափուին այդ բարձր ձեռքբերումով»: