Արցախի Ազատագրական շարժման 30-րդ տարեդարձին նուիրուած աշխատանքները համադրող յանձնախումբը, հիմնուած Կլենտէյլի հայ համայնքի կազմակերպութիւններուն կողմր, այսու կը յայտարարէ, որ պիտի որդեգրէ նշան մը (logo), մրցոյթ մը:
Մրցոյթին կրնայ մասնակցիլ իւրաքանչիւր ոք, որ կը ներկայացնէ նորարարական, ստեղծագործական եւ արհեստավարժ մօտեցումով նկարուած նշան եւ որ կը նպաստէ Արցախեան Ազատագրական շարժման 30-ամեակի աշխատանքին:
8 Դեկտեմբեր 2017-ին սկիզբ առած մրցոյթին ուղարկուող բոլոր գծագիրները ընդունելի են մինչեւ 28 Դեկտեմբեր 2017: Յաղթողներուն անունները պիտի յայտարարուին Կլենտէյլի հեռատեսիլի կայաններով, կայքէջներով եւ ուղղակիօրէն անհատի ել-նամակի միջոցով մինչեւ ընթացիկ տարուան Դեկտեմբեր 31: Որպէսզի գնահատող դատակազմը քննութեան ենթարկէ կատարուած աշխատանքները, բոլոր գծագիրները պէտք է ուղարկուին հետեւեալ ձեւով.
ա. Ուղարկել
30thArtsakhisArmenia@gmail.com
բ. Ուղարկել գծագիրի բնագիրը
գ. Ուղարկել՝ իբրեւ PDF with 300 dpi or higher
Նշանի անհրաժեշտ պայմաններ.
Արհեստավարժ մակարդակ.- քանի որ այս նշանը կրնայ գործածուիլ մամուլի եւ կայքէջներու մէջ (գրքոյկ, նամակաթուղթ, շապիկ եւ այլն), անիկա պէտք է հաճելի տեսք ունենայ, միաժամանակ պէտք է ընթեռնելի ըլլայ անգլերէնով եւ հայերէնով.
Թեմա.- Նշանը պէտք է նպաստէ Արցախեան Ազատագրական շարժման գաղափարին, ուստի «Artsakh is Armenia» պարբերութիւնը պէտք է ներառուած ըլլայ:
Գոյն.– Որեւէ սահմանափակում չկայ գոյնի ընտրութեան հարցով, սակայն պէտք է լաւ տեսք ունենայ ե՛ւ գունաւոր ե՛ւ սեւ ու սպիտակ ներկայացնելու պարագային.
Ճշդութիւն.- Նշանը չի կրնար ընդգրկել պատճէնահանուած եւ մրցոյթի մասնակիցին կողմէ խմբագրուած, նախապէս տպագրուած եւ արտօնութիւն ունեցող որեւէ նիւթ կամ պատկեր: Պէտք է դիւրին ըլլայ մեծ կամ փոքր չափի վերարտադրման համար.
Յաղթողը պիտի ստանայ արցախեան գորգ՝ առ ի գնահատանք իր ներդրումին:
Յաջորդ հինգ մասնակիցները պիտի ստանան գնահատանքի վկայագիրեր:
Արցախի Ազատագրական Շարժման 30-Ամեակի Տօնակատարութիւններու Համադրիչ Յանձնախումբ
Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա