*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Պարզուած Են Խորհրդարանական Դիւանագիտութեան Յաջորդ Ընելիքները
Դեկտեմբեր 8-10 Ստեփանակերտ կը գտնուէր ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը Արմէն Աշոտեանի գլխաւորութեամբ: Արցախի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովներու համատեղ նիստին մասնակցած են նաեւ Արցախի Խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը: Խորհրդարանականները շարունակած են Նոյեմբերին Երեւանի մէջ մեկնարկած քննարկումները՝ հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին մարտահրաւէրներու եւ անոնց համապատասխան՝ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ընելիքներուն շուրջ: Արցախի ներկայ կարգավիճակի պարագային յատկապէս կարեւոր է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը: Այս մասին ընդգծած է Աշոտ Ղուլեան. ըսուածի օգտին ապացոյցերն են, որ կը խօսին. «Գործնական հետաքրքրութեամբ Արցախ այցելողներու շարքին պատգամաւորները իրենց թիւով երկրորդն են՝ զիջելով միայն լրագրողներուն: Եւ այդ հետաքրքրութիւնը իր արտայայտութիւնը գտած է 2013-էն սկիզբ առած բարեկամական խումբերու ձեւաւորմամբ, նահանգային մակարդակի ճանաչումներով»:
Կառավարման խորհրդարանական կարգին անցնելու արդիւնքով՝ Հայաստանի խորհրդարանի հնարաւորութիւնները նաեւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ պիտի ընդլայնուին: Արմէն Աշոտեան կը վստահեցնէ, որ նոր հնարաւորութիւնները նաեւ Արցախի դատը առաջ մղելու հարցի գծով օգտակար պիտի ըլլան: «Հայաստանի Խորհրդարանը նաեւ իւրայատուկ բարձրախօսն է Արցախի ժողովուրդին: Մեզմով կը խօսի նաեւ Արցախը: Նման շփումները կ’արդարացնեն են մեր կողմէ՝ ձեզ ներկայացնելու հանգամանքը արտաքին ասպարէզին մէջ»,- ընդգծած է ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան:
Արցախի Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանի զեկոյցը Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարանական համագործակցութեան արտաքին քաղաքական օրակարգի թեմայով էր: Արմէն Աշոտեան Հայաստանի արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ տուած է: Դռնփակ քննարկումներէն ետք արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած ճեպազրոյցն էր: «Օրակարգի երկու հարցերն ալ մանրամասնօրէն քննարկուած են: Բաւական հետաքրքիր առաջարկներ եղած են: Մենք ունինք ծրագիրներ, զորս պէտք է յառաջիկայ տարի իրականացնենք»,- քննարկումները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է ԱՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան: «Մասնաւորապէս մենք յաջորդ տարի համատեղ խորհրդարանական լսումներ կը կազմակերպենք Ստեփանակերտի մէջ՝ արդիական քաղաքական հարցերու շուրջ, նաեւ ՀՀ ԱԺ Վերլուծական կեդրոնի արտագնաց նիստ տեղի կ’ունենայ Ստեփանակերտի մէջ»,- մանրամասնած է ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան:
Արցախ կատարած այցի ընթացքին Հայաստանի Խորհրդարանի պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս: Այցի արդիւնքները ամբողջական տեսք առած են Արցախի նախագահի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին:
«Արագիլ»-ի Հերթական Նուէրը Արցախին
«Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան հիմնադրամը Դեկտեմբեր 9-ին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին՝ Ստեփանակերտի ծննդատան գերձայնային հետազօտութեան սարքաւորում նուիրած է: ՀՀ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ «Արագիլ» հիմնադրամի միջոցներով ձեռք բերուած է գերժամանակակից սարքաւորումը, որ այսուհետեւ հնարաւորութիւն կու տայ Արցախի բժիշկներուն կատարել յղիներու հսկողութիւն ամբողջ ծաւալով՝ համապատասխան միջազգային չափորոշիչներուն:
Նոր սարքաւորումը ունի հետազօտման լայն հնարաւորութիւններ՝ 3D ուսումնասիրութիւն, տոպլըր հետազօտութիւն, ինչպէս նաեւ ծնողները կրնան տեսնել իրենց տակաւին չծնած զաւակները: Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան նախորդ այցին տեղեկացած է, որ Ստեփանակերտի ծննդատունը ժամանակակից հետազօտական սարքաւորման կարիք ունի եւ ամանորեայ նուէր ուղարկած է արցախցիներուն: Գերձայնային հետազօտութեան նոր սարքը լայն հնարաւորութիւններ ունի, որ նախատեսուած է եռաչափ ուսումնասիրութեան համար: «Հնարաւորութիւն կու տայ տոպլըր հետազօտութեան, հնարաւորութիւն կու տայ բաւական կանուխ գրանցել պտուղի մօտ շեղումները, արատները եւ յղիութեան բարդութիւնները»,- կը թուարկէ բ.գ.դ., փրոֆէսոր, «Արագիլ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Կարինէ Թոխունցը:
Նուէրի կարեւորութիւնը կը շեշտէ Արցախի առողջապահութեան նախարար Կարինէ Աթայեան. «Այնքան կարեւոր է մեզի համար այս սարքը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ռիթա Սարգսեանին եւ «Արագիլ» հիմնադրամին»:
«Արագիլ»-ի առաքելութիւնը անպտղութեամբ տառապող ընտանիքներուն օգնելն է: Հիմնադրամի տնօրէնը 4 տարուան աշխատանքի արդիւնքը այս բառերով կը ներկայացնէ: «4 տարուան ընթացքին «Արագիլ»-էն ներս ընդգրկուած են 1271 զոյգ: 1052-ը անցած են այս ծրագիրէն: 449 կանայք յղիացած են: Ծնունդ տուած են 451 երեխայի»,- կը թուարկէ «Արագիլ» հիմնադրամի տնօրէն Սուսաննա Գաբրիէլեանը:
Արցախի մէջ «Արագիլ»-ի շնորհիւ աշխարհ եկած երեխաներու թիւը անցած է 5 տասնեակի սահմանը: 138 ընտանիք իրենց կարգին կը սպասեն՝ յոյսով, որ արագիլը օր մը իրենց ալ աւետիս կը բերէ:
Հայկական Երկու Հանրապետութիւններու Տնտեսական Առաջնահերթութիւնները Եւ Նոր Մարտահրաւէրները՝ ՀՀ Վարչապետի՝ Արցախ Կատարած Այցի Օրակարգին Մէջ
Պաշտօնական այցով Դեկտեմբեր 15-16 Արցախ կը գտնուէր ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորած է պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանը` կառավարութեան անդամներու ուղեկցութեամբ:
Վարչապետ Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունած է Արցախի նախագահը: Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ Մայր Հայաստանի հետ տնտեսական փոխգործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ՝ զայն համարելով Արցախի Հանրապետութեան զարգացման ու զօրացման կարեւորագոյն հիմքերէն մէկը եւ յաւելելով, որ այսուհետեւ ալ պիտի կատարուին համապատասխան աշխատանքներ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման ուղղութեամբ : Ի՞նչ եւ ի՞նչպէս Կարէն Կարապետեան աշխատանքային այցի ընթացքին խորհրդակցած ու քննարկման ենթարկած է կարեւոր կէտեր Արցախի գործընկերներու հետ: Արցախի պետնախարարը 2017-ի աճի ցուցանիշները յետագայ զարգացման լաւագոյն հիմքը կը համարէ: «9 ամսուան ընթացքին յաջողած ենք ապահովել 15.6 տոկոս տնտեսական աճ»,- թիւերով կը հիմնաւորէ Արցախի պետական նախարարը: Արայիկ Յարութիւնեան այս պարագային կարեւոր կը համարէ հայաստանեան գործընկերներու աջակցութիւնը: Արցախի մէջ ամենամեծ տնտեսական ծրագիրը՝ Կաշենի հանքավայրի շահագործումը, հնարաւոր դարձաւ նոյն այդ աջակցութեան շնորհիւ: «Այդ ծրագրի համար Ֆինանսական արտօնեալ միջոցները տրամադրած է ՀՀ կառավարութիւնը»,- կ’ընդգծէ Արցախի պետական նախարարը:
Համագործակցութիւնը խորացնելու հիմքեր կան գիւղատնտեսութեան մէջ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան դրուատանքի խօսքեր կ’ուղղէ՝ յայտնելով, որ Արցախ կրնայ օրինակելի նմոյշներ առաջարկել նաեւ Հայաստանի համար. «Չեմ թաքցներ: Արցախ գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս ունինք բաներ, որոնք բաւականին հետաքրքրական են: Եւ այդ օրինակով նաեւ ՀՀ-ի մէջ կը նախատեսենք որոշակի նորութիւններ»: Իսկ հակակարկտային պայքարի հայաստանեան փորձը կարելի է նոյնպէս Արցախի մէջ կիրարկել: Արցախի պետնախարարը անդրադարձած է ջրային ուժանիւթի հետ առնչուած ծրագիրներուն, որոնց արդիւնքով 2022 թուականին Արցախի մէջ մտադրութիւնը կայ արտադրելու 800 մլն. քիլօուաթ ժամ ուժանիւթ եւ ոռոգելու տասնեակ հազարաւոր հեքթար տարածք: Սա կ’իրականանայ աւելի ուշ: Փոխարէնը՝ զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս 2018-ին Հայաստանի մէջ ակնկալուող աճը անմիջականօրէն կը զգայ նաեւ Արցախը, այս մասին խոստացած է Հայաստանի վարչապետը: Մէկ այլ նորութիւն, որ պիտի ըլլայ Արցախի սահմաններէն ոչ շատ հեռու: Խօսքը կը վերաբերի Մեղրիի տնտեսական ազատ գօտիին, ինչը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի գործարար միջավայրի համար: «Ես կոչ կ’ընեմ Արցախի գործարարներուն եւ կը հրաւիրեմ այդ հարթակին ուշադիր մօտենալ, քանի որ անիկա ունի լաւ հեռանկարներ»,- կառավարութեան մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
Տնտեսական յաջողութիւններուն նաեւ պետական ապարատի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը պէտք է նպաստէ: Թուային արհեստագիտութիւններու ներդրումը գերակայութիւններու շարքին կ’ըլլայ: ՀՀ եւ Արցախի Առողջապահութեան նախարարութիւնները յուշագիր ստորագրած են ելեկտրոնային համակարգի ներդրման մասին:
Աշխատանքային այցի ընթացքին Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եղած է Արցախի շրջաններուն մէջ, այցելած տնտեսութեան հասցէական սպասարկման հեռանկարով հիմնադրուած ուսումնական մի քանի հաստատութիւններ, նաեւ վերամշակող արդիւնաբերութեան մի քանի առարկաներ:
Ստեփանակերտ