Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

«Հայրենասէր»-ը Իր Հայրենասէր Գործունէութեամբ Քաշաթաղի Մէջ կը Շարունակէ Տրամադրութիւն Փոխել

ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Հայրենասէր» բարեգործական, հասարակական կազմակերպութիւնը Քաշաթաղի շրջանին մէջ իրականացուցած է կենսական նշանակութեան շարք մը ծրագիրներ:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ «Հայրենասէր» բարեգործական, հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեան ըսած է, որ այս տարուան ընթացքին հիմքէն կառուցած են Մուշի եւ Ալաշկերտի դպրոցները, Իշխանաձոր համայնքին մէջ` մարզադաշտ եւ խաղահրապարակ, իսկ «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին հետ համատեղ` Հակի դպրոցը:

«Մինչեւ վերակառուցումը դպրոցը կը գտնուէր խիստ անբարեկարգ եւ փոքրիկներուն համար վտանգաւոր վիճակի մէջ, իսկ շինութեան մէկ մասը ամբողջովին աւերուած էր: Դպրոցը հիմնովին վերանորոգուած է. կառուցուած է նոր տանիք, նորոգուած է յատակը, տեղադրուած են նոր պատուհաններ եւ դռներ, լուացարաններ, ինչպէս նաեւ կատարուած են ընդհանուր վերանորոգման աշխատանքներ, որուն շնորհիւ շինութիւնը աւերակներէն վերածուած է բարեկարգ, ապահով եւ լուսաւոր կրթօճախի»,- նշած է Ս. Սարգսեան:

Անոր խօսքով` կազմակերպութիւնը Քաշաթաղի շրջանին մէջ կառուցած է նաեւ երկու ապաստարան, որոնցմէ մէկը շրջանի քաղաքացիական պաշտպանութեան կառավարման կէտն է:

Ս. Սարգսեան նշած է, որ վերանորոգման աշխատանքներ իրականացուած են նաեւ Բերձորի գրադարանին եւ թանգարանին մէջ:

Խօսելով ընթացիկ ծրագիրներու մասին` ան նշած է, որ ներկայիս կազմակերպութեան շնորհիւ Հոչանց գիւղին մէջ կը վերանորոգուի հրդեհի իբրեւ արդիւնք այրած բնակարան, իսկ 2018-ի գարնան պիտի սկսին Մոշաթաղի դպրոցի եւ Բերձորի մարզադպրոցի վերանորոգման շինարարական աշխատանքները:

«Նշուած ծրագիրներէն բացի, ընթացիկ ամբողջ տարուան «Հայրենասէր»-ը 2016 թուականի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ զոհուած 16 զինծառայողներու ընտանիքներուն՝ ամսական տրամադրած է 300-ական ԱՄՆ տոլար աջակցութիւն»,- ըսած է Ս. Սարգեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին