Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Խմբագրատանս Մէջ. Ուսումնական Յատուկ Դժուարութիւններ Ունեցող Աշակերտներուն Նուիրուած «AREVIG» Հասարակական Կազմակերպութեան Հիմնադիրներուն Հետ

Երէկ երեկոյեան ուրախ եղանք «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ հիւրընկալելու մեծապէս օգտակար եւ իւրօրինակ նախաձեռնութեան մը հեղինակները:

Ուսումնական յատուկ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու հետ աշխատող խումբ մը մասնագէտներ ի մի գալով գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են հիմնելու «AREVIG» խորհրդանշական անունը կրող հասարակական կազմակերպութիւն մը (NGO):

Նորակազմ կազմակերպութեան նախագահ Լարա Գուտուսեան (կրթական հոգեբան – Educational Psychologist) խօսելով անոր հիմնադրման տուն տուող պատճառներուն մասին ըսաւ. – «Ամէն բան սկսաւ, երբ մենք մեր աշխատած դպրոցին կրթական, նաեւ ազգային աշխատանքներու ծիրէն ներս օրուան տնօրէնութեան եւ բաժնի պատասխանատուին հետ  ծրագրեցինք մեր մասնագիտութեամբ սատար հանդիսանալ Արցախի մէջ ուսումնական յատուկ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունք ունեցող դպրոցի մը

Այս ընելու համար ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ազնիւ գործակցութեամբ մեր մօտ հրաւիրեցինք Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան 2րդ վարժարանի տնօրէնուհին եւ բաժնի պատասխանատու ուսուցչուհիները փորձառութեան փոխանակումի համար: Փորձառութիւնը հրաշալի էր եւ մեր առաքելութիւնը շարունակելու համար մենք անցեալ Սեպտեմբերին մեր խումբով փոխադարձ այցելութեամբ մը մեկնեցանք Արցախ Մարտակերտի նշեալ դպրոցին մէջ մօտէն հետեւելու այնտեղ տարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի Կրթութեան Նախարարութեան հետ համաարցախեան մակարդակով կազմակերպեցինք սեմինար մը Ստեփանակերտի մէջ, որուն ներկայ եղան Արցախի մէջ գործող ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու հետ աշխատող մասնագէտներ:

Թէ Մարտակերտի դպրոցի մասնաշէնքերուն դժուար իրավիճակը ուր մեր Արցախցի գործընկերները ամենադժուար պայմաններու մէջ կը փորձէին օգտակար ըլլալ մատղաշ սերունդին եւ թէ  ընդհանրապէս Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող պէտքը նման մասնագիտական աշխատանքի, մեր մօտ ծնունդ տուաւ այն գաղափարին, որ թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ազգային ու հայրենասիրական իմաստով կարելի չէ ձեռնածալ մնալ: Լիբանանի մէջ եւս նման դժուարութիւններ ունեցող մանուկներու իրավիճակը եւ իրենց հետ աշխատելու պայմանները համեմատաբար աւելի լաւ ըլլալով հանդերձ դարձեալ հեռու է լաւագոյնը ըլլալէ: Ահա այսպէս է, որ ծնաւ այս խնդիրներով զբաղող հասարակական կազմակերպութեան մը ստեղծման գաղափարը»:

«Ինչո՞ւ «AREVIG» » մեր հարցումին, հիմնադիր խորհուրդի անդամուհիները հետեւեալ բացատրութիւնը տուին. –  «Հասարակական կազմակերպութեան գաղափարը յղանալէ ետք առաջին քայլն էր անոր անուն մը տալ: Մեզի համար առաջնահերթ էր, որ ան հակառակ համամարդկային ըլլալուն, պէտք էր անոր հայկական շունչ տալ:

Այսպէս ծնաւ «AREVIG» անունը, որ խորհրդանշականօրէն հայահունչ ըլլալուն կրճատումն է հետեւեալ հասկացողութիւններուն, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են իր նպատակներուն

Awareness: Ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու պարագային շուրջ զանազան միջոցներով գիտակցութիւն սփռել մարդոց մօտ:

Recreation: Մասնագիտական զանազան միջամտութիւններովգործունէութեամբ ու հաճելի մթնոլորտով բուժման նպատակ հետապնդել:

Education: Կրթութիւն ստանալը համահաւասար իրաւունքն է իւրաքանչիւր մանուկի: Հետեւաբար դժուարութիւն ունեցող մանուկին լաւագոյնս օգտակար ըլլալու համար անոր ծնողքին ու դաստիարակող մանկավարժներուն օգտաշատ եւ համապատասխան գիտութիւն եւ փորձառութիւն փոխանցել, ինչպէս նաեւ մանուկին ինչպէս ակադեմական, այնպէս ալ ուղղախօսութեան, վերաբերմունքի տաշման եւ հոգեշարժական պէտքերուն հասնիլ:

Vocation: Դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն քաջալերել եւ իրենց ինքնավստահութիւնը զարգացնել օգնելու համար խնդրոյ առարկայ աշակերտին յայտնաբերել իր ուժն ու տկարութիւնները:

Inclusion: Աշխատիլ եւ օգնել, որ տուեալ փոքրիկները ներառնուին կրթական ու դպրոցական սովորական համակարգին մէջ:

Global: Ունենալ սահմաններէն դուրս աշխատելու եւ օգտակար հանդիսանալու տեսիլք՝ բարոյական եւ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելով բոլոր անոնց, որոնք մեզի պէտք ունին»:

«Ի՞նչ նախաձեռնութեամբ է, որ ձեր կազմակերպութիւնը առաջին անգամ հանդէս պիտի գայ» մեր հարցումին պատասխանեց անոր փոխ-նախագահ Ճենիֆըր Ապեթեանը (Ուղղախօսութեան մասնագէտ – Speech Therapist). – «Ըլլալով հայեր եւ այցելելով Մարտակերտ՝ եւ ազդուած մեր այցելութեան փորձառութեամբ, մեր առաջին նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ մեր կարելին ընել մշտապէս օգտակար ըլլալու այդ հոյակապ վարժարանին ու հոն աշխատող անձնազոհ անձնակազմին: Այն դժուար իրավիճակը, որ տեսանք այնտեղ մեր երեւակայութենէն դուրս էր: Մենք որոշած ենք մեր համեստ պայմաններով եւ մեր ժողովուրդին մեծահոգի նուիրատուներուն վրայ վստահելով կազմակերպութեան տանելիք բարեսիրական աշխատանքով այդ վարժարանը օժտել ուսումնական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու բաժանմունքի վայել մասնաշէնքով իր գրադարանով, դասասրահներով եւ պատշաճ կահաւորումով, որ մեր ու նաեւ մեր ժողովուրդին ճիտին պարտքն է»:

Նորաստեղծ կազմակերպութեան գանձապահ Նաթալի Աւեսեան (հոգեշարժութեան մասնագէտ – Psychomotor Therapist) խօսեցաւ կազմակերպութեան յետագայ նպատակներուն մասին եւս. – «Մեր ծրագիրը նաեւ կ’ընդգրկէ Լիբանանի մէջ ունենալ յատուկ կեդրոն մը, որ ակադեմականէն անկախ կամ զուգահեռ նման աշակերտներուն ժամադրավայրը ըլլայ, ուր  անոնք արտադպրոցական ժամերուն կարենան յաճախել եւ օգտուիլ այնտեղ իրենց համար տրամադրուած հնաւորութիւններէն: Նոյն կեդրոնը նաեւ պիտի ծառայէ վերաբերմունքի դժուարութիւններու պատճառով ստիպողաբար դպրոցի յարկի տակ գտնուելու անկարելիութիւնը ունեցող փոքրիկներուն ուսումնառութիւնը ապահովելու: Մեր նպատակներուն ծիրէն ներս կ՛իյնայ նաեւ կազմակերպութիւնը համալրել նուիրեալ անդամներու շարքով, ինչպէս նաեւ գործակից ծնողներու խումբով»:

Մարդկային, քրիստոնէական եւ հայրենասիրական հոյակապ նախաձեռութիւն մըն է իսկապէս այն ինչին, որ ծանօթացանք այս հանդիպման ընթացքին, որուն համար կը մնայ յաջողութիւն մաղթել զայն նախաձեռնողներուն՝ մեր թերթին էջերը լայն բանալով իրենց բոլոր մարդասէր ու հայասէր գործունէութեանց դիմաց:

«Խմբ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին