Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՄԻԵԴ-ը Հրապարակեց «Սարգսեան Ընդդէմ Ազրպէյճանի» Գործով Որոշումը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Մեծ Պալատը այսօր հրապարակած է «Սարգսեան ընդդէմ Ազրպէյճանի» եւ «Չիրագով ընդդէմ Հայաստանի» գործերով արդար փոխհատուցում տրամադրելու վերաբերեալ որոշումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։

Ըստ այդ որոշումներուն՝ ՄԻԵԴ-ը «Չիրագով ընդդէմ Հայաստանի» գործով պարտաւորեցուցած է Հայաստանի կառավարութեան 5 հազարական եւրօ վճարելու դիմումատուներուն` իբրեւ նիւթական եւ ոչ նիւթական վնասի փոխհատուցում, ինչպէս նաեւ 28 հազար ֆունտ սթեռլինկ (շուրջ 31 հազար եւրօ): Նշենք, որ վեց ազրպէյճանցի դիմած էր ՄԻԵԴ` նշելով, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետեւանքով պարտադրուած լքած են իրենց բնակարանները: «Սարգսեան ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով նոյնպէս ՄԻԵԴ-ը պարտաւորեցուցած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն իւրաքանչիւր դիմումատուի վճարելու 5 հազարական եւրօ, ինչպէս նաեւ 30 հազար եւրօ ծախսերու համար:

Յիշեցնենք, որ երկու գործերն ալ նախադէպային են, ՄԻԵԴ-ը զանոնք կը քննարկէր քանի մը տարիէ ի վեր: ՄԻԵԴ-ի մէջ կը կարծեն, որ գործերը պէտք չէ քննարկել Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու աւարտէն շուտ, այդ պատճառով Եւրոդատարանը չէր շտապեր վճիռ հրապարակելու: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը չէին շտապեցներ իրադարձութիւնները, սակայն որոշ ժամանակ առաջ Պաքուն փոխեց դիրքորոշումը: Իբրեւ արդիւնք՝ ՄԻԵԴ-ը 2015 Յունիս 16-ին երկու հայցերն ալ բաւարարեց: Արդար փոխհատուցման վերաբերեալ որոշումը այդ ժամանակ դեռ պատրաստ չէր, եւ ՄԻԵԴ-ը յետաձգած էր անոր հրապարակումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին