ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ ամուլ վիճաբանութիւն մը ունեցայ ազգայինի մը հետ: Չկրցայ արդիւնքի հասնիլ: Պատահարը միտքս ձգեց հետեւեալ պատմուածքը.
Օր մը աղուէսն ու էշը վիճաբանութեան կը բռնուին գարնանային խոտի գոյնին շուրջ: Մինչ աղուէսը կ’ըսէ՝ կանաչ է, էշը կը պնդէ, թէ կապոյտ է: Վէճը կը վերածուի կիցերով կռիւի:
Խնդիրի լուծման համար կը դիմեն առիւծին: Առիւծը լսելէ ետք երկուքը, իշուն անմեղ կը հռչակէ, մինչ աղուէսին տարուան մը համար անտառէն աքսորի վճիռ կ’արձակէ:
Աղուէսը աքսորի չմեկնած՝ առիւծը զինք մէկ կողմ քաշելով՝ ականջն ի վար կ’ըսէ. «Բոլորս գիտենք, անխե՛լք աղուէս, որ խոտը կանաչ է, սակայն կը պատժեմ քեզ, որովհետեւ կը վիճիս իշուն հետ…»:
Էշը վարկաբեկելու ոչ մէկ միտում ունիմ հոս, սիրելի՛ ընթերցող, ո՛չ ալ կենդանիներու պաշտպան միութիւն մը դէմս հանել կ’ուզեմ: Այս պատմուածքին մէջ էշը խորհրդանշական իմաստ ունի՝ իր մասին գոյութիւն ունեցող ժողովրդային կարծիքին հետ առնչուած:
Իմ պարագայիս ընդահակառակը: Իշուն մասին կարծիքս բաւական դրական է, երբ զինք բաղդատեմ կարգ մը մարդոց հետ, որոնց դէմ ելլելով՝ վիճաբանիլը դժբախտաբար ժամանակի, շունչի եւ ջիղերու ի դերեւ սպառում է:
Այնպէս չէ՞, սիրելի՛ս: