Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Յատուկ Նիստեր Կը Տրամադրէ Քրիսոտնէական Դաստիարակութիւն Եւ Հայեցի Դաստիարակութիւն Թեմաներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցաւ քննելու եւ քննարկելու՝ ընդհանրապէս հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը եւ յատկապէս կաթողիկոսութիւնը  յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան։ 

 

«Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» թեմայով նիստին զեկոյցներ ունեցան Լիբանանի թեմէն տիկին Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի թեմէն Բարշ. Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան:

Այս նիւթին առնչութեամբ զեկուցաբերներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներն ու առաջարկները նոյնանման էին։ Տիկին Ժանին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց 4 մակարդակներու վրայ՝ կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամէնօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հաւաքներու։ Տիկին Դանիէլեան հիմնականօրէն ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ ամէնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու քրիստոնէական դաստիարակութեան արդի մանկավարժական պատրաստութենէ զուրկ ըլլալու հարցը։ Ապա Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21-րդ դարու ընտանիքներու փոխուած արժէքներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելը նախկին ձեւերու օգտագործումով կը մնայ ապարդիւն: Արժանապատիւ քահանան նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնները մէկ ամբողջութիւն են եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ: Ապա Բարշ. Անի Քրիսթի Մանուէլեան Ժողովին ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ ծնողքը քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն է, ուրեմն այդ մեկնակէտով աշխատիլը կրնայ քրիստոնէական ամբողջական կրթութեան հասցնել անձը: Ան եւս շեշտեց դպրոցներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւի վերանորոգման ու արդիականացման կարեւորութեան ու նշեց Կաթողիկոսարանէն իրենց ակնկալութիւնները։

Յաջորդ նիստը յատկացուած էր հայեցի դաստիարակութեան նիւթին եւ զեկուցեցին Գանատայի թեմէն տիար Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի թեմէն տիար Վարդան Թաշճեան, Ատրպատականի թեմէն տիկին Անահիտ Յակոբեան եւ Քուէյթի թեմէն տիար Ճորճ Արապաթլեան։

Տիար Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայեցի դաստիարակութիւնը սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն ու անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Ան սփիւռքի զանազան գաղութներու վարժարաններուն, հայ աշակերտութեան թիւին եւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին պատկերը տուաւ ու համեմատութիւններ ըրաւ։ Տիար Թաշճեան Ժողովի ընթացքին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ, օտարամոլութիւններ։ Տիկին Յակոբեան, խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին, շեշտեց երեք առանցքներ՝ ընտանիք, դպրոց, համայնք ու յայտնեց, որ դպրոցի ոլորտին մէջ կ’իյնայ եկեղեցին, որ հայոց պատմութեան մէջ միշտ ալ ունեցած է կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու հրամայականը։ Վերջապէս տիար Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի դրոյթը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակին մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ կրթական մարզի վերանորոգումը, ուսուցիչներու արդար գնահատանքը։

 

Այս նիստերու աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը տուաւ իր նշումները եւ Ժողովը կատարեց քննարկումներ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է Քրիսոտնէական արժէքներու հիման վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն՝ աւելցնելով, որ եթէ նախորդ տարիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնուած էր տեղեկութեան փոխանցման վրայ, ներկայիս այդ հիմնուած է հոգիի կրթութեան վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը  այնուհետեւ բարձր գնահատեց Կաթողիկոսարանիս թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ ու ընդգծեց վարժարաններու կրթական ծրագիրներու վերանորոգման, հայեցի դաստիարակութիւնը գործելադաշտ տանելու եւ «cyber space»-ի» (համացանցի տարածքի) մէջ մնալու եւ գործելու կարեւորութիւնը։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին