Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի´ր, Ուրախացո´ւր» Տօնավաճառը

ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան Տնօրէնութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին տարեկան ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ «Ուրախացի´ր, Ուրախացո´ւր» ձեռնարկը:

        4-րդ տարին ըլլալով՝ Հինգշաբթի, 7 եւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017-ին հաստատութեանս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի Տօնավաճառը հովանաւորութեամբ Տիկ. Իզապէլ Մկրտչեանի (Լիբանանի մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպանին Տիկնոջ):

  ՔԱՀԼ-ի տնօրէն բարի գալուստի խօսքէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Տիկ. Իզապէլ Մկրտչեանի անոր ծառայութեան, տարեցներու նկատմամբ ցուցաբերած խնամքին, գուրգուրանքին, սիրոյն ու հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ ներկաներուն իրենց աջակցութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի անդամներուն, անձնակազմին եւ մանաւանդ «Ծիրանի»-ի խոհարարներուն, որոնց ժրաջան աշխատանքը սատար հանդիսացաւ այս ձեռնարկի յաջողութեան:

          Ապա Տիկ. Իզապէլ Մկրտչեան, ընդհատելով ժապաւէնը, կատարեց պաշտօնական բացումը: Ներկաները ուղղուեցան սրահ, ուր ներկայացուած էին ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցի ուտելիքներու տեսականին, նոր տարուան զարդեղէններ, Հայաստանեան գինիներ, մրգեղէն եւ այլն:

          Ձեռնարկին հիմնական նպատակն է այցելուներ հրաւիրել Հայ Տարեցներու Տուն, որպէսզի մօտէն ծանօթանան հաստատութեանս գործունէութեան եւ պատսպարեալները աւելի յաճախակի այցելելու ուղղութեամբ վարժութիւն գոյացնել հանրութեան մօտ:

          ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը ծնունդ առաւ «Ծիրանի» խոհանոցը հաստատուելէն ետք, որ ուտելիքներու հարուստ տեսականի մը ունի եւ հանրութեան կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտած է: 

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը ունեցան այս ձեռնակի յաջողութեան մէջ, որոնց աշխատանքը բարձր գնահատուեցաւ մեծաթիւ այցելուներու կողմէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին