Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ինքնուրոյն Արուեստի Գործ Մը Անհնար Է Որ Յուզմունք Չպատճառէ.

Հարցազրոյց Արամէ Պատկերասրահի Լիբանանի Մասնաճիւղի Տնօրէն՝ Միքայէլ Վայէճեանի Հետ

Երկու շաբաթ առաջ՝ 24 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին «Beirut Souks»-ի ոսկերիչներու շուկային ցուցադրասրահի մէջ, բացումը տեղի ունեցաւ Արամէ Պատկերասրահի իւրայատուկ ցուցահանդէսին՝ «Celebration of Dreams»: Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէ Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը:

Գեղեցիկ աւանդութեամբ մը Արամէ Պատկերասրահին Պէյրութի մէջ ամէն տարեվերջին կազմակերպած  ցուցահանդէսները յաւելեալ արժէք մըն են լիբանանեան մշակութային կեանքէն ներս, որ ուշադրութիւնը գրաւած են ու ժամադրավայրը եղած են արուեստասէր հանրութեան:  

Իր բացման արարողութենէն ի վեր արդէն իսկ հարիւրաւոր այցելուներ ունեցած այս գեղեցիկ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ տարուա 6 Յունուարը ներառեալ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00:

Այս առիթով շահեկան զրոյց մը ունեցանք Արամէ պատկերասրահի Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէն Պրն. Միքայէլ Վայէճեանին հետ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ. 

«Յ.Կ.». – Մի քանի խօսք նախ «Արամէ» պատկերասրահի հիմնադրման մասին։ Ե՞րբ եւ ո՞ւր հիմնուած է։

«Մ. Վ.» – «Արամէ» պատկերասրահը հիմնուած է 2003 թուականին Երեւանի Ամիրեան փողոցի վրայ գտնուող սրահներէն մէկուն մէջ, որուն հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէնը դոկտոր Արամ Սարգսեանն է։ Նշեմ նաեւ, որ սոյն պատկերասրահը իր երկրորդ մասնաճիւղը ունեցաւ 2013-ին Երեւանի Մաշտոց փողոցին վրայ: Պատկերասրահը կը միտի առաւելաբար ցուցահանդէսներու կազմակերպման աշխատանքին եւ հանրութեան հրամցնելու հայ անուանի գեղանկարիչներու աննախադէպ ու բարձրորակ ստեղծագործութիւնները՝ նախապատուութիւնը տալով դասական ակունքներէ սնուող իրապաշտ արուեստի տարբեր ուղղութիւններուն, ի տարբերութիւն առաջինին, ուր տիրողը աւելի մտերմիկ մթնոլորտ մըն էր:

«Յ.Կ.». –  Տարուան ընթացքին քանի՞ ցուցահանդէս տեղի կ’ունենայ այս պատկերասրահէն ներս: Ի միջի այլոց, զգալի՞ է երիտասարդութեան շահագրգռութիւնը արուեստի այս տիպի գործերու նկատմամբ:

«Մ. Վ.» – Այո՛: Ուրեմն տարուան ընթացքին մենք կը կազմակերպենք 2-3 ցուցահանդէս, ինչպէս հոս՝ Լիբանանի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ: Յուլիս ամիսը մենք կ’ունենանք անհատական ցուցահանդէս, իսկ նոր տարուան շրջանին կը կազմակերպենք աւելի տարողունակ եւ զանազան գեղանկարիչներու գործերը ընդգրկող ցուցահանդէս: 
Ըսեմ, որ արուեստագէտ եւ մտաւորական դասէն զատ մենք ունինք նաեւ հոծ թիւ մը արուեստասէր երիտասարդ այցելուներու, որոնք յատուկ հետաքրքրութեամբ մը կը մօտենան մեր հայ ժամանակակից գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններուն: Աւելին, ոչ միայն հայերը, այլեւ օտարերկրացիները նոյնպէս իրենց հիացումը կը դրսեւորեն՝ բարձր գնահատելով մեր ներկայացուցած գեղանկարիչներու տաղանդը:  

«Յ.Կ.». –  Ո՞ր ժամանակակից հայ գեղանկարիչներու գործերը տեղ գտած են այս ցուցահանդէսին: Կրնա՞ք մի քանի անուն նշել:

«Մ. Վ.» – Ի հարկէ: Հետեւեալ ցուցահանդէսին մենք ներկայացուցած ենք 20 հայ ժամանակակից գեղանկարիչներու տարբեր գործերը, ընդամէնը 85 իւղանկար: Նշելու համար մի քանի կարեւորագոյն անուններ՝ Տարօն Մուրատեան, Արմէն Գէորգեան, Մարատ Մարգարեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Արամ Յակոբեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահէ իր ինքնատիպ ոճն ու գոյներու յատուկ գործածութիւնը: Ի միջի այլոց, Մարատ Մարգարեանը, որ մշտապէս ներկայ կը գտնուի մեր ցուցահանդէսներու հերթական բացումին, այժմեան ցուցահանդէսը ամենայատկանշականն ու ամենաիւրայատուկն էր իրեն համար, քանի որ Մարատ Մարգարեան նկարած էր Լիբանանի մայրիներու գեղեցիկ կտաւ մը, ինչը Կեդրոնական դրամատունը գնեց՝ նպատակ ունենալով զայն ցուցադրել իր թանգարանին մէջ, որուն բացումը պիտի կատարուի 2018 թուականի Փետրուար ամսուան ընթացքին: Ըստ իս՝ յիշեալ գեղանկարիչներու արուեստը մշտապէս խորհելու առիթ կու տայ մարդուս, քանի որ ինչպէս ակնյայտ է իւրաքանչիւր նոր եւ ինքնուրոյն արուեստի գործ անհնար է, որ յուզմունք չպատճառէ: Եւ եթէ յուզմունք կը պատճառէ, ապա անվարան կարելի է ըսել, որ այդ մէկը արժէքաւոր եւ իսկական արուեստի  գործ է:  

«Յ.Կ.». –   Ի՞նչ կը կարծէք: Արուեստագէտը ո՞ր ուղղութեան կամ, այսպէս կոչուած, ո՞ր դպրոցին պէտք է հետեւի: Պարտադի՞ր է յատուկ դպրոցի հետեւորդ ըլլայ գեղանկարիչը:

«Մ. Վ.» – Իմ կարծիքովս արուեստագէտը պէտք է միտի միմիայն ստեղծագործել առանց նկատի առնելու դպրոցի մը հետեւորդ ըլլալու հանգամանքը, այսինքն՝ պարզապէս ի մի բերէ իր անկեղծ ապրումները եւ դնէ արուեստասէրներու դատողութեան առջեւ: Իւրաքանչիւր գեղանկարիչի գործին «Արամէ» պատկերասրահը բծախնդրօրէն կը մօտենայ եւ անոնց մէջէն կ’ընտրէ լաւագոյնները:

«Յ.Կ.». –   Որեւէ բան նախատեսա՞ծ էք 2018-ին:

«Մ. Վ.» – Անմիջապէս յայտնեմ, որ Արամէ պատկերասրահը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2018-ին կայանալիք տարբեր միջազգային փառատօններու: Ասոր կողքին, մենք 2018-ին նախատեսած ենք Արաբական երկիրներուն մէջ ներկայացնել մեր արուեստի գործերը եւ վստահ ենք, որ յաջողութիւն պիտի գտնենք եւ արժանանանք գնահատանքի ու արժեւորման:

«Յ.Կ.». –    Կը փափաքի՞ք որեւէ բան աւելցնել:

«Մ. Վ.» – Ես կ’ուզեմ մեծ շնորհակալութիւն յայտնել «Զարթօնք» օրաթերթին, որ առմիշտ պատրաստ է գնահատելու գաղութիս մէջ տեղի ունեցող մշակութային ձեռնարկները: Մեծապէս շնորհակալ եմ շահեկան այս հարցազրոյցին առիթին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին