Ցեղասպանութեան ոճիրի զոհերու եւ այս ոճիրի կանխարգիլումի միջազգային ոգեկոչումի օրուան առիթով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը միօրեայ սեմինար մը կազմակերպած էր երէկ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Իսամ Ֆարէս հիմնարկի լսարանին մէջ:
«Մարդկային Իրաւունքներու Խախտումներու Կանխարգիլումն ու Անոր Դէմ Պայքարը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է» խորագրով սեմինարին այս թեմայով հետաքրքրուած պաշտօնական անձնաւորութեանց, մտաւորականներու, ակադեմականներու եւ մեծ թիւով երիտասարդներով լեցուն լսարանին մէջ միջազգային ճանաչողութիւն ունեցող ակադեմականներ եւ այս դաշտին մէջ մեծ ներդրում ունեցող անձնաւորութիւններ հանդէս եկան:
Երկու հարթակներով ու կլոր սեղանի բաժնով ընթացած այս կարեւոր սեմինարը տեւեց առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00:
Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ: