ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ժամանակակից միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքն է, ինչ որ կը յայտարարէ, թէ համաձայն ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու եւ արդարացի հաւասարութեան հնարաւորութիւններու իրաւունք ունին ազատօրէն ընտրել անկախութիւն եւ միջազգային քաղաքական կարգավիճակ առանց արտաքին հարկադրման եւ միջամտութեան:
Այսինքն՝ ինքնորոշումը ժողովուրդներու իրաւունք է՝ ընտրելու զարգացման այնպիսի ուղի, որ առաւել կը համապատասխանէ անոնց պատմական, աշխարհագրական, մշակութային, կրօնական աւանդոյթներուն ու պատկերացումերուն:
Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւունքի կարեւորագոյն սկզբունքներէն է, որ ունի աւելի քան 200 տարուան պատմութիւն: Այսպէս՝ 1791 թուականին ընդունուած ֆրանսական առաջին Սահմանադրութեան մէջ կը հռչակուէր, որ առաջին` «Մարդիկ ազատ են եւ ունին ի ծնէ հաւասար իրաւունքներ», երկրորդ` «Իւրաքանչիւր պետութեան նպատակն է ապահովել մարդու բնական եւ անօտարելի իրաւունքները» եւ երրորդ` «ինքնիշխանութեան աղբիւր կը հանդիսանայ ժողովուրդը»: Այս փաստաթղթով դրուեցաւ ապագայ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի հիմքը` յենուելով մարդուն ի ծնէ տրուող բնական իրաւունքներուն վրայ:
Ղարաբաղը, այժմ՝ Արցախի Հանրապետութիւնը իր 26-ամեայ անկախութեան ամբողջ ընթացքին ապացուցած է իր կենսունակութիւնը՝ որպէս ինքնիշխան պետութիւն՝ արձանագրելով տնտեսական յաջողութիւններ եւ ընթանալով ժողովրդավարութեան ու քաղաքակիրթ աշխարհի արժէքային համակարգը ընդունելու ու ներդնելու ուղիով:
Ո՞ւր է սակայն քաղաքակիրթ աշխարհն ու միջազգային ընտանիքը ինչ կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներու զօրակցութեան խնդրով:
Պիտի չուզեմ աւելի եւս քաղաքականացնել այսօրուան գրութիւնս՝ խօսելով Արցախի գերիշխանութեան սպառնացող խնդիրներուն, անոր տնտեսական եւ քաղաքական շրջափակումին, օդային ճամբով երթեւեկութեան ազատ իրաւունքի չգոյութեան, մարդկային հաւաքականութեան մը վրայ պարտադրուած հաւաքական պատիժին, ժողովուրդի՝ իր պապենական հողին վրայ ապահով ապրելու իրաւունքի անտեսման մասին…:
Այսօր պիտի կեդրոնանամ մարդկային իրաւունքի այլ երեսակի մը: Երեսակ մը, որ հակառակ իր կարեւորութեան, կրնայ առաջնահերթութիւն չկազմել երկրի մը մէջ, ուր մարդու կեանքի ապահովութիւնը հարցականի տակ է: Ասով հանդերձ մարդկային իրաւունքներու երեսակ մըն է ու սերունդներու կրթութեան հարցով շատ կարեւոր դիրք կը գրաւէ:
Ինչպէս այլ հաւաքականութիւններու մէջ, նաեւ եւ մանաւանդ Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւոյթ մը կայ, որն է՝ հոգեբանական թէ այլ տուեալներով ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու պարագան:
Մասնագիտութեան բերումով, խումբ մը պաշտօնակիցներու հետ վերջերս առիթը ունեցայ մօտէն զբաղելու այս հարցով: Արցախի մէջ վարժարաններ, հակառակ իրենց ամենադժուար պայմաններուն, իրենց յարկերուն տակ բացած են ուսումնական յատուկ դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքներ: Անոնք հաւատալով բոլոր մանուկներուն ուսում ստանալու մարդկային հաւասար իրաւունքներուն՝ ներառական կրթութեան աշխատելաձեւով տեղ կու տան բոլոր աշակերտներուն անխտիր գտնուելու դպրոցական յարկի տակ:
Այդ դպրոցներէն մէկն է սահմանամերձ Մարտակերտի՝ նահատակ Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցը:
Դպրոցաշէնքը աւելի քան 1 դարու կառոյց է, որ շինուած է 1905-ին ծառայելու համար՝ որպէս ռուսական բանտ: Դերի եւ նպատակի շատ հետաքրքրական եւ խորհրդանշական փոփոխութեամբ մը ան 1960-էն ի վեր կը գործէ որպէս դպրոց:
Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցը Ղարաբաղեան պատերազմէն շատ տուժած է թէ՛ աշակերտներու քանակի եւ թէ՛ այլ կարելիութիւններու իմաստով: Իր շրջանաւարտներու շարքերէն Արցախի պաշտպանութեան ի խնդիր՝ ահագին մատաղ զոհեր տուած այս վարժարանը, որ շնորհիւ իր անզուգական տնօրէնուհիին ու անձնազոհ ուսուցչական կազմին, տակաւին կը գոյատեւէ գրեթէ անհաւատալիօրէն դժուար պայմաններով՝ ուսում ջամբելով այսօր 201 աշակերտներու անխտիր եւ ի միջի այլոց ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող 17 աշակերտներու:
Աննկարագրելիօրէն դժուարին պայմաններով գոյատեւող այս դպրոցը, այս անարդար աշխարհին մէկ մոռցուած անկիւնին մէջ տակաւին շնչող՝ կարիքը ունի բոլորիս նեցուկին:
Մինչ, այսպէս կոչուած, միջազգային ընտանիքը քաղաքականութիւն կը խաղայ՝ կեղծիքի վերածելով իր իսկ կողմէ յայտարարուած մարդկային եւ մանուկներու իրաւունքներու հռչակագիրերը, իւրաքանչիւր սփիւռքահայու եւ, ինչու չէ, ո՛չ հայ գլխագիր Մարդու ազգային եւ մարդկային պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ այս դպրոցին, յօգուտ մարդկային մատղաշ սերունդի հոգեմտաւոր սնունդին, որուն պէտք է ջամբել լաւագոյն պայմաններու մէջ:
Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան դպրոցը միակը չէ անշուշտ այս ցաւալի վիճակին մէջ, որ կարիքը ունի իւրաքանչիւրիս գործնական ուշադրութեան առարկան դառնալու:
Իր հողին վրայ ամուր կառչած Արցախցի ժողովուրդն է իրաւ հայրենասէրը: Արցախցի աշակերտն է Արցախի ապագան: Գուրգուրանք անոր վրայ: Իսկական հայրենասիրութիւնը այս կը պահանջէ:
Եկէք այլեւս հրաժարինք ոմանց բանաստեղծական եւ բաժակաճառային հայրենասիրութենէն ու իւրաքանչիւրս իր դիրքէն ու կարողութիւններով՝ գործնականապէս աւելի եւս սատարենք Արցախի ապագայ սերունդի առողջ ուսումնառութեան անյետաձգելի գործին: