*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Երեւան դարձած իմ Էրեբունի,
Դու մեր նոր Դուին, մեր նոր Անի,
Մեր փոքրիկ հողի դու մեծ երազանք,
Մեր դարէ կարօտ, մեր քարէ նազանք:
Երեւան դարձա՜ծ իմ Էրեբունի,
Դարեր ես անցել, բայց մնացել ես պատանի:
Քո Մասիս հօրով, քո Արաքս մօրով,
Մեծանաս դարով, Երեւա՜ն:
Պարոյր Սեւակ
<<Զարթօնքի>> պտոյտներու այս շաբթուան կանգառը <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի մէջ է: Էրեբունի ուրարտական քաղաք -ամրոցը հիմնադրուած է Ք. Ա. 782 թուականին Ուրարտուի թագաւոր Արգիշտի Ա-ի կողմէ: Կը գտնուի Երեւան քաղաքի հարաւ-արեւմտեան կողմը` Նոր Արէշ եւ Վարդաշեն թաղամասերուն միջեւ` Արին-Բերդ բլուրի վրայ: Ունեցած է ռազմագիտական նշանակութիւն, ինչպէս նաեւ եղած է թագաւորանիստ ` Ուրարտու պետութեան հիւսիսը : Քաղաքատեղի զբաղցուցած է մօտ 90.0 հա տարածութիւն, բուն միջնաբերդը ` 3.0 հա: Հզօր պարիսպներով միջնաբերդը բաղկացած է երեք հիմնական մասերէ` կրօնական, պալատական, տնտեսական: Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուած հնագիտական նիւթը կարելի է տեսնել Արին-Բերդ բլուրի ստորոտին գտնուող <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ: Այնտեղ կը գտնուի Արգիշտի Ա-ի հանրայայտ սեպագիր արձանագրութիւնը Էրեբունի բերդ-քաղաքի հիմնադրման մասին, որ Երեւանի ծննդեան վկայականն է:
<<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը ստեղծուած է որպէս Երեւանի հիմնադրման պատմութեան <<Էրեբունի>> թանգարան: Հանրութեան առջեւ թանգարանն իր դռները բացած է 1968 թուականի Հոկտեմբերի 19-ին` ի նշանաւորումն Երեւան քաղաքի 2750-րդ տարեդարձի :
2003 թուականի Մարտ 7-ին թանգարանը վերակազմակերպուեր է որպէս <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց թանգարան`<< Կարմիր բլուր>> եւ <<Շենգաւիթ>> մասնաճիւղերով: <<Էրեբունին>> կը հանդիսանայ միակ հնագիտական արգելոց-թանգարանը Երեւանի մէջ եւ Ուրարտուի պատմութեան մշակոյթի գիտական ուսումնասիրութեան կարեւոր կեդրոն տարածաշրջանին մէջ:
Թանգարանի շէնքը կը կրկնէ ուրարտական պալատական կառոյցներու յօրինուածքը` պահպանելով արտաքին խուլ պատերով ու երդիկաւոր հարթ կտուրներով ներքին բակի շուրջ ամփոփուած ժողովրդական բնակելի տան տրամաբանական սկզբունքը: 1970 թուականին շէնքի նախագիծը արժանացած է ԽՍՀՄ Ճարտարապետներու միութեան կոչումնագիրին: Հեղինակներն են՝ ճարտարապետներ Շմաւոն Ազատեանն ու Պաղտասար Արզումանեանը, քանդակագործը` ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Յարութիւնեանը:
Թանգարանի 1-ին գիտական ցուցադրութիւնը (հեղինակ` պատմ. գիտ. դոկտոր Լաւրենտի Բարսեղեան) գործած է մինչեւ 1982 թուական: 1982-էն մինչեւ օրս գործող գիտական ցուցադրութեան հեղինակը պատմ. գիտ. դոկտոր Ստեփան Եսայեանն է:
«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի թանգարանային հաւաքածոն կը կազմեն Արին բերդ, Կարմիր բլուր, Շենգաւիթ հնավայրերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն դիպուածով կամ պարբերաբար իրականացուող պեղումներէն յայտնաբերուած նախաուրարտական, ուրարտական, աքեմենեան, հելլենիստական եւ հայկական հին ժամանակաշրջաններուն վերաբերող 11295 հնագիտական առարկաները՝ խմբաւորուած 128 հաւաքածոներու մէջ:
Թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը կը զբաղեցնէ 570 քառ. մ մակերես` ներառեալ ներքին բակին մէջ կազմակերպուած բացօթեայ ցուցադրութիւնը (140 քառ. մ): Ծանօթութիւնը մշտական ցուցադրութեան հետ կը սկսի ուրարտական գերագոյն աստուած Խալդի եւ պատերազմի աստուած՝ Թեյշեբայի բարձրաքանդակներէն (հեղինակ` Կամօ Գիյանճեան) եւ Էրեբունի ամրոցի խցաններէն պատրաստուած մանրակերտէն (վերակազմութիւնը` Կ. Յովհաննիսեանի, գործ՝ Համիկ Նալջեանի): 1968 թուականին Փարիզի Լուվրի թանգարանին մէջ, ապա 1970 թուականին Մոնթրէալի մէջ մանրակերտն արժանացած է մեծ մրցանակի: Այցելուն այստեղ կրնայ տեսնել Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուած 23 սեպագիր արձանագրութիւններէն 7-ը` ներառեալ Երեւան քաղաքի ծննդեան վկայագիր համարուող արձանագիր քարը: 1998 թուականէն մշտական ցուցադրութեան մաս կը կազմեն նաեւ Երեւան քաղաքի Արշակունեաց փողոցի վրայ գտնուող, գործարանի տարածքին 1984 թուականին իրականացուած շինարարական աշխատանքներու ընթացքին դիպուածով բացուած ուրարտական դամբարանէն պեղուած նիւթերը` ծիսական նշանակութեան ցլագլուխ եւ առիւծագլուխ աճիւնասափորները: Թանգարանի մշտական ցուցադրութեան առանձին բացառիկ նմոյշներ բազմիցս ժամանակաւորապէս արտահանուած եւ ցուցադրուած են ԱՄՆ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի Դաշնութեան հեղինակաւոր թանգարաններու եւ ցուցասրահներու մէջ:
<<Զարթօնքի>> զրուցակիցն է <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան, որ պատմեց թանգարանի յետագայ ծրագիրներու եւ գործունէութեան մասին:
«Զ.» -Ի՞նչ նշանակութիւն ունի 2018 թուականը թանգարանի գործունէութեան համար:
Ի՞նչ պեղումներ յայտնաբերուած են Էրեբունիի տարածքին:
«Գ. Գ.» – <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը ստեղծուած է որպէս Երեւանի հիմնադրման պատմութեան <<Էրեբունի>> թանգարան: Հանրութեան առջեւ թանգարանն իր դռները բացած է 1968 թուականի Հոկտեմբեր 19-ին` ի նշանաւորումն Երեւան քաղաքի 2750-րդ տարեդարձի: 2018 թուականին մենք պիտի նշենք թանգարանի 50 եւ Երեւանի 2800 ամեակները: Սա կարեւոր իրադարձութիւն է եւ ոչ միայն մեզի համար, այլեւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին համար , որովհետեւ ինքը՝ Էրեբունին, զոր հիմնադրեց Արգիշտի Ա. թագաւորը Ք. Ա. 782 թուականին Ուրարտական կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկն էր` ուրարտական պետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանը գտնուող, որ տնտեսական, ռազմագիտական կարեւոր դեր կը խաղար ամբողջ պետութեան համար եւ քանի որ ուրարտացիները քաղաքներու կառուցման առընթեր անոնք նաեւ կը հիմնէին ջրանցքներ եւ կը զբաղէին գիւղատնտեսութեամբ Էրեբունիի մէջ պեղուած են 5 շտեմարաններ, գինիի վեց մառաններ, ուր տեղադրուած են մօտաւորապէս 200 մեծ կարասներ: Անոնցմէ մի քանին ունի տարողութեան մասին սեպագիր եւ հիրոկլիֆ նշաններ: Ընդհանրապէս հրապարակէն արեւելք տեղակայուած տնտեսական հատուածը ենթարկուած է որոշակի փոփոխութիւններու: Պեղումները կը հաստատեն, որ, ի սկզբանէ, պալատական մեծ դահլիճը գոյութիւն ունեցած է, որ յետագային ձեւափոխուած է կարասային սենեակի:
Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուած են բազմաթիւ հնագիտական գտածոներ` տարբեր տեսակի նետասլաքներ, շեղբեր, հալոցներ, կաղապարներ, մետաղեայ զարդեր (ապարանջաններ, մատանիներ եւ այլն), ուլունքներ, ձիասանձեր եւ այլն: Գտնուած են նաեւ քարէ, պրոնզէ եւ ոսկրէ պատրաստուած գլանաձեւ, կոնաձեւ եւ կշռաքարի ձեւ ունեցող կնիքներ: Անոնք ունին տնտեսական, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական եւ որոշակի պաշտամունքային նշանակութիւն:
«Զ.» – Ի՞նչ միջոցառումներ կը նախատեսուին՝ նուիրուած Էրեբունի թանգարանի 50 եւ Երեւանի 2800 ամեակներու կապակցութեամբ:
«Գ. Գ.» – Բնականաբար յոբելեանական տարի կը սպասուի եւ անհրաժեշտ է դիմաւորել, այդ ալ այդպիսի յոբելեան. թերեւս աշխարհի վրայ քիչ քաղաքներ կան, որոնք այդպիսի յոբելեանական տարիք ունին: Այս առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծած է յանձնաժողով <<Էրեբունի Երեւան 2800>> խորագրով, որ կը ղեկավարէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ եւ յանձնաժողովի նախագահի տեղակալը՝ Երեւանի քաղաքապետը: Յանձնաժողովը կը հաւաքէ տարբեր առարկաներ, գաղափարներ, որպէսզի ըստ անոնց ձեւակերպուի տօնակատարութիւններու ծրագիրը: Բայց, բացի այդ համահայկական մեծ միջոցառումներէն Երեւանի քաղաքապետարանը եւս ունի իր յանձնաժողովը Էրեբունի Երեւանի տօնակատարութիւններու հետ կապուած եւ այդ յանձնաժողովը արդէն ունի իր ծրագիրները: Նախ պէտք է որոշակի վերաբերմունք դրսեւորել Էրեբունիի նկատմամբ, եւ քաղաքապետարանի պատուէրով մենք նախագիծ մը պատրաստեցինք, որով պէտք է վերականգնուի Էրեբունի միջնաբերդը, ոչ միայն պէտք է վերականգնուի, այլեւ պէտք է վերստեղծուին որոշ հատուածներ , որովհետեւ ընդունուած չէ հնագիտական յուշարձանը ամբողջութեամբ վերականգնել: Այնուհետեւ 2008 թուականէն ամրոցին մէջ եւ անոր յարակից բլուրի լանջին պեղումներ եղան հայկական եւ հայ-ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբերու կողմէ, որուն իբրեւ արդիւնք Էրեբունի միջնաբերդին մէջ իրականացուող հայ-ֆրանսական համատեղ պեղումները լոյս աշխարհ բերին ուրարտական որմնանկարներու մնացորդներ, հետաքրիր փողոցներ, յայտնաբերուեցան զիկուրատի պատերը եւ վան-տոսպեան մշակոյթին բնորոշ 3 սափորներու մնացորդներ: Յետագայ անվտանգ պահպանութեան նպատակով ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ արգելոց-թանգարանի ձեռնարկած անյապաղ փրկչական գործողութիւններու շնորհիւ որմնանկարը ամրակայուեցաւ, տեղափոխուեցաւ եւ կը պահուի արգելոց-թանգարանի պահոցը: Յայտնաբերուած այս նիւթերը մեզ հնարաւորութիւն կու տան աւելի ճշգրիտ կատարել վերականգնումները, որովհետեւ որքան շատ տեղեկութիւն ունենանք ժամանակաշրջանի մասին, այնքան աւելի ճշգրիտ կը կարողանանք վերականգնել: Այդ էր պատճառը, որ պեղումները տեւեցին մօտաւորապէս ութ տարի, եւ մենք երկար ժամանակ կը զբաղէինք այդ ամէնքի ուսումնասիրութեամբ եւ նախագիծերու իրականացման գործով: Մենք առանց շտապելու արմատապէս պէտք է վերականգնենք քաղաքի այն հատուածները, զորս հնարաւոր է վերականգնել իր ժամանակի նիւթերով, որովհետեւ քաղաքի պատերը շարուած են քարով եւ հում աղիւսով, իսկ հում աղիւսը պէտք է ստանալ, իսկ այդ ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ եղան, թէ ի՛նչ կազմ ունի, ի՛նչ նիւթէ պատրաստուած է:
Այս բոլոր փուլերով անցած ենք, եւ արդէն ժամանակն է այդ բոլորը ներդնել վերականգնման խնդիրներուն պարագային, իսկ աշխատանքները պիտի սկսին 2018 թուականի գարնան: Եկող տարի պէտք է կարողանանք երեք կարեւոր խնդիր լուծել՝ ժամանակաւոր անֆիթատրոնի տեղադրումը, ցանկապատի եւ անցակէտերու ստեղծումը` կանգառներով եւ միջնաբերդի պահակակէտի վերականգնումը, որ կը նպաստէ տօնակատարութիւններու առաւել լաւ իրականացման: Այսքանը կը վերաբերի մեր թանգարանի ծրագիրներուն, բայց քաղաքապետարանը տարբեր միջոցառումներու ծրագիրներ ունի առանձին վարչական շրջաններու մէջ:
«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
«Գ. Գ.» – Մենք նպատակ ունինք այս տօնակատարութիւններու շրջանակներուն մէջ կազմակերպել միջազգային մեծ գիտաժողով՝ նուիրուած Ուրարտական ժառանգութեան, որ արդէն հաւանութեան արժանացած է: Տարբեր երկիրներէ պիտի հրաւիրուին ուրարտագէտներ, մասնագէտներ, որով հիմք պիտի դրուի Ուրարտագիտական կեդրոնի ստեղծման:
Ես համամիտ եմ այն գաղափարին, որ Արեւմտեան Հայսատանը սփիւռք համարելը ճիշդ չէ, օրինակ՝ Վան քաղաքը եղած է Ուրարտական պետութեան մայրաքաղաքը, որ մեր պատմական հայրենիքն է, եւ մեր պատմական հայրենիքի ներկայացուցիչները բնականաբար եւս կը մասնակցին գիտաժողովին, մանաւանդ որ կարելի է մտածել կապ ստեղծել Արգիշտի արքայի դամբարանի հետ, որ կը գտնուի Վանի ամրոցին մէջ: Մենք մեծ սիրով կ’աշխատինք բոլոր ցանկացողներու հետ, որոնք հետաքրքրուած են այս խնդիրներով եւ գաղափարներով:
«Զ.» – Իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ եւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ թանգարան կ’այցելեն` իրենց ստացած տպաւորութիւններու մասին գրառումներ ընելով թանգարանի յուշամատեանին մէջ: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Էրեբունի փողոց 38 հասցէին վրայ:
Հեռ.` +373-10-432661
Ել. հասցէ` erebunimuseum@gmail.com
Կայք` www.erebuni.am