5 Նոյեմբեր 2017
Thank You Raffi. «Միրաք»-ի Նուէրը Ռաֆֆիին
Կիրակի 5 Նոյեմբերին «Միրաք» պատանեկան –ուսանողական շարժումի հերթական կիրակնօրեայ հաւաքը կայացաւ Թէքէեան կեդրոնէն ներս: Հանդիպումը նուիրուած էր քննարկում մը կատարելու նախորդ Կիրակի Հատիս սար բարձրանալու մասին: Լեռնագնաց Ռաֆֆի Եուրէճեան եւս ներկայ եղաւ հանդիպման:
Նախորդ Շաբաթ առնուած նկարները պաստառի վրայ ցուցադրելով՝ կատարուեցաւ խմբային մեկնաբանութիւններ: «Միրաք»-ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ռաֆֆիին եւ Իսկուհիին, որոնք իբրեւ մասնագէտ լեռնագնացներ մեծապէս օժանդակեցին, որպէսզի «Միրաք»-ի սար բարձրանալու ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:
Հանդիպման աւարտին «Միրաք»-ը անակնկալ մատուցեց Ռաֆֆիին՝ յանձնելով Հատիս սար բարձրանալու օրուան նկարը կրող «T-shirt» մը, որուն վրայ գրուած էր բոլորին անունները: «Միրաք»-ականներէն իւրաքանչիւրը որպէս յիշատակ ստորագրեց շապիկին վրայ եւ նուէրը յանձնուեցաւ «Միրաք»-ին շատ սիրելի եւ հարազատ դարձած Ռաֆֆիին:
Որպէս պարտաճանաչ անդամ՝ քաջալերական նուէր յանձնուեցաւ նաեւ «Միրաք»-ի տիպար անդամ Գոհար Համբարձումեանին:
12 Նոյեմբեր 2017
Լուսանկարչութիւնը Շատ Աւելին Է Քան Պարզապէս Նկարելը
Լուսանկարչութիւնը այսօր հասանելի է բոլորին, ան թեքնիքապէս իւրաքանչիւր անհատի գրպանի հեռախօսին մէջ առկայ է: Սակայն անուրանալի փաստ է, որ ոչ բոլոր լուսանկարները կարելի է ներկայացնել որպէս արուեստ եւ ցուցահանդէսներու մէջ ընդգրկել:
Լուսանկարը իր մէջ բացի անձնական յուշեր կամ փաստագրական տուեալներ պարունակելէն, ան նախ եւ առաջ արուեստ է:
Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2017-ին այս մասին զրուցելու առիթը ունեցան «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի անդամները՝ «Թէքէեան կեդրոն»-ի յարկին տակ հիւրընկալելով Հայ լուսանկարիչներու ազգային միութեան անդամ լուսանկարիչ Արմէն Ենկոյեանը: «Միրաք» շարժումի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան «Միրաք»-ականներուն ծանօթացուց օրուան հիւրը եւ ողջունելով վերջինիս՝ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրը սիրով ընդունելուն համար:
Պրն. Ենկոյեան հանդէս եկաւ ուսուցողական դասընթացքով` ի՛նչ է լուսանկարչութիւնը, ուրկէ՛ կու գան վերջինիս ակունքները: Անդրադառնալով ե՛ւ միջազգային ե՛ւ հայազգի լուսանկարիչներու գործերուն՝ ան ներկայացուց այն նրբութիւնները, որոնց միջոցաւ հնարաւոր է աշխարհին այլ աչքերով նայիլ, որսալ պահը, հաշուի առնել իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, գնահատել եւ անմահացնել գեղեցիկը:
Արմեն Ենկոյեան մեծ սիրով պատասխանեց «Միրաք»-ականներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին ցուցադրուած լուսանկարներու ստեղծման պատմութեան, գոյներու համադրութեան եւ լուսանկարներու հերոսներու ընտրութեան:
Այս օրը «Միրաք»-ականներէն շատերուն համար կեանքին իւրայատուկ հայեացքով նայելու եւ արուեստը տեսնելու ու գնահատելու առիթ էր, իսկ մէկ մասին համար ալ խթան էր, որպէսզի շարունակեն նկարչութեան ուղին:
19 Նոյեմբեր 2017
«Միրաք» Պասքէթպոլային Ակումբը Յառաջընթաց Կ«արձանագրէ
Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ը «Միրաք»-ականներու համար կամքի, ուժի եւ արդար մրցակցութեան օր էր։ Օրը նշանակալի էր, քանի որ տեղի ունեցաւ «Միրաք» պասքէթպոլի խումբի «Հմտութիւններ» ներխմբային մրցոյթը։Միաժամանակ կը մրցէին երկու տարիքային խումբեր։
Պայքարը ե՛ւ անհատական էր ե՛ւ խմբային։ Ջերմ մթոլորտի մէջ կը մրցէին 2 խումբեր` առիւծներ եւ արծիւներ անուանմամբ։ Թէժ կ’ընթանար երկրի մէջ կենդանիներու արքայի` առիւծի եւ երկինքը սլացող սրատեսի` արծիւի պայքարը։ Այդ թէժ պայքարին մէջ իրենց հետաքրքիր համարներով հանդէս եկան նաեւ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի պատանի ուսանողները՝ փորձելով երգերու եւ պարերու միջոցաւ մասամբ թուլացնել մրցակցային լարուածութիւնը։
Արդար մրցակցութեան պայմաններու մէջ յաղթողները ստացան իրենց բաժակները եւ պատուոգիրերը։ Մեծերու տարիքային խումբէն 1-ին, 2-րդ եւ 3-րդ տեղերը զբաղեցուցին համապատասխանաբար՝ Գարատանայեան Պօղոսը, Կակոյեան Ալէնը եւ Սողոմոնեան Հայկը: Փոքրերու տարիքային խումբէն` Արթին Առնօն, Պաղտօ Մարքը եւ Չթչեան Կէորկին:
26 Նոյեմբեր 2017
«Միրաք» Պասքեթպոլային Խումբի Համացանցային Պաշտօնական Կայքէջի Բացում
Կիրակի, 26 Նոյեմբեր 2017-ին «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Միրաք» պասքեթպոլային խումբի պաշտօնական կայքէջին՝ www.mirakbasket.am-ի բացումը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմէն Երեւան ժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանը:
«Միրաք» Պատանեկան-ուսանողական Շարժումի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը ողջոյնի խօսք ուղղեց Թէքէեան կեդրոնէն ներս հաւաքուած պասքեթպոլի խումբի անդամներու ծնողներուն եւ ամփոփ ակնարկով մը ծանօթացուց անոնց «Միրաք» շարժումի գործունէութեան եւ հեռանկարներու մասին:
Խօսք առաւ նաեւ պասքեթպոլի խումբի մարզիչ Պրն. Հայկ Առաքելեանը, որ նախ անդրադարձ կատարեց նախորդ Կիրակի՝ 19 Նոյեմբերին տեղի ունեցած «Միրաք» պասքեթպոլի խումբի «Հմտութիւններ» ներխմբային մրցոյթին, ներկայացուց իւրաքանչիւր խաղցողի ձեռքբերած յառաջընթացը եւ յետագային տարուելիք աշխատանքները, կատարեց օգտակար նկատողութիւններ: Մարզիչ Հայկը այնուհետեւ, պաստառի վրայ ցուցադրելով պաշտօնական կայքէջի էջերը, բացատրեց անոր ընդգրկած բաժիններու մասին: Ներկաներուն, մասնաւորապէս ծնողներուն համար շատ հետաքրքիր էր իւրաքանչիւր խաղցողի մասին այնտեղ եղած տեղեկութիւնները, որ ներակայացուած էր ուսումնասիրուած եւ մանրակրկիտ ձեւով: Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան, բարձր գնահատելով մարզիչ Հայկի տարած մասնագիտական աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: