Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութեան կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրբ Պատարագի Զգեստաւորման Իմաստը» եւ խորհուրդը փոխանցող դասախօսութիւն մը: Բանախօս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակի տեսուչ եւ «Շնորհալի» երգչախումբի վարիչ պատասխանատու Գերշ. Տէր Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան:

Ի ներկայութիւն մեծ թիւով տիկիններու,երիտասարդուհիներու, Համախմբումի ատենադպրուհի, տիկին Սիլվա Թաթարեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ամփոփ տողերով նշեց 1959 թուականին հայ եկեղեցւոյ բարգաւաճման եւ պայծառութեան նպատակով Պէյրութի մէջ հիմնուած Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի հատած շուրջ վաթսունամեայ ճանապարհը, անոր կարեւոր իրագործումները, ինչպէս նաեւ շեշտեց նուիրական առաքելութիւնը շարունակելու վճռակամութիւնը:
Ապա ան հրաւիրեց օրուան բանախօս Գերշ. Տէր Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը՝ ներկայացնելու Սուրբ պատարագի զգեստաւորման խորհուրդը:
Գերաշնորհ Սրբազանը իր իւրայատուկ եւ դիւրըմբռնելի ոճով անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութեան՝ արժեւորելով մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ հաւատքի հզօրութեան դերակատարութիւնը:

Կեդրոնանալով օրուան նիւթին՝ Գերաշնորհ Սրբազանը մի առ մի բացատրեց Սուրբ Պատարագի առիթով պատարագիչին կրած զգեստին բաղադրամասերը, անոնց անունները, գոյներու ընտրութեան նպատակը եւ պատճառները: Գոյները կը ներկայացնեն խորհուրդ:
Դասախօսութեան սկիզբը Սրբազան հայրը բաժնեց «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը» խորագիրով՝ գունաւոր, պատկերազարդ փոքր գրքոյկ մը: Համազգեստի իւրաքանչիւր բաղադրամաս ծանօթացնելէ ետք ան կը թելադրէր խմբային եւ բարձրաձայն ընթերցել զգեստի տուեալ հատուածին մասին արձանագրուած տեղեկութիւնը:
Իսկ բացատրութիւնները աւելի պատկերաւոր եւ դիւրըմբռնելի դարձնելու նպատակով Սրբազան հայրը պատարագի զգեստին բաղադրամասերով անմիջապէս կը զգեստաւորէր իրեն ընկերակցող Ժագ Սարկաւագ Պուչաքճեանը:

Ներկաները ծանօթացան պատարագի զգեստին բոլոր բաղկացուցիչներուն: Շապիկը փրկութեան եւ ուրախութեան խորհուրդն է: Փորուրարը կը մաքրէ պատարագիչին մեղքերը եւ սիրտը: Գօտին կը մաքրէ պատարագիչին պիղծ խորհուրդները: Բազպանը՝ Աստուծոյ սպասարկելու պատրաստակամութիւնը: Վակասը՝ այն մոլորեալ գառնուկը, որ հոգեւորականը կը կրէ իր ուսերուն վրայ: Շուրջառը՝ չարին դէմ թիկունք պաշտպանող պայծառութեան զգեստը: Ղենջակ կամ թաշկինակ՝ մեղքերէն սրբուելու համար պատարագիչին օգտագործած փոքրիկ անձեռոցը: Եմիփորոն եւ արտախուրակ՝ ցուցանիշ եպիսկոպոսական կարգի: Կոնքեր՝ կաթողիկոսներուն եւ պատրիարքներուն վերապահուած այն սուրը, որ կ’ընդդիմանայ անարդարութիւններուն: Գաւազան՝ քարոզելու հեղինակութեան նշան: Խոյր՝ եպիսկոպոսական գլխարկ: Սաղաւարտ՝ քահանայից դասուն համար Սուրբ պատարագի թագ:
Սրբազան հայրը սիրայօժար պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի գործունեայ անդամուհիներէն ամենատարեց վարչականուհի տիկին Ֆրիտա Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տէր Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանին՝ այս առիթով անոր յանձնելով երախտագիտական յուշանուէր մը:
Սուրբ Էջմիածինի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին կազմակերպած շահեկան դասախօսութիւնը աւարտեցաւ վարչականուհիներուն պատրաստած կոկիկ հիւրասիրութեամբ: