Հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունիլ ԹՄՄ Երիտասարդական նորակազմ Նուագախումբի խմբավար Պրն. Վիգէն Չալեանն ու ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ժրաջան ատենապետ՝ ընկեր Տոքթ. Յակոբ Փափազեանը:
Մտերմիկ հանդիպումը առիթ մըն էր մեզի սրտամօտիկ հիւրերուն հետ զրուցել ԹՄՄ Երիտասարդական նորակազմ Նուագախումբի կազմութեան եւ անոր ծրագիրներուն մասին:
Մեր հիւրերէն իմացանք, որ անոր կազմութիւնը մտայղացումն էր ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, որուն նպատակն էր հիմնուելով նախապէս փայլուն ելոյթներ արձանագարծ ԹՄՄ Big Band-ի փորձառութեան վրայ կազմել երիտասարդական նուագախումբ մը՝ նպատակ ունենալով համախմբել երիտասարդ ուժերը եւ օգնել անոնց, որպէսզի կատարելագործեն իրենց երաժշտական տաղանդը ու բեմ տալ անոնց:
Խօսելով նուագախումբին իւրայատկութիւններուն մասին Պրն. Չալեան տեղեկացուց, որ նորակազմ նուագախումբը այսօրուայ դրութեամբ կազմուած է 30 երիտասարդներէ (15-էն 30 տարեկան): Ան շեշտեց, որ. – «երիտասարդներն են մեր ապագան, հետեւաբար պէտք է լաւագոյն ձեւով օժանդակենք անոնց մեծ արդիւնքներու հասնելու համար»: Ան աւելցուց ըսելով. – «նշենք նաեւ, որ խումբը սկսած էր միմիայն 7-8 անդամներով, բայց իւրաքանչիւրը իր բարեկամին կամ հարազատին տեղեկացնելով թիւը տակաւ սկսած է շատնալ»:
Տոքթ Փափազեան պարզեց, որ նուագախումբը իր փորձերը սկսաւ Մայիս ամսուն նախ՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ Պուրճ Համուտ ապա տեղափոխուելով Թէքէեան Կեդրոն Ժըմմէյզի: Իմացանք, որ փորձերը տեղի կ՛ունենան շաբաթը 3 օր դրութեամբ:
Պրն. Չալեան խօսելով գործիքներու մասին յիշեց, որ խումբը ունի հայկական ժողովրդական, ինչպէս նաեւ փողայիններ եւ լարային գործիքներ, եւ 4-5 երգիչներ:
Տոքթ. Փափազեան յստակացուց, որ անցեալ ամիս՝ Հոկտեմբերին, արդէն իսկ որոշուած էր ելոյթի թուականը, որ տեղի պիտի ունենայ 13-14 Յունուար 2018-ին Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ: Ան աւելցուց ըսելով, որ ծախու տոմսակներ պիտի չըլլան, այլ՝ նուագախումբը ելոյթ պիտի ունենայ անձնական հրաւէրներով ունկնդիրներու առջեւ:
«Ելոյթի ընթացքին ժողովուրդը պիտի ըմբոշխնէ 16 երաժշտական կտորներու կատարումը, որոնց մէջ կան ե՛ւ աշուղական ե՛ւ էսդրատային ոճի կտորներ» ըսաւ Պրն. Չալեան աւելցնելով, որ շուտով պիտի աւարտին անհատական կամ մասնակի փորձերը շուտով սկսելու համար ընդհանուր փորձեր:
Բացայայտելով ապագայ ծրագիրներու եւ հեռանկարներու մասին Տոքթ. Փափազեան ըսաւ, որ անոնք կը նախատեսեն խումբերու ճիւղաւորումներ կատարել, ինչպէս օրինակի համար աշուղական նոր խումբ մը կազմել, ի հարկէ, ներկայ խումբը պահելով:
Աւարտին, Պրն. ՉԱլեան յատուկ զնորհակալութիւն յայտնեց իրեն միշտ նեցուկ կանգնող Տոքթ. Յակոբ Փափազեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ խումբի անդամ պատանիներուն ծնողներուն իրենց վստահութեան եւ զոհողութիւններուն համար:
Մեզի մնաց շնորհակալութիւն յայտնել մեր զրուցակիցներուն ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբին մաղթելով յաջողութիւն եւ մնայուն վերելք:
«Խմբ.»