*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Երախտաւոր Եափուճեան ծնած է Յունուար 1931-ին Գահիրէ` ծնողաց Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Եափուճեաններու համեստ յարկին տակ։ Հայրը՝ Յովհաննէսը մարաշցի, իսկ մայրը՝ Հռիփսիմէն ատըեամանցի, որ իր ծնողաց տասը զաւակներէն Հայոց ցեղասպանութենէն միակ վերապրողն էր։
Պատանի Աւետիսը յաճախելէ ետք Գահիրէի տեղական նախակրթարանը կթութիւնը կը շարունակէ Գալուստեան ազգային վարժարանէն ներս, որ փայլուն յաջողութեամբ կ՚աւարտէ 1949-ին։ Գալուստեան վարժարան յաճախած շրջանին, մէջը մեծ հետաքրքրութիւն կը զարգանայ օտար լեզուներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ հայ գրականութեան։ Եափուճեանի առաջին յօդուածը լոյս տեսած է 1945-ին «Փունջ» մանկապատանեկան ամսաթերթին մէջ։
Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք կը հետեւի լրագրութեան, որուն քառամեայ շրջանը կ՚աւարտէ 1953-ին՝ վկայուելով Լոնտոնի մանկավարժական հիմնարկէն, մասնաւոր գնահատանքով լրագրութեան մէջ։
Աւետիս Եափուճեանի ազգային-հասարակական խանդավառ գործունէութիւնը սկիզբ կ՚առնէ 1950-ին, երբ Գահիրէի մէջ կը միանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն՝ կնքահայրութեամբ նշանաւոր երգահան եւ խմբավար, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր անդամ Համբարձում Պէրպէրեանի։
Եափուճեան Գահիրէի մէջ Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան պատանեկան շարժումին հիմնադիրը կը դառնայ եւ կը մասնակցի միութեան «Երիտասարդական փառատօն»-ներուն։ Յետագային իր աշխոյժ մասնակցութիւնը պիտի շարունակէր Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան համար՝ դառնալով վարչութեան ատենադպիրը։ Այս շրջանին Եափուճեան իր թարգմանական մասնակցութիւնը կը բերէ «Արեւ» օրաթերթին՝ քաջալերանքովը խմբագրապետ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի։ Կանուխ տարիքէն ան կը դառնայ նուիրեալ մը սփիւռքահայ մամուլին՝ մասնակցութիւնը բերելով Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ Պոսթոնի «Պայքար»-ին։ Աւելի ուշ իր աշխատակցութիւնը կը բերէ նաեւ Քալիֆորնիոյ «Նոր Օր» եռօրեային, Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթին, Գահիրէի «Կեանք եւ Գիր» եւ Պէյրութի «Շիրակ» ամսագրերուն։
Եափուճեան 1959-ին կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ մանկավարժ-ուսուցչուհի՝ Անժէլ Միրզայեանը, ու կը բախտաւորուին երկու զաւակներով. որդին՝ Արեգ եւ դուստրը՝ Մարօ, որոնք Եափուճեաններուն պարգեւած են 5 թոռներ։
1965ին կը դառնայ օգնական խմբագիրը «Արեւ» օրաթերթին երկու տարուան համար, իսկ 1967-ին ձեռնհասօրէն կը ստանձնէ պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը նոյն թերթին, որ պիտի վարէր յաջորդ 23 տարիներուն ընթացքին։
***
Եափուճեանի հեղինակութիւնը կը դառնան հետեւեալ աշխատասիրութիւնները՝
- «Հայ ժողովուրդին մեծ գոյամարտը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստրկացողները» (Գահիրէ, 1968),
- «Ո՞վ կազմակերպեց փետրուարեան արկածախնդրութիւնը եւ ի՞նչ եղաւ անոր հետեւանքը» (Գահիրէ, 1969),
- «Յուշամատեան Համբաձում Գարայեանի» (Գահիրէ, 1970),
- «Արեւմտահայաստանի կորուստը եւ անոր պատասխանատուները» (Գահիրէ, 1970),
- «Եւ վերածնաւ հայ ժողովուրդը հուրէն եւ սուրէն» (Գահիրէ, 1971),
- «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, զինուորական, տնտեսական, ընկերային կացութիւնը (Գահիրէ, 1972):
1974 թուականին, երեք տարուան դասընթացքները մէկ տարիէն աւարտելով, ներկայացուցած է իր աւարտաճառը Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդին՝ արժանանալով պատմական գիտութիւններու Դոկտորայի աստիճան։
Դարասկզբի ազատագրական շարժման հետ կապուած երկու այլ աշխատասիրութիւններ եւս կատարած է դոկտորական աստիճանը ստանալէն առաջ.
- «Պաքուի հերոսամարտը եւ անոր պատմութեան պատասխանատուները» (Գահիրէ, 1973),
- «1918թ. Թրքական արշաւանքը Հայաստան եւ Պաթումի պայմանագիրը» (Երեւան, 1974):
Հրատարակչական նուիրեալ կոչումին առընթեր ան կը դառնայ ատենադպիրը ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ կը վարէ Հայ ազգային հիմնադրամի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը Գահիրէի մէջ։
Աւելի ուշ 1977-ին կը հեղինակէ երկու այլ ուսումնասիրութիւններ.
- «Համառօտ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» (Գահիրէ, 1977),
- «Հայ ժողովուրդին անկախութեան պայքարը Կիլիկիոյ մէջ 1919-1921» (Գահիրէ, 1977):
Յաջորդ քառասուն տարիներուն երախտաւորին գրիչէն լոյս կը տեսնեն 25 հեղինակութիւններ, պատմական ուսումնասիրութիւններու կողքին նաեւ տպաւորութիւններ եւ յուշեր, ինչպէս նաեւ Յուշամատեան Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան, Պատմութիւն հայ ազգային հիմնադրամի եւ Պատմութիւն Կոկանեան սրահի։
1981-ին Գահիրէի մէջ իր ծննդեան 50-րդ տարեդարձին կողքին նաեւ կը նշուի գրական-հասարակական գործունէութեան 35-ամեակը։
Հակառակ անոր որ գրական իր ասպարէզը սկսած է երգիծաբանութեամբ, սակայն յետագային տարուած է հրապարակագրութեամբ, ուր թէեւ միշտ ներկայ եղած է երգիծաբանը։
Եափուճեան նաեւ ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի թարգմանած է հայերէնի 25 հատորներ։
***
1990 Դեկտեմբերին վերջնականապէս կը հաստատուի Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքը, ուր բնակութիւն հաստատած էր իր որդին՝ Արեգը։
Յաջորդ եօթը տարիներուն հասարակական իր մասնակցութիւնը կը բերէ Բարեգործականի Սիտնիի մասնաճիւղէն ներս ու կը դառնայ ՀԲԸՄ-ի վարիչ քարտուղարը։ Ժամանակէ մը ի վեր ՌԱԿ-ի Աւստրալիոյ շրջանակը, Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ գործող տեղական ակումբներուն շնորհիւ կարեւոր մասնակցութիւն կը բերէր գաղութահայ կեանքէն ներս. երախտաւոր Եափուճեան կը դառնայ պատուոյ ատենապետը Սիտնիի ՌԱԿ Արտակ Դարբինեան ակումբին ու կը վայելէ յարգանքը յարաբերաբար երիտասարդ սերունդին իր նուիրեալ տարիներու վաստակով։
Եափուճեանին անունը ներառուած է համաշխարհային երեւելի երեք հանրագիտարաններու մէջ “Men of Achievement”, Volume 10, 1985, Cambridge, England, “The International Register of Profiles”, 8th edition, 1985, Cambridge, England, նաեւ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», 8-րդ հատոր, իսկ յունական մեծ հանրագիտարանը ամբողջ էջ մը յատկացուցած է իրեն։
1995-ին Սիտնիի մէջ կը նշուի այս անգամ անոր գրական-հասարակական գործունէութեան յիսնամեակը։
1998-ին կը ստանձնէ խմբագրութիւնը Բարեգործականի «Միութիւն» ամսագրին։
2001-ին Աւստրալիոյ կառավարութիւնը, գնահատելով անոր կամաւոր աշխատանքը աւստրալահայ համայնքէն ներս, զինք կը պարգեւատրէ յատուկ շքանշանով։
2005-ին իր գրական 60-ամեակին առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. իր սրբատառ կոնդակով զինք կը պարգեւատրէ «Սբ. Սահակ-Սբ. Մեսրոպ» շքանշանով։
Ութսուն տարեկան յառաջացած տարիքին երախտաւորը կը շարունակէ իր գրական աշխատանքը ու կը ձեռնարկէ «Մատենաշար Արեգ» շարքին, որուն հրատարակութիւնը կը դառնան հետեւեալ գրքոյկները Սիտնի հրատարակուելով.
- «Յուշեր Բեգլար Նաւասարդեանէն» (2012)
- «Դիմադարձութեան առեղծուածը» (2012)
- «Կեանքէս ճակատագրական երեք հանգրուաններ» (2012)
- «Ռոպէր Հատտէճեանի կոթողային շարքը» (2013)
- «Բանաստեղծ Միհրան Սարգիսեան» (2013)
- «Ալիսիա Կիրակոսեան երեւոյթը» (2013)
- «Գալուստ Գալոյեանի Հայաստանը եւ մեծ տէրութիւնները» (2013)
- «Հայկական հարցին ծագումը» (2014)
- «Նանսէն եւ իր «Հայաստանի մէջ»» հատորը (2015)
2011-ին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատուոյ գիրով եւ «Ուիլիըմ Սարոյեան»-ի անուան մետալով պարգեւատրեց զինք :
Վաստակաշատ այս հրապարակագիրը եւ յարատեւ ուսումնասիրող պատմագէտը յաւիտեան իր աչքերը փակեց Սիտնիի մէջ 2017-ի գարնան 86 տարեկան հասակին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Որպէս ՌԱԿ-ի երախտաւոր՝ իր անունը անբաժան պիտի մնայ սփիւռքահայ հրապարակագրութեան էջերէն։