Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հայաստան Դարձած է «Օզոնային Շերտի Պահպանութեան» Մրցանակի Արժանացած Տարածաշրջանային Առաջին Երկիրը

Հայաստան դարձած է «Օզոնային շերտի պահպանութեան» մրցանակի արժանացած տարածաշրջանային առաջին երկիրը:

Նոյեմբեր 20-24 Մոնթրէալի մէջ կայացած է «Օզոնային շերտի պահպանութեան մասին» Վիեննայի համաձայնագրին կողմ երկիրներու համաժողովի տասնմէկերորդ եւ «Օզոնային շերտը քայքայող նիւթերու մասին» Մոնթրէալի արձանագրութեան կողմ երկիրներու քսանիններորդ հանդիպումը:

ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով այս երկու միջազգային համաձայնագրերը թերեւս ամենայաջողներն են, քանի որ վաւերացուած են ՄԱԿ-ի մէջ արձանագրուած բոլոր 197 երկիրներուն կողմէ: Միջազգային հանրութեան միահամուռ ջանքերուն շնորհիւ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ արդէն յաջողած է կրճատել օզոնաքայքայիչ նիւթերուն շուրջ 99%-ը: Կայացած հանդիպումը առանձնայատուկ էր անով, որ այս տարի կը նշուի Մոնթրէալի արձանագրութեան 30-ամեակը: Շատ խորհրդանշական է, որ այդ իսկ հանդիպման ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ արձանագրութեան ջերմոցային կազեր հանդիսացող հիտրոֆթորածխածիններ կարգաւորող Գիկալիի ուղղումը արդէն վաւերացուած է 21 երկիրներու կողմէ, որ անհրաժեշտ էր ուղղումը ուժի մէջ մտնելու համար:

Հանդիպման առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցած է Մոնթրէալի արձանագրութեան 30-ամեակին նուիրուած Օզոնի հանդիսաւոր մրցանակաբաշխութիւնը՝ 8 անուանակարգերով: Հայաստանի Հանրապետութեան Օզոնի ազգային կեդրոնը «Կրէատիւ աշխատանք երիտասարդներու հետ» անուանակարգով՝ արժանացաւ «Օզոնային շերտի պահպանութեան» մրցանակին` դառնալով որեւէ մրցանակի արժանացած Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային ցանցի միակ երկիրը:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան օզոնի հարցերով ազգային համակարգող Լիանա Ղահրամանեան  ընտրուած է Վիեննայի համաձայնագրին կողմ երկիրներու 11-րդ հանդիպման համանախագահ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին