Հայկական պատուիրակութիւնը լքած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի դահլիճը:
Հայաստանի Ազգային Ժողովի մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի ընթացքին ՀՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսուի.
«Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի յոբելեանական քսանհինգերորդ տարին Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած լիագումար նիստի ժամանակ աննախադէպ երեւոյթի ականատես եղանք:
«Վեհաժողովի յիսուներորդ յոբելեանական նիստի բացման սկիզբը, երբ պատուիրակութիւններու անդամները մօտ մէկ ժամ կը սպասէին դահլիճը, պարզուեցաւ, որ բոլոր պատուիրակութիւններու ղեկավարները ՍԾՏՀ ԽՎ գլխաւոր քարտուղարին եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութեան ղեկավարին նախաձեռնութեամբ առանձնացած են եւ հարցի մը շուրջ կը քննարկէին:
«Այդ քննարկման չէր հրաւիրուած միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավարը: Սա մենք կ՛որակենք իբրեւ վիրաւորանք ոչ միայն հայկական պատուիրակութեան, այլեւ բոլոր պատուիրակութիւններու եւ ընդհանուր կառոյցի հանդէպ:
«ՍԾՏՀ ԽՎ-ի քսանհինգամեայ պատմութեան ընթացքին նման դէպք երբեք չէ եղած, եւ մենք այդ գործելաոճը կը գնահատենք իբրեւ կառոյցի աւանդոյթներուն եւ էութեան ոտնահարում: Նման աշխատաոճը անընդունելի եւ դատապարտելի է որեւէ խորհրդարանական վեհաժողովի համար: Իբրեւ բողոքի նշան` հայկական պատուիրակութիւնը լքած է Վեհաժողովի դահլիճը:
«Յետագային պարզուած է, որ վերոյիշեալ քննարկման արդիւնքով հռչակագրի մէջ տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններու վերաբերեալ փոփոխութիւն մտցուած է, որ ամբողջովին կը հակասէ միջազգային իրաւունքի` ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքի համալիր սկզբունքին:
«ՍԾՏՀ ԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը բոլոր պատուիրակութիւններուն կոչ կ՛ընէ չտրուիլ սադրանքներու՝ տնտեսական կառոյցը չծառայեցնելու որոշ պետութիւններու քաղաքական շահերուն, դատապարտելու այսօրինակ գործելաոճը եւ վերադառնալու կառուցողական համագործակցութեան դաշտ, ինչ որ կը բխի ՍԾՏՀ ԽՎ-ի էութիւնէն եւ աւանդոյթներէն»: