Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Մեսրոպեանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

Վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ քաղաքական լարուած մթնոլորտը երբեք պատճառ չդարձաւ, որ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս խանդավառութեամբ տօնէ Լիբանանի Անկախութեան օրը, որուն նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան 23 Նոյեմբերին:

Մեսրոպեան Մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին լիբանանեան մշակոյթին եւ բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց հերթին, առանձնաբար տեղի ունեցած հաւաքներու ընթացքին կատարեցին երգեր եւ ընթերցումներ, ներկայացուցին զեկոյցներ Լիբանանի պատմութեան մասին:

Աշակերտութեան խօսքեր ուղղեցին ուսուցչական կազմի անդամներ տիկին Սոնիա Ապեթեան եւ պարոն Էլի Ժաուհարժի, որոնք կոչ ուղղեցին աշակերտներուն՝ որպէս երկրի ապագայ քաղաքացիներ, տէր կանգնիլ հայրենիքին եւ զօրակցիլ Լիբանանեան բանակին: Անոնք շեշտեցին, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ երկրին նկատմամբ եւ լիուլի կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն Լիբանանի վաղուան պայծատ ապագան՝ կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն պահպանելու միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները անոնց հիմքին վրայ ամուր պահելու համար լիբանանեան հայրենիքն ու ընկերութիւնը:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին