Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանը Կը Տօնէ Լիբանանի Անկախութիւնը

Անկախութիւնը ամէնօրեայ յամառ պայքար է: Ան հզօր պետութեան մը մենաշնորհը չէ միայն, այլ ունի սեւէն ճերմակ ինկած բոլոր երանգները՝ մռայլ պարտութենէ մինչեւ վառ յաղթանակ: Ան իր մէջ կը պարփակէ մեծ իմաստ, զոր կարելի չէ պարզել մէկ եւ ընդհանրական միտքի մը մէջ: Իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով կ’ընկալէ զայն եւ կը դաստիարակուի ըստ այդ ուղղութեամբ, որ ինք ընտրած է:

Երկիրի մը անկախութիւնը իր կարգին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ անհատի մը հոգեմտաւոր կազդուրման եւ ազատ արտայայտուելու, կերտելու եւ ապրելու ուղիին մէջ:

Խիստ կարեւոր է մատղաշ սերունդի միտքին մէջ յստակացնել եւ ամրապնդել անկախութեան գաղափարը ու անոր կարեւորութիւնը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնակատարութիւնը ընթացաւ յատուկ երանգաւորումով, որովհետեւ աշակերտներու պատրաստած  յայտագրին կողքին, իր ներկայութեամբ եւ սրտի խօսքով պատուեց նաեւ լիբանանեան բանակի սիրուած եւ օրինակելի նախկին հրամանատար Զօր. Նարեկ Աբրահամեանը, որ, ընդառաջելով վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հրաւէրին, այսօր մեր մէջ գտնուեցաւ՝ իբրեւ հիւր:

Այս յիշատակելի օրը՝ Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2016   վարժարանին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը: Վարժարանիս արաբերէն լեզուի ուսուցչուհիներու ցուցմունքներուն հետեւելով՝ իւրաքանչիւր անձ գործի գլուխ անցած՝ կ՛ուզէր իր լաւագոյնը տալ` պատշաճ ձեւով կազմակերպելու Լիբանանի անկախութեան յուշատօնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամները, ինչպէս նաեւ ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան: Աշակերտները վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ Լիբանանի քայլերգը երգելէ ետք վարժարանիս նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին զինուորական շքերթ՝ միաձայն երգելով լիբանանեան ռազմահայրենասիրական երգ մը ղեկավարութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցիչ Պրն. Արեգ Տաղլեանի, որմէ ետք արաբերէն լեզուի դասատու Տիկ. Նաժուա Եազպէք ներկաներուն փոխանցեց անկախութեան առիթով պատրաստած իր խօսքը, ուր ան վեր առնելով անկախութեան վեհ գաղափարը՝ անոր շունչով դաստիարակուող Լիբանանցի սերունդին կոչ ուղղեց մէկ դրօշակի տակ վերակազմաւորման եւ վերամիաւորման՝ ամրապնդելով Լիբանանի սահամանները, կառչած մնալով անոր սկզբունքներուն, ձեռք-ձեռքի տալով բարգաւաճեցնելու եւ զարգացնելու համար երկիրը, առաւել եւս անքակտելի պահելով Հայաստան-Լիբանան ամրակուռ կապը: Ապա խումբ մը միջնակարգ դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին ազգագրական Լիբանանեան պար (տապքէ):

Հայկական եւ Լիբանանեան ռազմահայրենասիրական երգերով նախակրթարանի Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտները ճոխացուցին մթնոլորտը, որուն յաջորդեց փոքրիկ բեմականցում Լիբանանի անկախութեան մասին՝ խումբ մը աշակերտներու կողմէ, որմէ ետք Դ. դասարանի աշակերտ Ալեքս Գոճայեան արաբերէն աղօթք մը ձօնեց Լիբանանին, որուն յաջորդեց՝ Լիբանանի բնաշխարհը, ճարտարապետութիւնը եւ մշակոյթը ներկայացնող սահիկներու ցուցադրութիւն պատրաստութեամբ Պրն. Պետրոս Սագապետոյեանի:

Պատուարժան հիւրին՝ Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար Զօր. Նարեկ Աբրահամեանի կենսագրականը համառօտ ներկայացուց վարժարանիս արաբերէն լեզուի ուսուցիչ Տիկ. Նաժուա Եազպէք, ուր ան կրկին անգամ արժեւորեց Զօրավարի կեանքին կարեւոր հանգրուանները, տարած ծառայութիւնները Լիբանանեան հայրենիքին ու մասնաւորաբար Լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ մատնանշեց, որ, ըլլալով Այնճար հայաւանի ծնունդ, ան իր հայրենանուէր մասնակցութիւնը նաեւ բերած է Արցախեան բանակի կազմաւորման մէջ՝ տալով իր անսակարկ խորհուրդներն ու փորձառութիւնը, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց յարգելի հիւրը:

Զօր. Աբրահամեան բովանդակալից ու մարմնակրկիտ բացատրութեամբ ներկաներուն փոխանցեց  Լիբանանի պատմութիւնը իր բազմաթիւ հանգրուաններով. անոր կերտած դաժան ուղին, Լիբանանցիին դիմագրաւած այլազան դժուարութիւնները՝ հասնելով մինչեւ փառապանծ անկախութիւն, որ տակաւին այնուհետեւ շարունակելով այդ յաղթերթը՝ իր ներկայութիւնը կը հաստատէ համաշխարհային քարտէսին վրայ: 

Ձեռնարկին աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհին փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն: Ապա վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Տոքթ. Յովիկ վարդանեան  յուշանուէրով պատուեց Լիբանանի նախկին հրամանատար Զօր. Աբրահամեանը:

Իսկ մանկապարտէզի մեր փոքրիկները եւս նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը։ Անոնք իրենց մանկական շունչով ու  անմեղ ոգիով երգեցին ու արտասանեցին սիրելի Լիբանանին համար։ Իրենց պատրաստած կարմիր սիրտերով, ճերմակ աղաւնիներով եւ կանաչ թաթիկներով կազմեցին լիբանանեան հսկայ դրօշակ մը, բեմականացուցին անկախութեան խորհուրդը, դրօշակները բարձր բռնելով՝ տողանցեցին մանկապարտէզի մուտքին։ Իսկ տուն վերադարձին իրենց կուրծքին վրայ ունէին սրտաձեւ լիբանանեան դրօշակը, զորս նախապէս  պատրաստած էին։

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
 Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին