Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամին 7-17 Հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ դէպի Հայաստան շրջապտոյտ մը, որուն մասնակցեցան ՃՅՁ-ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներ, Միացեալ Նահանգներէն՝ Երիցական Եկեղեցւոյ պատասխանատուներ եւ այլ քաղաքացիներ:
Այցելուները առիթ ունեցան տեսնելու մատենադարանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկն ու Ծիծեռնակաբերդ յուշակոթողը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Նորավանք ու Խոր Վիրապ, Տաթեւի վանք, Սեւանայ լիճ, Գեղարդ ու Գառնի եւ ծանօթացան հայկական ճարտարագիտութեան ու խաչքարերուն: Անոնք հիացան՝ տեսնելով հինաւուրց եւ թանկարժէք գանձերը մեր մշակոյթին ու պատմութեան եւ մօտէն ծանօթացան տարբեր շրջաններու, ինչպէս՝ Արմաւիր, Կիւմրի, Աղուերան ու Գորիս: Այցելուները ականատես եղան Հայաստանի Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամի կարգ մը բարգաւաճման ծրագիրներու գործունէութեան՝ այցելելով իրենց զանազան աշխատանքներուն, եւ մասնակցութիւն բերին զանազան ծրագիրներու՝ իրենց խորհուրդը եւ փորձառութիւնը փոխանցելով ուսանողներուն եւ գիւղատնտեսներուն:
Հոկտեմբեր 8-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց այցելուները գլխաւորութեամբ ՃՅՁ-ի հոգաբարձութեան խորհրդատու մարմնի անդամ Մայքըլ Յարաթիւնեանի եւ իր կնոջ Մարիին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Երիցական Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Առաքելութեան տնօրէն Վերապատուելի Խօսէ Լուիս Քասալը եւ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն Էլիզա Մինասեանը:
Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամը Հայաստանի մէջ իրագործած է զանազան ծրագիրներ՝ օգտակար դառնալով երկրին, յատկապէս դժուար տարիներուն ու կարեւոր ներդրում բերած է Մայր Աթոռի թեմերու աշխատանքներուն ու հոգեւոր կառոյցներուն եւ իրականացուած կրթական, ընկերային եւ համայնքային ծրագիրներուն:
Հանդիպման աւարտին ան պատասխանեց հիւրերուն հարցումներուն, ապա այցելելէ ետք թանգարան անոնք ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին:
14 Հոկտեմբերին Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը Երեւանի Գ. Սունդուկեան Ազգային ակադեմական թատերասրահին մէջ տօնեց գործունէութեան 50-ամեակը:
Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի Ամերիկայի գրասենեակի տնօրէն տիկին Էլիզա Մինասեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հիմնադրամը ստեղծուած է Վարդան Ճինիշեանի կտակին համաձայն եւ բազմաթիւ ծրագիրներ իրագործուած են Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ՝ օգնելով առողջապահական, ընկերային եւ համայնքային զարգացման մարզերուն մէջ:
Ապա խօսք առաւ Սփիռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ շնորհակալ է «Ճինիշեան»-ի աջակցութեան համար, որովհետեւ օժանդակած է ջաւախքահայութեան եւ վրացահայութեան, ինչպէս նաեւ օգնած է Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի հայերու զարգացման: Ապա ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ պարգեւագիր մը փոխանցեց «Ճինիշեան»-ին, ինչպէս նաեւ մետալ մը՝ ազգին ծառայութեան համար: Իսկ Միացեալ Նահանգներու Երիցական Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Առաքելութեան տնօրէն Վերապատուելի Խօսէ Լուիս Քասալ տուաւ յուշանուէրներ «Ճինիշեան»-ի Միացեալ Նահանգներու խորհրդատու մարմնի ատենապետուհի տիկին Վիքի Չոփուրեան-Կերթին եւ տիկին Էլիզա Մինասեանին: Յաջորդաբար խօսք առին Սուրիոյ տնօրէն տիկին Թալին Թոփալաքեան, Լիբանանի տնօրէն օրդ. Փօլին Սաղըրեան եւ Հայաստանի տնօրէն տիար Արմէն Յակոբեան, իսկ վրացահայոց թեմի Առաջնորդին կողմէ եկած պատուիրակութիւնը արուեստի գործ մը նուիրեց՝ իբրեւ գնահատանք «Ճինիշեան»-ի գործունէութեան Վրաստանի մէջ:
50-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն ետք հիւրեր եւ ժողովուրդէն հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» գիրքէն առնուած եւ մասնաւորաբար 50- ամեակին առթիւ պատրաստուած երաժշտախառն թատերախաղին , որուն բացման խօսքին մէջ տիկին Էլիզա Մինասեան բեմ հրաւիրեց տարիներով Ճ.Յ.Ձ.-ին ծառայած պաշտօնեաներն ու խորհրդատու մարմնի անդամներ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անձնուէր ծառայութեան համար:
Հայաստան շրջապտոյտին մասնակցողները մեկնեցան՝ իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ եւ նորանոր գիտելիքներ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն մասին, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթացան «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի լայնածաւալ գործունէութեան՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին: