Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ Կը Նշուի Լիբանանի Անկախութեան 74-Րդ Տարեդարձը

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ատենամարզանք ներկայութեամբ վարժարանիս տնօրէն գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի, հիւր բանախօս զօրավար Մանուէլ Քիրէճեանի, ակադեմական մեծաւորուհի Օրդ. Նելլի Տէր Ղազարեանի, վարչական մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեանի, վարժարանիս անձնակազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներու հոծ բազմութեան:

            Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Դուին Էքշեան ըսաւ, որ բանաստեղծները միշտ ալ գովերգած են Լիբանանը ու անոր ուրախալի առիթները, մանաւանդ իւրայատուկ տօնը անկախութեան, որ յիշատակն է ազատութեան եւ արժանապատուութեան: Ան նշեց, թէ բոլորս կը մեծնանք մեր հայրենիքով ու հայրենիքը կը մեծնայ մեզմով, կ’ուրախանանք իրեն համար, որ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կրցաւ դիմադրել ու տոկալ եւ անկարելին իրագործել իր անկախութեամբ եւ ժողովուրդին միասնականութեամբ:

Յայտագրի առաջին բաժնով մանկապարտէզի աշակերտները լիբանանեան հայրենիքին ու դրօշակին նուիրուած արտասանութիւն եւ երգ կատարեցին հայերէնով եւ արաբերէնով: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանի աշակերտները՝ բանաստեղծութեամբ, արուեստից բաժանմունքէն խումբ մը՝ երգով, 6-րդ կարգի աշակերտները՝ թատերական երաժշտախառն ներկայացումով, 2-րդ, 3-րդ եւ 5-րդ դասարանի աշակերտները՝ երգերով, 4-րդ եւ 7-րդ դասարանները՝ ասմունքներով, իսկ 8-րդ դասարանը՝ լիբանանեան զաժալով:  

 Օրուան հիւրը զօրավար Մանուէլ Քիրէճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ անկախութիւն կը նշանակէ որոշելու ազատութիւն ունենալ առանց որեւէ կողմի միջամտութեան: Ան ըսաւ, թէ 1943-ին լիբանանցիները անկախութիւն ձեռք բերին իրենց հայրենիքին, զոր կը բաղկանայ հողէ ու ժողովուրդէ, եւ ժողովուրդն է, որ կը պահպանէ իր երկրին հողը: Պետութիւնը իր կարգին տէր կը կանգնի անկախութեան, որպէսզի ժողովուրդը ապրի արժանապատուութեամբ: Ան մղեց աշակերտները՝ որպէս նոր սերունդի անդամներ,  ուսումի եւ աշխատանքի ճամբով սատարելու անկախութեան պահպանման՝ այդպիսով ծառայելով հայրենիքին: Ան նաեւ վեր առաւ բանակին դերը, որ ոչինչ կը խնայէ պաշտպանելու համար երկիրը եւ անոր անկախութիւնը: Ապա աշակերտները դիտեցին զօրավարին ներկայացուցած տեսաերիզը՝ բանակին սխրագործութիւններուն մասին:

Գերյարգելի Եղիայեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ, ըստ փիլիսոփաներուն, Աստուծոյ սիրողը կը սիրէ նաեւ իր հայրենիքը, ուստի բոլորս կոչուած ենք՝ պահպանելու այս գեղեցիկ երկիրը, տէր կանգնելու եւ ծառայելու մեր երկրորդ հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ այս էր այսօրուան հանդիսութեան ուղղած պատգամը՝ միաժամանակ շնորհաւորելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով այս յայտագիրը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ զայն ներկայացուցած աշակերտներուն:

             Հուսկ, տնօրէն հայրը եւ զոյգ մեծաւորները յուշանուէրով մը պատուեցին զօրավար Քիրէճեանը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին