*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Օտարերկրեայ Զբօսաշրջիկներու Աճ՝ Շուրջ 40 Տոկոսով
Արցախ ժամանած օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու քանակը 2017 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն աճած է 40 տոկոսով՝ 2016 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատած:
Նախորդ շաբաթ այս թիւերը ներկայացուցած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը: Միաժամանակ զբօսաշրջութեան բնագաւառի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով զարգացման բարձր ցուցանիշներ արձանագրած են: Ամենաշատ այցելու ունեցող զբօսաշրջավայրերը կը շարունակեն մնալ Շուշին, Գանձասարը, Տիգրանակերտը: Աստիճանաբար նաեւ նոր անունները հանրահռչակելուն ուղղուած ջանքերը արդիւնքներ կու տան: Խօսքը, մասնաւորապէս, զբօսաշրջային հարաւային երթուղիի կարեւոր կէտերէն մէկուն՝ Տողի մելիքական ապարանքի մասին է: Միւս կողմէ, Վարդենիս-Մարտակերտ ուղիի ասֆալտի պատումէն ետք Արցախի հիւսիսային մասը գտնուող զբօսաշրջավայրերուն հասնիլը անբաղդատելիօրէն դիւրացած է: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին դէպի Դադիվանքի վանական համալիր այցելութիւններու հոսքը աննախադէպ աճած է:

Եւս մէկ նոր տուեալ կը նկատուի. զբօսաշրջիկները սկսած են բաւականին շատ օգտուիլ զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոններու ծառայութիւններէն: Առայժմ երկուքն են. մէկական հատ Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Պահանջարկի աճը հաշուի առնելով՝ կը նախատեսուի սկսիլ նոր ծրագիր մը, որ զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն կու տայ իւրաքանչիւր օրուան անցուդարձի մասին տեղեկատութիւն ստանալ: Նոր ծրագիրը կը սկսի գործել 2018 թուականէն, իսկ այս տարուան գլխաւոր խնդիրը ոլորտի պատասխանատուները կը համարեն 40 տոկոսանոց աճը, որ արդէն իրականութիւն է ինն ամսուան համար, պահպանել մինչեւ տարեվերջ:
«Ասոր համար այս տարի փորձած ենք նոր մօտեցումներ որդեգրել՝ Արցախը ներկայացնելով ոչ միայն պատմամշակութային յուշարձաններով հարուստ, այլեւ հաճելի ժամանցի հնարաւորութիւններով յագեցած երկիր: «Ճանապարհ Թրայլ»-ը, որ հետիոտն արահետ է Ծար գիւղէն մինչեւ Հադրութ՝ Արցախի հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, այդ քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկն է: Նաեւ արկածային զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու ծրագիրներ սկսած ենք, ՀՀ-էն գործընկերներ ներգրաւած ենք»,- լաւատեսութիւնը՝ կատարած աշխատանքներով կը հիմնաւորէ մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը:

Ստեփանակերտ