Խստիւ Կը Դատապարտենք Կուսակցութեան Անունը Չարաշահողները
Անվերապահօրէն Զօրավիգ ենք
Յունաստանի Մէջ Հայրենի Դեսպանին.
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն
Վերջերս ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանակի անունը շահագործող եւ անստորագիր յայտարարութիւններով հանդէս եկող խմբակ մը, շրջանցելով բարոյական ամէն արժանիք, իր հակակուսակցական գործունէութիւնը հանգրուան մը եւս յառաջ քշելով՝ հասած էր ազգադաւ այնպիսի մակարդակի մը, ուր մեր պանծալի կուսակցութեան 96-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան մը պատրուակով հրաւիրած էր Տիկ. Տորա Պաքոյաննիս՝ որպէս օրուան բանախօս, որ քաջածանօթ է Ազրպէյճանի հետ իր սերտ գործակցութեամբ:
Այս ուղղութեամբ եւ օրին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս 7 Նոյեմբեր 2017 թուակիր յայտարարութեամբ մը դատապարտեց Աթէնքի մէկ պանդոկին մէջ կայանալիք կասկածելի բնոյթով եւ բովանդակութեամբ այդ ձեռնարկին կազմակերպումը՝ պատկան մարմիններուն եւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն տեղեկացնելով, որ նշեալ ձեռնարկը եւ զայն կազմակերպողները ո՛չ մէկ կապ ունին կուսակցական օրինական կառոյցին հետ:
Այսօր իր ուղեգիծէն շեղած «Նոր Աշխարհ» թերթն ու ինքզինք որպէս ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ ներկայացնող՝ «Պայքար» կոչուող յերիւրածոյ հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալներուն ծառայող ելեկտրոնային նամակներու կեղծ եւ շինծու հասցէատէրեր անբարոյ պայքար մը ձեռնարկած են Յունաստանի մէջ ՀՀ Վսեմափայլ դեսպան Պրն. Ֆատեյ Չարչօղլեանի դէմ՝ ամենաստորին ձեւերով փորձելով ցեխարձակում կատարել յարգելի դեսպանին հասցէին: Մեր կուսակցութեան հանդէպ Պրն. Ֆատեյ Չարչօղլեանի նման յատուկ յարգանք եւ հոգածութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը դէմ նման ցեխարձակումը մեզի համար աւելի քան անընդունելի եւ դատապարտելի է: Այս ցեխարձակումը անպատասխանատու, անմիտ ու անարդար փորձ մըն է անշուշտ՝ արդարացնելու ձեռնարկին խայտառակ վախճանը, որ տեղի ունեցած է ի բացակայութիւն պաշտօնական հիւրերու, քոյր կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ կրօնական թէ ազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նոյն ինք խնդրոյ առարկայ բանախօսուհիին:
Վերոյիշեալ խմբակը ու անոր ետին կանգնող Հիւսիսային Ամերիկա, Անգլիա եւ Երեւան բնակող հովանաւորներ՝ չբաւարարուելով բեմ տալ համարձակիլ հակահայ անձնաւորութեան մը, որ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի անդամակցութեան իր օրերուն ի նպատ քուէարկած է հակահայ զեկոյցներու, այսօր իր ցեխարձակումներով թեւակոխած է շատ աւելի վտանգաւոր հանգրուան մը, որն է դիւանագիտական հարցեր հրահրել Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ, որ միայն կրնայ ծառայել Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն:
Վերջապէս սոյն յայտարարութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս անգամ մը եւս կը դատապարտէ մեր Կուսակցութեան անունը չարաշահող, իրենց պատկանելիութեամբ կասկածելի անհատներու ազգադաւ գործունէութիւնը՝ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելով Յունաստանի մէջ ՀՀ Վսեմաշուք դեսպան Պրն. Ֆատեյ Չարչօղլեանին, որ արժանաւորապէս եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կը վարէ իր պաշտօնը:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ
23 Նոյեմբեր 2017