Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Լաւ Պիտի Ըլլար, որ Ատրպէյճանի Խօսքերը Համապատասխանէին Անոր Գործերուն. Նալպանտեան

«Խնդիրը այն է, որ պէտք է գործը խօսքերու հետ համընկնի եւ չշեղի: Ատրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւնները կը տարբերին անոնց գործողութիւններէն»,- այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը` պատասխանելով ռուս լրագրողի հարցին, թէ ինչո՛ւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը կը ձգձգուի, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը երէկ յայտարարած է, որ կողմնակից է հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման:

Նախարարը յիշեցուցած է կարգաւորման ուղղուած քանի մը այդպիսի դէպք. « Կազանի նախօրէին մենք ԱԳ նախարարներու մակարդակով հանդիպումներ ունեցանք, որպէսզի համաձայնեցնենք հիմնական սկզբունքներուն նիւթը, որ յետագային պէտք է ներկայացուէր նախագահներուն: Գագաթաժողովէն տասը օր առաջ մենք ստացանք ուղեկցող նամակ` ներառեալ նիւթերը, ուր յստակ ներկայացուած էր, որ համաձայնութեան նիւթերուն մէջ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան, բայց ատրպէյճանցիները Կազան եկան 12 փոփոխութիւններով` նահանջելով մէկ քայլ ետ։

Ասիկա առաջին անգամը չէր, աւելի առաջ եղած է Սոչիի մէջ 2011 Մարտին, նոյնը եղած է Հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ, 2010 Յունիսին՝ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: Ատիկա եղած էր նաեւ Կազանէն ետք: Չանդրադառնամ բոլոր հանդիպումներուն, պարզապէս յիշեցնեմ, որ բառացիօրէն Վիեննայի ու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ մենք որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերինք, բայց յետոյ անոնք յայտարարեցին, որ որեւէ բանի շուրջ ալ չեն համաձայնած: Անոնք յայտարարեցին, թէ թիւրըմբռնում եղած է»:

Նալպանտեանը նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի համանախագահող երկիրը չորս անգամ կապ հաստատած էր ատրպէյճանական կողմին հետ, անոնք ամէն անգամ հաստատած են, որ, այո՛, մենք համաձայն ենք, որ ֆինանսաւորուի ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի` դեսպան Անճէյ Գասպրչիկի խումբին ընդարձակումը, բայց չորս ագամ ԵԱՀԿ պիւտճէթային յանձնաժողովին մէջ արգելափակած են այդ հարցը:

«Հայաստանը, Արցախը եւ Ատրպէյճանը  քանի մը անգամ համաձայնած են նաեւ դադրեցնելու կրակը սահմանագիծին վրայ, բայց  ամէն ինչ ճիշդ ու սուտ գործածելով ատրպէյճանցիները կը փորձեն նահանջել այդ համաձայնութիւններէն: Ես կը կրկնեմ՝  լաւ պիտի ըլլար, որ Ատրպէյճանի խօսքերը համապատասխանէին անոր գործերուն»,- ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Նալպանտեանը ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է շարունակելու բանակցութիւնները հասնելու համար հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին