Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ըլլայ Հայաստան-ԵՄ շրջանակային համաձայնագիրին ստորագրումը: Պաշտօնական Արցախը կ՝ողջունէ համաձայնագիրին ստորագրումը:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեանը «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ դժուար է կանխորոշել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ ապագան: Այնուամենայնիւ, պատգամաւորը կը կարծէ, որ ժամանակն է «եւ,եւ»-ի ընտրութեան անցնելու, չհրաժարելու բոլոր այն հնարաւոր հարթակներէն, ուր մենք կրնանք մասնակցութիւն ունենալ: «Ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ ապագան՝ դժուար է կանխորոշել, որովհետեւ միշտ չէ, որ այն ակնկալիքները, որոնցմով մենք որեւէ համաձայնութեան կը հասնինք, կու տան իրենց դրական արդիւնքները: Յուսանք, որ անիկա բարենպաստ պիտի ըլլայ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի համար:
Անդրադառնալով ԱլԳ հռչակագիրին, ուր խօսք կայ տարածքային ամբողջականութեան մասին, Արզիկ Մխիթարեանի կարծիքով անոնք շտկուած պիտի ըլլան. «Ճի՛շդ է, ենթակէտերը շատ են, բայց ես լիայոյս եմ, որ շտկուած պիտի ըլլան»,- ըսած է պատգամաւորը:
Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի կարծիքով այս համաձայնագիրը իր բնոյթով աւելի շատ տնտեսական է: «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Դաւիթ Բաբայեանը նշած է, որ այս համաձայնագիրը Հայաստանին հնարաւորութիւն պիտի տայ ԵՄ-ի հետ տնտեսական կապերը նոր, աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու: Իսկ թէ որքա՛ն կրնայ այդ համաձայնագիրը զօրացնել Հայաստանի դիրքերը արցախեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը դժուարացած է ըսել: «Այստեղ պէտք է հաշուի առնել բազմաթիւ գործօններ, ԵՄ-ի ընդգրկուածութիւնը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ, իսկ անոնք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ այդպէս ալ ընդգրկուած չեն, քանի որ ատիկա տեղի կ՝ունենայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս: Ընդհանուր առմամբ` ասիկա աւելի կարեւոր է մեր արտաքին քաղաքականութեան բազմաուղղուածութիւնը պահպանելու տեսանկիւնէն»,- աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեան: Անոր դիտարկումով` այս համաձայնագիրը պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, իսկ ասիկա նաեւ իր հերթին պիտի նպաստէ Արցախի տնտեսական զարգացման, որ կը նշանակէ, թէ Արցախի պետականութեան համար նոր «հոսանքներ» պիտի յառաջանան: Դաւիթ Բաբայեանի խօսքերով` մենք պարզապէս իրաւունք չունինք «եւ,եւ» մօտեցումը փոխարինելու «կամ,կամ»-ով, ասիկա պիտի տանի ճակատագրական անկանխատեսելի զարգացումներու: «Մենք քանի մը անգամ այդպիսի բան ըրած ենք մեր պատմութեան մէջ, որուն արդիւնքը մեզի համար շատ ծանր եղած է, հետեւաբար այդպիսի մօտեցում պէտք չէ թոյլ տանք նաեւ ապագային: Մենք պարզապէս պարտաւոր ենք բնականոն յարաբերութիւններ պահպանելու բոլոր այն երկիրներուն հետ, որոնք ունին հայկական Սփիւռք»,- ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը:
Անդրադառնալով ԱլԳ հռչակագիրին` ան նշած է, որ մենք չենք կրնար տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին դէմ ըլլալ, բայց հարց է, թէ տարածքային ամբողջականութիւնը ինչպէ՛ս կը դիտարկուի: Այս է խնդիրը: Ազրպէյճանը իւրովի կը դիտարկէ, մենք այլ ձեւ կը դիտարկենք:
«Կայ մէկ յստակ ուղղութիւն եւ ատիկա ապացուցուած է նաեւ վերջին տասը-տասնհինգ տարուան ընթացքին իրականացուած հանրաքուէներուն միջոցով, օրինակ` Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, ուր կրկին շեշտուած է, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար սահմանափակուիլ տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքով, այսինքն` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ստորադաս չէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին»,- աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեան: