Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ – ԺԸ – «Յարութիւն Կալենցի Արուեստանոցը Դարձաւ Իմ Իտալիան» Կալենցի Թանգարանին Մէջ

 *ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

<<Զարթօնքի>> արդէն աւանդոյթ դարձած պտոյտները մեզ հասցուցին հայ հանճարեղ նկարիչ Յարութիւն Կալենցի տուն-թանգարան: «Կալենց թանգարանը» հանրութեան առաջ իր դռները բացած է 2010 թուականի Ապրիլ 27-ին,  մեծանուն գեղանկարիչ Յարութիւն Կալենցի մահէն 40 տարի անց: Կալենցի ստեղծագործութիւնը նոր ուղիներ սահմանանշեց հայ արուեստին մէջ եւ խորհրդային կարգերու օրերուն նոր սերունդի համար արգիլուած դռներ բացաւ դէպի առանձին անհատի հոգեւոր աշխարհ եւ անհատական աշխարհընկալման ու գեղարուեստական ինքնաարտայայտման ազատութիւն: Իր ստեղծագործութեան շնորհիւ հայ խորհրդային արուեստ ներթափանցեց եւրոպական գեղանկարչական մշակոյթը, որ հայրենի հողին վրայ վերածուեցաւ Կալենցի եզակի, անկրկնելի արուեստին:

«Կալենց թանգարանը» ստեղծուած է Յարութիւն Կալենցի ընտանիքի` իր տիկնոջ, նկարչուհի Արմինէ Կալենցի եւ որդիներ` Սարօ եւ Արմէն Կալենցներու միահամուռ ջանքերով, որոնց մասնաւոր հաւաքածոները հանդիսացան ժթանգարանային ցուցադրութիւններուն հիմքը:

«Կալենց թանգարանը» ստեղծուած է երկու արուեստագէտներու կողմէ 1946 թուականին հիմնուած տուն-արուեստանոցի վայրին մէջ, զոր  կառուցած էին Պէյրութէն Խորհրդային Հայաստան գալէ ետք մնայուն բնակութիւն հաստատելու նպատակով: Այդ արուեստանոցը դարձած էր Երեւանի կարեւոր մշակութային օջախներէն մէկը, ուր կը հաւաքուէին, ինչպէս հայաստանաբնակ, այնպէս ալ արտերկրէն ժամանած յառաջադէմ մարդիկ:

Այս շաբաթ մեր զրուցակիցը Կալենց թանգարանի տնօրէն Լարիսա Կատասանովան է, որ պիտի պատմէ Կալենցներու հանդիպած բազում դժուարութիւններու, ինչպէս նաեւ թանգարանի գործունէութեան մասին:

«Զ.» – Տիկին Լարիսա, ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ ծնաւ Յարութիւն Կալենցը:  Ստեղծագործական ի՞նչ ուղի անցած է:

«Լ. Կ.» – Յարութիւն Կալենցը  ծնած է 1910 թուականին Օսմանեան կայսրութեան Սեբաստիա նահանգի Կիւրիւն (ներկայիս Կիւրին)  գիւղաքաղաքը :  Ան ծնած է մեծ ընտանիքի մէջ, որոնց արմատները Անի քաղաքէն է: Ընտանիքին մէջ կը պատմէին, որ Անի քաղաքէն գաղթած ազնուական ընտանիք եղած են եւ սկիզբը կոչուած են Ֆերմանեան , որ բառացի թարգմանութեամբ կը նշանակէ հրովարտակ: Իսկ երբ այլազգիները սկսեր են ոչնչացնել հայ ազնուական ընտանիքները, Ֆերմանեանը դարձեր է Խարմանդեան: Խարման թրքերէնով կը նշանակէ կալ. կասլ եւ ահա կալս բառը Կալենցի վերածեց ինքը Յարութիւնը: Ընտանիքի փոքր եղբայրը նույնպէս իւրացուց այդ ազգանունը, եւ չորս եղբայրներէն երկուքը դարձան Կալենց:   Կալենցի աւագ եղբայրներու պատմութիւններէն գիտենք, զորս գրի առած է Արմինէ Կալենցը իր <<Ներիր ինձ Յարութիւն>> կենսագրական գիրքին մէջ,  որ ան ծնած է Զատկուան տօնին յաջորդող գիշերը, այդ իսկ պատճառով զինք անուանած են Յարութիւն: Կալենցը ընտանիքի չորս եղբայրներէն երրորդն էր: Իր ծնողները` Տիրատուրն ու Ալմաստը, ունեւոր մարդիկ էին. ընտանիքը գորգերու եւ շալերու գործարանի սեփականատէրն էր, որու արտադրանքը Եւրոպա կ’արտահանուէր: Օսմանեան կայսրութեան մէջ Մեծ եղեռնի տարիներուն փոքրիկ Յարութիւնը եւ իր եղբայրները հրաշքով կը փրկուին խոշտանգումներէն ու մահէն: Յարութիւնի մայրը կը յաջողի իր երեք զաւակները փրկել աքսորէն: Ան կը հեծնայ սպիտակ ձին, որ  Յարութիւնին կը պատկանէր, զաւակներուն կը կապէ  ձիու մէջքէն եւ ճամբայ կ’ելլէ դէպի Սուրիա:  Յարութիւնը չորս տարեկան էր, երբ մանկապարտէզի տարեվերջեան հանդէսին պէտք է բեմէն արտասաներ, բայց ան բեմին վրայ կանգնած կը լռէ, իսկ առաջին շարքը նստած էր իր մեծ հայրիկը, որ տեսնելով Յարութիւնին՝ կը խոստանայ սպիտակ ձի նուիրել իրեն, որմէ ետք անոր լեզուն կը բացուի: Եւ, ի հարկէ, սպիտակ ձին եկաւ տուն եւ դժբախտութեան օրերուն դարձաւ Յարութիւնի մայրիկի միակ օգնականը` թոյլ տալով հեծնել իրեն, երեխան ալ իր գիրկը եւ քալել աքսորի ճամբաներով:  Հասնելով Հալէպ՝  Ալմաստը` Յարութիւնի մայրը, կը մահանայ հիւանդանոցին մէջ եւ եղբայրներուն կը պատսպարէ հայ որբերու համար բացուած ամերիկեան որբանոցներէն մէկուն մէջ: Հոն ալ` որբանոցի դպրոցին մէջ ընդամէնը չորս տարի սորվելով՝ Յարութիւնը կը ստանայ իր սկզբնական կրթութիւնը: Կալենցի ինքնուրոյն կեանքը շատ կանուխ կը սկսի: Հազիւ տասը տարեկանին ան հրաժեշտ կու տայ որբանոցին եւ ժամանակաւոր կերպով ապաստան կը գտնէ հօրեղբօրը քով: Երիտասարդ Կալենցը, մէկ կողմ դրած գիրքն ու գիրը, կը կառչի իր միակ կիրքին` նկարչութեան: Գեղագրութիւն կը սորվի, կը փորձէ աշխատիլ իւղաներկով:

Երբ Կալենցը 15 տարեկան էր ան կը ծանօթանայ հայ գեղանկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի հետ (այդ ժամանակ Վիեննայի Գեղարուեստի դպրոցի ուսանող),  ով Հալէպ կ’անցընէր իր ամառնային արձակուրդը: Երկու-երեք ամառնային ամիսներու ընթացքին Կալենցը գեղանկարչութեան դասեր կ’առնէ Օննիկ Աւետիսեանէն: Թերեւս ասիկա եղաւ երիտասարդ Կալենցի առաջին մասնագիտական դպրոցը: Օննիկ Աւետիսեանը նկատելով պատանիի գեղանկարչական ձիրքը՝ անոր խրախուսելու համար կը գնէ Կալենցի աշխատանքներէն մէկը: Կալենցը կ’ապրի Հալէպ մինչեւ  17 տարեկան: Արուեստանոց կը վարձէ, կը նկարէ եւ կը վաճառէ դիմանկարներ ու ժանրային կտաւներ՝ ձեռք բերելով արդէն որոշակի համբաւ:

«Զ.» -Ի՞նչ նշանակութիւն ունի ֆրանսացի նկարիչ Քլոդ Միշլեն Կալենցի կեանքին մէջ:

«Լ. Կ.»1927 թուականին Կալենցը կը տեղափոխուի Թրիփոլի` Լիբանան, ուր աւելի կանուխ հաստատուած էին իր երկու աւագ եղբայրները, որոնք արդէն կը հիմնէին «Հարմանդ» լուսանկարչատունը (ցուցանակը առ այսօր պահպանուած է Թրիփոլիի ռազմական գործողութիւնների պատճառով կիսաւեր դարձած շէնքի ճակատին):

Այդ ժամանակ հայերէնի թարգմանելով  Հարմանդայեան ազգանունը՝  ան կը սկսի իր գեղանկարչական աշխատանքները ստորագրել Կալենց անունով , ֆրանսական տառադարձութեամբ՝ Galentz: Հոս Կալենցը կը ծանօթանայ ֆրանսացի նկարիչ Քլոդ Միշլեյին, սկիզբ կը դրուի իրենց երկարամեայ բարեկամութեան եւ ստեղծագործական միութեան: Միշլենը շատ կը հրապուրուի Կալենցի ստեղծագործութիւններով ու կ’առաջարկէ Կալենցին իրեն հետ համագործակցիլ, որոնք միասին կը շրջագային Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, կը կազմակերպեն ցուցահանդէս-վաճառքներ: Միշլեն կը դառնայ Կալենցի ամենամտերիմ ընկերներէն մէկը: 1930 թուականին Կալենցը կը տեղափոխուի Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութ, ուր Միշլեյի խնդրանքով կը վարէ իր արուեստանոցին կից գեղարուեստական ուսումնարանը՝ դասաւանդելով գեղանկարչութիւն եւ գծանկարչութիւն:  Այդ արուեստանոցին մէջ երկար ժամանակ աշխատելէ ետք Կալենց արդէն հնարաւորութիւն ունեցաւ հիմնել իր սեփական արուեստանոցը:

Կալենցը Լիբանան ապրեցաւ քսան տարի (1926 –էն 1946), որ բաւականին երկար ուղի էր: Հակառակ իր որբ ըլլալուն՝ ան կարողացաւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին անուն ձեռք բերել եւ դառնալ Պրն. Կալենց:

«Զ.» – Իսկ Յարութիւնը ե՞րբ  հանդիպած է իր կնոջ` նկարչուհի Արմինէ Կալենցին: Ի՞նչ ուղի անցած է նաեւ իր կինը:

«Լ. Կ.»1938 թուականին Պէյրութի իր արուեստանոցին մէջ ան կը հանդիպի  իր ապագայ կնոջ` Արմինէ Պարոնեանին, որ Կալենցի մօտ ուսանելու համար Հալէպէն  տեղափոխուած էր Պէյրութ: 1938-ին Արմինէն կը ծանօթանայ Օննիկ Թոփուզեանին, որ իրեն կը յայտնէ Պէյրութ ապրող հայ նկարիչ Յարութիւն Կալենցի մասին: Արմինէն անմիջապէս կը մեկնի Պէյրութ: Քլոտ Միշլեյի արուեստանոցին մէջ ան կը ծանօթանայ  Յարութիւն Կալենցի հետ ու կը դառնայ անոր ուսանողը: «Իմ Իտալիան դարձաւ Յարութիւն Կալենցի արուեստանոցը» կ’ըսէ Արմինէն:  Առաջին տարին Յարութիւն Կալենցի արուեստանոցին մէջ կ’անցնի խիստ աշխատանքային ծրագիրներով: Արմինէյի զարգացումը այնքան արագ կ’ընթանայ, որ արդէն 1939 թուականին  հնարաւորութիւն  կ’ունենայ ընդգրկուելու Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք համաշխարհային ցուցահանդէսին` Լիբանանի տաղավարի ձեւաւորումը իրականացնող աշխատանքային խումբին մէջ, որով կ’արժանանայ Լիբանանի կառավարութեան պատուոգիրին: 1943 թուականին Կալենցը եւ Արմինէն կ’ամուսնանան Պէյրութի Սբ. Նշան եկեղեցիի խորանի իր իսկ հեղինակած Տիրամօր հովանու ներքոյ: 1944 թուականի Փետրուարին իրենց առաջնեկը` Արմէնը կը ծնի: Կալենցները Պէյրութի մէջ համատեղ ապրեցան, աշխատեցան եւ շատ մեծ ժառանգութիւն ձգեցին այդտեղ: Մեր Լիբանան այցելութիւնները ապացուցեցին, որ այնտեղ շատ մեծ ուսումնասիրութեան դաշտ կայ: 

1946 թուականին Յունիս ամսուն հայրենադարձներու առաջին քարաւանով Կալենցներու ընտանիքը կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան: «Առաջին եւ ամենայուզիչ տպաւորութիւնը Մասիսն էր: Անոր սպիտակահեր գագաթը կարծես արքայական, աստուածային բան մը կը պարունակէր իր մէջ»:  Արմինէն ընտանիքի հետ կը հասնի Հայաստան: Հաստատուելով Երեւան՝ Կալենցները պզտիկ սենեակ կը վարձեն` այն ժամանակ Երեւանի ծայրամասը (այսօր ա Կոմիտաս փողոցի երկաթուղիի շրջակայքն է): Արմինէն այդ ժամանակ արդէն կը սպասէր իր երկրորդ մանչին` Սարօ Կալենցի ծնունդին:

1968  թուականին Կալենցի մահէն մէկ տարի անց, Արմինէ Կալենցի ջանքերուն շնորհիւ Երեւանի մէջ  Խորհրդային Միութեան տարիներուն իր նախադէպը չունեցող «ոչ պետական հաստատութիւն» կարգավիճակով բացուեցաւ Յարութիւն Կալենցի պատկերասրահ-արուեստանոցը, որ բաց էր բոլոր այցելուներուն համար` ընդհուպ մինչեւ Կալենցներու տան վերակառուցման եւ շինարարական աշխատանքներու սկիզբը ու վերափոխումը «Կալենց Թանգարանի»: Ընդամէնը տասը տարուան ընթացքին Կալենցի որդին Սարո Կալենցը, որ նույնպէս նկարիչ էր եւ շատ ուսումնասիրած էր իր հօր արուեստը, միշտ կ’ըսէր `որպէս նկարիչ միշտ կ’ապշէր, որ ինչպէս կրնար մարդը Պէյրութէն Հայաստան գալ եւ դաշտէն դուրս ըլլալով` լռելով տասը  տարուան ընթացքին ստեղծեց այնպիսի մեծ գործեր, որպիսին ստեղծեց Յարութիւն Կալենցը: Կալենցը  մեծ յեղափոխութիւն մտցուց հայ արուեստի մէջ: Այդ նկարչութիւնը, որ ինք կ’ընէր, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ ոչ-ոք  կ’ընէր: Նկարել գոյնով, ստեղծել ոչ թէ իրական պատկեր, այլ հոգեկան աշխարհ,  պատկերել մարդոց ներքին աշխարհը: Կալենցը կենդանութեան օրօք Հայսատանի մէջ հնարաւորութիւն ունեցաւ իր արուեստը ներկայացնելու ընդամէնը մէկ անգամ 1962  թուականին Երեւան՝ նկարիչներու  միութեան կեդրոնը տեղի ունեցած անհատական ցուցահանդէսի ժամանակ :

«Զ.» -Ե՞րբ հիմնադրուած է թանգարանը եւ իր դռները բացած հանրութեան առջեւ:

«Լ. Կ.» – «Կալենց թանգարանը» հանրութեան առջեւ իր դռները բացաւ 2010 թուականի Ապրիլ 27-ին`  Յարութիւն Կալենցի մահէն 40 տարի անց: «Կալենց թանգարանը» ստեղծուած է Յարութիւն Կալենցի ընտանիքի` իր կնոջ եւ երկու զաւակներու միահամուռ ջանքերով, որոնց մասնաւոր հաւաքածոները հանդիսացան թանգարանային ցուցադրութիւններու հիմքը: «Կալենց թանգարանը» ստեղծուած է երկու արուեստագէտներու կողմէ 1946 թուականին հիմնուած տուն-արուեստանոցի վայրին մէջ, զոր կառուցած էին Պէյրութէն Խորհրդային Հայաստան գալէ ետք մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակով: Այդ արուեստանոցը դարձած էր Երեւանի կարեւոր մշակութային օճախներէն մէկը, ուր կը հաւաքուէին, ինչպէս հայաստանաբնակ, այնպէս ալ արտերկրէն ժամանած յառաջադէմ մարդիկ:

«Կալենց թանգարանի» ստեղծման գաղափարը առաջ գնաց արուեստագէտի մահէն անմիջապէս ետք` 1967 թուականէն այդ ժամանակ դեռ Հայկական ԽՍՀ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի Քաղխորհրդի կողմէ: Սակայն այդ մտայղացումը կարգ մը պատճառներով եւ, առաջին հերթին, ի հետեւանք ներկայացուած անյաջող շինարարական նախագիծերուն, այդպէս ալ չիրականացաւ: Արմինէ Կալենցի ջանքերու շնորհիւ Կալենցի մահէն մէկ տարի անց` 1968 թուականին իր արուեստանոցին մէջ այցելուներուն համար կը բացուի Կալենցի աշխատանքներու մշտական ցուցադրութիւն, որ, ըստ էութեան՝ հանդիսացաւ մասնաւոր պատկերասրահի նախատիպը` առանձնայատուկ, համարձակ գաղափար նախկին ԽՍՀՄ տարածքին: Ընդհուպ մինչեւ 90-ականները “արուեստանոց-պատկերասրահը” կը շարունակէր մնալ կարեւոր հանդիպատեղի, ըմբոշխնելու թէ՛ Յարութիւն Կալենցի եւ թէ Արմինէյի ստեղծագործութիւնները, որ իսկապէս հանդիպման վայր էր նկարիչներու, գրողներու, երաժիշտներու եւ բոլոր անոնց համար, ովքեր անտարբեր չէին արուեստի ու մշակոյթի նկատմամբ:

90-ականներու կէսերուն նկարիչ Սարօ Կալենցի գլխաւորութեամբ իրականացուեցան նախագծային աշխատանքները: Թանգարանի շէնքի հին մասի վերակառուցման եւ երկու հարկերու կառուցման սկիզբ դրուեցաւ 2002 թուականին: Տուն-արուեստանոցը ընդլայնուեցաւ, նորակառոյց երկրորդ եւ երրորդ հարկերուն վրայ տեղաբաշխուեցան թանգարանի ցուցասրահները:

«Զ.» – Ե՞րբ հիմնադրուած է Կալենց մշակութային հիմնադրամը: Ի՞նչ համագործակցութԻւն ունիք Սփիւռքի հետ:

«Լ. Կ.» – Հիմնադրամը ստեղծուած է «Կալենց թանգարանի» բացման կապակցութեամբ 2009 թուականի Յունիս ամիսը` Յարութիւն Կալենցի եւ Արմինէ Կալենցի ստեղծագործական ժառանգութեան պահպանումը եւ համալրումը ապահովելու նպատակով,  Հայաստանի մէջ արտերկիր ուսումնասիրելու ու ա՛լ աւելի հանրաճանաչ դարձնելու, ինչպէս նաեւ «Կալենց թանգարանի» գործունէութեանն ու զարգացման օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:

Հիմնադրամը առաւելագոյնս կ’օժանդակէ ուսուցողական ծրագիրներու եւ տարաբնոյթ միջոցառումներու իրականացման: Թանգարանի զարգացման գործին իր ծանրակշիռ ներդրումը ունի Կալենց հիմնադրամի մշտական գործընկերը` Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութիւնը: Այս համագործակցութեան շնորհիւ թանգարանի հնգամեայ կենսագրութեան ընթացքին հնարաւոր դարձաւ շարք մը կարեւոր նախագծերու իրականացումը, ինչպէս Հայաստան մէջ, այնպէս ալ արտերկիր։  2012 թուականին Լիբանանի մէջ կը բացուի Կալենցի ցուցահանդէսը՝ որպէս իր առաջին հայրենիքը, ուր ան կրցաւ կայանալ՝ իբրեւ Կալենց: Ցուցահանդէսը կը կոչուէր <<երկու կեանք>> , այսինքն՝ Լիբանան եւ Հայաստան, որ մեծ նախագիծ էր եւ առաջին փորձն էր Սփիւռքի հետ համագործակցութեան մէջ մտնելու համար: Կալենցը այնպիսի անուն է, որ Սփիւռքի մէջ խորհրդանիշ է, անուն է, ինչ որ ամբողջ  Սփիւռքը գիտէ, որ ժամանակին Լիբանանէն ցրուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Կալենցը խորհրդանիշ է ազատութեան եւ մեծ արուեստի: Մեր ծրագիրներէն մէկն է Պէյրութէն ետք ցուցահանդէսը տանիլ շրջանէ-շրջան՝ ընդգրկելով այդ վայրերու տեղական հաւաքածոները, որպէսզի ցուցահանդէսը մեծնայ եւ հետաքրիր ձեւով ներգրաւուի նաեւ այդ տարածքներու հաւաքածոն: Ի հարկէ, այդ բարդ խնդիր է եւ կը պահանջէ մարդկային եւ ֆինանսական մեծ ներդրումներ: Յոյս ունիմ, որ օր  մը կը կարողանանք իրականացնել, որովհետեւ այս արուեստը պէտք է տեսնեն:

«Զ.» – Կալենցը իսկական արուեստագէտ էր, որու գլխին դրուած էր Աստուծոյ մատը: Յիշեցնեմ, որ թանգարանը կը գտնուի  Երեւանի Կալենցի փողոց 18 հասցէ:  Մեթրօ <<Բարեկամութիւն>> կայարանէն ելք դէպի Յակոբ Յակոբեան փողոց:

Հեռ՝ (+37410) 273166 Բջջ․՝  (+37491) 954342

Ել նամակ՝  info@galentz.am     կայք`www.galentz.org

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին