*ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացաւ թատերական բարձրորակ եւ անգնահատելի ներկայացումով մը՝ Հենրիք Իպսենի » Ժողովուրդին Թշնամին» թատերախաղով` Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ եւ թարգմանութեամբ Լեւոն Շանթի, որ ունեցաւ հինգ ներկայացում 11,12, 17, 18 եւ 19 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ։
Թէեւ Հենրիք Իպսենի վերոյիշեալ թատերախաղը գրուած է 19-րդ դարուն, այնուամենայնիւ յստակօրէն կ’արտացոլացնէ մեր այսօրուան իրականութիւնը։ Հոն ականատես կ’ըլլանք անհատին, հասարակութեան եւ իշխանութիւններու ուժեղ բախումին։ Տոքթ. Շթոքման, որ կը նկատէ, թէ գիւղի հանրային ջուրերը թունաւորուած են, ընդհանրական շահը գերադասելով անձնական շահէն` իր խղճմտանքէն թելադրուած այս մասին կ’ուզէ անյապաղ տեղեակ պահել հանրութեան։ Տոքթ. Շթոքմանի այս վճռական որոշումը կը զայրացնէ քաղապետին, որ իր եղբայրն է։ Վերջինս ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լռեցնելու Տոքթ. Շթոքմանին եւ անոր ետ մղելու այս վճռորոշ ու վտանգաւոր որոշումէն։ Գիւղի բնակիչները եւս կը հակաճառեն ու կ’ընդդիմանան Տոքթ. Շթոքմանին առանց սթափելու, որ իրենք տակաւին կը շարունակեն ապրիլ սուտի, կեղծիքի եւ խաբէութեան տիղմին մէջ։ Տոքթ. Շթոքման, ի վերջոյ, արժանանալով ժողովուրդի անշնորհակալ վերաբերմունքին` մինակ կը մնայ` շարունակելով իր պայքարը հաւաքականութեան եւ իշխանութիւններու բռնակալութեան դէմ։
Իւրաքանչիւր դերակատար լաւապէս ներկայացուց իրեն վստահուած դերը։ Մեծապէս գնահատելի էին երիտասարդ դերակատարներու ներկայացումները, որոնց առկայութիւնը հայկական բեմին վրայ մեծապէս արժանի է ծափահարութեան ու քաջալերանքի։ Հոս անհրաժեշտ է նկատել, թէ այնպէս կահաւորուած ու պատկերազարդուած էր բեմը, որ պատշաճի թատերախաղի բովանդակութեան անշուշտ լաւագոյնս օգտագործելով բեմին կարելիութիւնները։ Ինչ կը վերաբերի դերակատարներու լեզուի հանրամատչելիութեան ու յստակութեան, ապա յոյժ կարեւոր է նկատել, որ բարձր ոճով փոխանցուած էր հադիսատեսին, ինչը մեծապէս գնահատելի էր , այնուամենայնիւ կարելի էր առաւել եւս պարզեցնել ու դիւրացնել, որպէսզի աւելի հեշտ ընկալուի իւրաքանչիւր հանդիսատեսի կողմէ։
Դերակատարներն էին` Սիլվա Ատուրեան( Քաթրինա), Դրօ Միրզայեան( Թղթակից Պիլլինկ), Գէորգ Նալպանտեան( Քաղաքապետ Փիթըր Շթոքման), Խաչիկ- Հրակ Տէմիրճեան ( Խմբագիր Հովսթատ), Վարդան Մկրտիչեան( Տոքթ. Շթոքման), Ժան Պէքերէճեան( Նաւապետ Հոկսթեր), Լիլիթ Գույումճեան ( Բեթրա), Զաւէն Պաաքլինի( Քիիլ), Նժդեհ Մկրտիչեան( Տպարանատէր Թոմսըն), Յովսէփ Գաբլանեան (Գինով ), Յակոբ Մարկարոսեան, Աբրահամ Պալթայեան, Մանուէլ Թոքմաճեան, Կարօ Բանողլեան, Սարգիս Տօնիկեան (Ցուցարարներ):
Հուսկ, գովասանքի մեր ջերմ խօսքերը բոլոր դերակատարներուն, բեմադրիչին, ինչպէս նաեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որոնց ժրաջան ու բծախնդիր աշխատանքով յաջողութիւն գտաւ այս թատերական ներկայացումը: Յարատեւ եւ նորանոր յաջողութիւններ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին: