Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Ակումբի Օգտաշատ Դասախօսութիւնը՝ Լիբանանի Քրիստոնեաներ՝ Մարտահրաւէրներ Եւ Ապագայ

Ռ.Ա.Կ. Պէյրութի «Զարթօնք» ակումբի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր կազմակերպելու օգտաշատ եւ այժմէական դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով Լիբանանի քրիստոնեաները` իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներով եւ ապագայի հեռանկարներով, որուն արագ լրատւութիւնը ըրած էինք օրին:

            Այս առիթով հրաւիրուած էր նախկին նախարար Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէ խորանալու համար այս այժմէական նիւթին մէջ: Ներկայ էին պետական նախարար Պրն. Ժան Օղասապեան,  նախկին երեսփոխան Պրն. Յակոբ Գասարճեան, Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ «Զարթօնք»-ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Վարիչ Մարմինի ներկայացուցիչ Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի ներկայացուցիչը, Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչը, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան, Ազգային Ազատ Հոսանքի, «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան, Սիրիանի Իթթիհատ կուսակցութեան ներկայացուցիչը եւ այլ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ:

            Արաբերէն լեզուով բացման խօսքը արտասանեց «Զարթօնք» ակումբի ատենապետ Ընկ. Արա Թերզեան:  Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ յայտնեց, որ Արեւելքը քրիստոնեաներէ պարպելու հոլովոյթ մը կայ: Ան աւելցուց, որ հակառակ բոլոր ճնշումներուն՝ քրիստոնեաները միշտ կայուն պիտի մնան եւ այս մարտահրաւէրը յաջողութեամբ պիտի դիմագրաւեն: Քրիստոնեաները հողին աղն են. եթէ աղը ապականի, ի՞նչ բան պիտի աղէ հողը:             Այս ակումբի անդամներէն շատեր այդ աղն են: Անոնք տակաւին կը մնան Պէյրութի տարբեր թաղամասերուն մէջ եւ կը շարունակեն իրենց պայքարը՝ որպէս պարկեշտ քրիստոնեայ քաղաքացիներ:

            Մեր հրաւէրը Դոկտ.Սալամէին դիպուածով չէր: Ան Քեսրուան շրջանի Ֆարայա գիւղաքաղաքէն բարեպաշտ քրիստոնեայ ընտանիքի մը զաւակն է:  Համալսարանի դասախօսի պաշտօնէն անցաւ քաղաքական ասպարէզ: Այն քիչերէն է, որ Պատրիարքին կողմէ առաջարկուեցաւ նախարարական պաշտօնի համար, Լիբանանաի մէջ քրիստոնէութեան դերի նահանջի տարիներուն: Հիմնեց «Մուլթաքա» միութիւնը գործակցութեամբ նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի, Ֆուատ Ալ Թուրքի եւ Փիեռ Տաքքաշի Կարտինալ Սֆեյրի հովանաւորութեամբ: Ապա զայն վերածեց կուսակցութեան «Ալ Հաուիյա Ուալ Սիյատա» անունով:  Իր առաջնակարգ նպատակն էր վերականգնել քրիստոնեաներու դերը երկրի քաղաքական հոլովոյթին մէջ:

            Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր Մանսուր Ռահպանիի յօրինած գեղեցիկ ազգային երգը «Ուաթանի Պիյաարիֆնի»,  զոր անթերի կերպով մեկնաբանեց Թէքէեան Մշակութային Միւթեան նուագախումբի մենակատարուհի Ալիս Իփրաճեանը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Գրիգորեանի: Ապա ներկայացուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն մը պատրաստուած Ճէքի Տերվիշեանի եւ Վիգէն Թոսունեանի կողմէ,  որ կը ներկայացնէր Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն պատմութիւնը:

            Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Դոկտ. Եուսէֆ Սալամէ, որ փոխանցէ իր պատգամը: Յարգելի բանախօսը յայտնեց, թէ հինգ իրականութիւններ կերտած են  Լիբանանի փառքը: Առաջին՝ Լիբանան  անունը յիշուած է Հին եւ Նոր Կտակարանին մէջ 7 անգամ: Երկրորդ՝ Եսայի Մարգարէի խօսքը, թէ Աստուած ձեզի պիտի տայ Լիբանանի փառքը: Այս խօսքն է, որ կ’օգտագործեն մարոնիթ պատրիարքներ՝ որպէս Լիբանանի փառքը՝ իրենց տրուած անհատներ: Երրորդ՝ Տէր Յիսուս այցելեց Սայտա եւ Սուր: Երկիրը սուրբ է եւ տարօրինակ չէ, որ դարերու ընթացքին Լիբանան դարձած է բոլոր հալածեալներու ապաստարան: Չորրորդ՝ Լիբանանի քրիստոնեաները միացնող ազդակն է խաղաղութեան եւ այս երկրին մէջ հաստատուելու պահանջը:  Նաեւ ունենալու ազատութիւն եւ ուրիշը յարգելու առաքինութիւնը, որովհետեւ ազատութիւնն է այս երկիրը յատկանշող գործօններէն մէկը: Հինգերորդ՝ այն դասը, զոր պէտք է քաղել պատմութենէն, թէ այս երկիրը տակաւին կենսունակ է ՝ հակառակ բոլոր տառապանքներուն:

            Այս վերոյիշեալ պատճառներուն համար պէտք է պահենք Լիբանանը: Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը ըսած էր, որ Լիբանանը, որպէս երկիր պատգամ մըն է ամէն բանէ առաջ: Դիւրին չէ պահել ազատութեան եւ բազմակարծութեան հաւատացող Լիբանանը:  Մէկ բան կրնայ մեզ պահպանել բոլոր փորձութիւններէն՝ այդ քրիստոնէութեան վկայութիւնն է: Պէտք է պահել հաւատքը, վկայութիւն պահելու ազատ եւ բազմահամայնք Լիբանանը: Այդ պէտք է մեզի ընկերակցի ամէն տեղ: Պէտք է ապրիլ մեր քրիստոնէութիւնը եւ զայն փոխանցել սերունդէ-սերունդ: Երկրորդ վկայութիւնը նահատակութիւնն է , ինչպէս որ պատահեցաւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմին:

            Ինչպէ՞ս կրնանք դիմանալ այս յարափոփոխ շրջանին մէջ:  Շրջանը կ’ապրի աշխարհաքաղաքական երկու մեծ պայքարներ: Առաջինը՝ արաբ-իսրայէլեան պայքարն է, իսկ երկրորդը՝ սիւննի-շիի պայքարն է: Մեզ կը հետաքրքրէ առաջին պայքարը: Քարիւղի եւ կազի բնական պաշարներու տնօրինման պայքար մըն է որ տեղի կ’ունենայ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ:  Լիբանանը փոխանակ վերածուելու ազատութիւնը տարածող օրրանի շրջանին մէջ, դարձաւ յետամնաց երկիր մը տեղի ունեցող ներքին պայքարին պատճառով:  Պէտք է վարել չէզոքութեան քաղաքականութիւն երկիրը հեռու պահելու համար շրջանի հրդեհներէն: Քրիստոնեայ կարող ղեկավարներ պէտք են, պէտք է ճնշում  կիրարկել որդեգրելու  համար չէզոքութիւն,: Հիմնել արդար, ընկերային պետութիւն, որ ունի միակ պաշտպանութեան համակարգ:  Քրիստոնեաներ պէտք է մաս կազմեն պետութեան: Այս հարցը կարեւոր է հիմնելու համար զարգացած եւ արդար պետականութիւն: Այս հարցին մէջ մեծ է դերը կուսակցութիւններուն: Պէտք է զարգացնել կրթական համակարգը: Պէտք է մարդը պահել հողին վրայ՝ իրեն տալով բոլոր դիւրութիւնները: Ստեղծել ընկերային ապահովութեան զարգացած համակարգ մը, ուր մեծ է դերը եկեղեցիին եւ բարեսիրական միութիւններուն, որ քրիստոնեայ մարդը մինակ չզգայ ինքզինք:

            Դասախօսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը, ուր ներկաներ շնորհաւորեցին դասախօսը եւ կազմակերպիչ ակումբը ու անդրադարձան արծարծուած հարցերուն:

            Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպիչներուն այս բարձր մակարդակի դասախօսութեան համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին