*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Քաշաթաղի Շրջանին Մէջ Հերթական Նորակառոյց Դպրոցը Փոքրիկ Տէրերուն Յանձնուէր Է
Քաշաթաղի շրջանի Մուշ եւ Ալաշկերտ գիւղերու աշակերտները նոր ուսումնական տարեշրջանը սկսած են նոր դպրոցի մէջ: Տնօրէնը նոր պայմանները նախկին՝ 4-րդ կարգի աղէտային ճանչցուած շէնքին մէջ տեղի ունեցած յարմարութիւններուն հետ չի համեմատեր: «Արդէն չենք վախնար ցուրտէն, քամիէն կամ որ առաստաղը կրնայ քանդուիլ, որովհետեւ նախկին դպրոցը լրիւ անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի: Իսկ այս դպրոցը գեղեցիկ է, մաքուր է: Բոլոր պայմանները կան»,- կը պատմէ եւ ցույց կու տայ Մուշի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Լիաննա Յակոբեանը:
Դասերուն զուգահեռ՝ շինարարական վերջին աշխատանքները իրականացուած են Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն: Բազմամարդ հաւաքը նոր դպրոցի պաշտօնական բացման նուիրուած է: Մուշ ժամանած է նաեւ Արցախի պետական նախարարը՝ Քաշաթաղի շրջանի ղեկավարի եւ այլ պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ: Շնորհաւորելու նպատակով ժամանած պաշտօնեաներու կողքին՝ հաւաքը նաեւ կ’առանձնանայ մասնակից երեխաներու թիւով: Դպրոցահասակներու թիւի աճումն ալ որոշիչ դարձաւ, որ նոր դպրոցի կառուցումը ֆինանսաւորած «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնը դպրոցաշինական հերթական ծրագիրը Մուշ գիւղի մէջ իրականացնէ: Տուեալ նախապատմութիւնը կը յիշէ կազմակերպութեան համահիմնադիր Ստեփան Սարգսեանը. «Համաձայնեցանք վարչակազմի, կառավարութեան առաջնահերթութիւններու հետ: Մեր՝ իրենց հետ ունեցած զրոյցները այն եզրակացութեան եկան, որ ասիկա առաջնահերթ կարիք է, ուստի դպրոցը կառուցեցինք այստեղ»: «Աճի այն թափը, որ կայ այս գիւղերուն մէջ, կ’արդարացնէ այստեղ դպրոց ունենալու ցանկութիւնը»,- առաջնահերթութիւնը կը հիմնաւորէ Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:
Կարմիր ժապաւէնը՝ Միացեալ նահանգներէն ժամանած փոքրիկ Շուշին ու մուշեցի առաջին դասարանցի Արտակը կը կտրեն: Նոր դպրոցը ապրիլեան պատերազմի հերոսներէն՝ Արմենակ Ուրֆանեանի անունը կը կրէ: «Արմենակի անունը պէտք է մեր պատմութեան մէջ ոսկէ տառերով գրուի եւ արդէն գրուած է: Ասիկա մեր կողմէն քայլ մըն էր ի յարգանք Արմենակի եւ անոր գործին»,- կը կարեւորէ «Հայրենասէր» ՀԿ համահիմնադիր Նելլի Մարտիրոսեանը:
Դպրոցը ոչ միայն յարմար դասասենեակներ, այլեւ ապաստարան ունի: Կառավարութիւնը լուրջ հոգ տարած է կահաւորման, իսկ այսօր կ’աշխատի դասարանը տաք պահելու միջոցները ապահովել: Դպրոցի հնարաւորութիւնները կ’օգտագործէ նաեւ համայնքը: Սակայն Մուշի համայնքապետ Պետրոս Աւետիսեանը, աւելի շատ կ’ուրախանայ անով, որ նոր դպրոցի ներկայութիւնը Մուշը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ վերաբնակիչներուն համար : «Վերաբնակիչներն ալ մշտապէս կը հետաքրքրուին: Ուր որ նորմալ դպրոց, կրթութեան հնարաւորութիւն կայ, ընտանիքներով այնտեղ կը հաստատուին»:
Յիշեալ դպրոցի կառուցումը Քաշաթաղի մէջ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան հերթական ծրագիրն էր: Մինչ այդ դպրոցներ կառուցուած են Քաշաթաղի շրջանի Լեռնահովիտ, Վուրգավան եւ Հերիկ գիւղերուն մէջ:
Թալիշը Կը Վերականգնուի Համայն Հայութեան Աջակցութեամբ
ՊԲ զինծառայողները մարտական հերթապահութիւնը կ’իրականացնեն բարելաւուած պայմաններու մէջ եւ դիտարկման ու հսկողութեան անհամեմատ մեծ արդիւնաբերական հնարաւորութիւններով: Արցախի հիւսիսային սահմանները մեկնած նախագահ Բակօ Սահակեանը անձամբ համոզուած է, որ հակառակորդի իւրաքանչիւր տեղաշարժը հսկողութեան տակ է: Արդիւնաբերական նոր հնարաւորութիւններով՝ մեր դիրքապահները ամբողջ օրուան ընթացքին կը դիտարկեն հակառակորդին: «Իւրաքանչիւրն ալ պատրաստ է հակառակորդի ոտնձգութիւնը կասեցնելու , անոր իր տեղը ցոյց տալու»,- կը վստահեցնէ ՊԲ փոխգնդապետ Արտիոմ Աբրահամեանը:
Կը շարունակուի նաեւ զօրքերու մշտական տեղակայման վայրերու բարեկարգումը: Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի ուղեկցութեամբ՝ նախագահ Սահակեանը Արցախի հիւսիս-արեւելեան շրջանը տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ ծանօթացած է զօրանոցային համալիրի շինարարական աշխատանքերուն: Նոյն նախագծով հիւսիսային ուղղութեամբ կառուցուած զօրանոցը արդէն պատրաստ է: «Կառուցած ենք որակով, լաւ եւ տեղը տեղին, որպէսզի զինուորը կարենայ նաեւ հանգստանալ: Ապահովուած է տաք ջուրը, բաղնիքը»,- կը պատմէ եւ կը ցուցադրէ սոյն շինարարութիւնը իրականացուցած «Լարմս» ընկերութեան տնօրէն Աշոտ Ալեքսանեանը:
Հողաթմբով պաշտպանուած ճամբան Թալիշ կը տանի: Ասիկա Արցախի ոչ թէ սահմանամերձ, այլ սահմանապահ գիւղերէն է, դիրքապահներու թիկունքն է: Ձմրան ընդառաջ՝ այստեղ շինարարական եռուզեռը չի դադրիր: Շինարարները կ’աշխատին օգտագործել բարենպաստ եղանակները, մէկ քայլ եւս առաջ տանիլ գիւղի վերականգնման ծրագիրները, որոնք կ’իրականացուին Հայաստան համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Այս պահուն Թալիշի մէջ մօտ մէկ տասնեակ շինարարական կազմակերպութիւններ կ’աշխատին: «Գիւղի համար կոյուղի կը կառուցենք: Մէկ քիլոմեթր եկած ենք, մէկ քիլոմեթր ալ պէտք է երթանք: Թերեւս մինչեւ յառաջիկայ ամսուան 10-ը կ’աւարտենք այդ գործերը»,- բերնակառքի բեռնախցիկէն՝ կը ներկայացնէ «Վիրաժ» ԱԿ-ի աշխատակից Արթուր Մարտիրոսեանը եւ կը շտապէ յաջորդ տեղամասը. ան շինանիւթ կը տեղափոխէ:
Գլխաւոր շինհարթակը գիւղի կեդրոնական հատուածին մէջ է : Այստեղ միաժամանակ մի քանի շինարարութիւն կ’ընթանայ: «Հանդիսութիւններու սրահ, մանկապարտէզ, համայնքապետարան, դպրոց ու կից՝ կաթսայատուն,- կը թուարկէ «Եւրոստրոյ» ընկերութեան տեղամասի պետ Արմէն Մարտիրոսեանը: Մէկ մասը շինարարութեան աւարտին կը մօտենայ, երկրորդ մասին մէջ՝ տակաին հիմքերը կը պեղեն:
Աշխատանքներու ընթացքին մասին Արցախի նախագահին շինհարթակի մէջ զեկուցած են: Մինչեւ տարեվերջ Թալիշի մէջ կարմիր ժապաւեն կտրելու առիթներ կ’ըլլան, կը վստահեցնէ քաղաքաշինութեան նախարար Կարեն Շահրամանեանը. «Աւարտին կը մօտենան համայնքային կեդրոնի եւ հանդիսութիւններու տան կառուցման աշխատանքները: Այս տարի պէտք է շահագործման յանձնենք նաեւ կաթսայատունը»:
Վարչական շինութիւններուն զուգահեռ՝ կ’ընթանան նաեւ առանձնատուներու վերակառուցման աշխատանքները: Առաջին փուլի ընթացքին՝ մօտ 20 տուն կը վերանորոգուի: Այս աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ թալիշեցիները: « Մեր գիւղն է: Լաւ տրամադրութեամբ, սրտանց կ’աշխատինք: Համեմատած նախկինին՝ աւելի լաւ, աւելի ապահով, ապաստարաններով կը կառուցենք»,- նոր առանձնատուները նախկինի հետ կը համեմատէ թալիշեցի Վազգէն Նազունցը: Ըստ ծրագիրին՝ բնակարանները շահագործման պիտի յանձնուին՝ ամբողջութեամբ կահաւորուած: Շինարար-թալիշեցիները վստահ են՝ վերանորոգուած տուները պատրաստ ըլլալէ ետք մէկ օր նոյնիսկ պարապ չեն մնար: «Ճի՛շդ է, ապրիլեան դէպքերով մեր ժողովուրդը շատ բան տեսաւ, բայց ես, կը կարծեմ, որ ժամանակը վէրքը կը բուժէ: Մարդիկ կան, որ մեծ ցանկութիւն ունին գալու»,- մտավախութիւն չունի Եուրիկ Խաչատրեանը:
Մինչ այդ՝ թալիշեցիները գիւղի վերականգնման կը մասնակցին եւ Թալիշի մէջ հիմնադրուած «Թարինջ» գիւղատնտեսական համագործակցական ընկերութեան մէջ կ’աշխատին:
Երկրաշարժի Պատճառով Արցախի Մէջ Աւերածութիւն Չէ Եղած
Նոյեմբեր 15-ին, կէս գիշերին գրանցուած երկրաշարժը նախորդ մի քանի տարիներու կտրուածքով Արցախի մէջ զգացուածներու շարքին ամենազօրաւորն էր: Անոր նկատմամբ հասարակական ուշադրութեան ցուցիչը համացանցային տիրոյթը դարձած էր: Արդէն կէս գիշերէն՝ ընկերական ցանցերուն վրայ աշխուժօրէն կը քննարկուին երկրաշարժի հետ կապուած մանրամասնութիւնները՝ ի՞նչ, ու՞ր, ե՞րբ: Պատկան մարմինները առցանց քննարկումները օրուան իրականութեան հետ կը կապեն եւ կը վստահեցնեն՝ երկրաշարժը իսկապէս վերջին տարիներու ընթացքին գրանցուածերու շարքին կ’առանձնանայ, սակայն Արցախի մէջ աւերածութիւններու եւ զոհերու պատճառ չէ դարձած:
Սեյսմիկ պաշտպանութեան արեւելեան ծառայութեան մէջ սեյսմիկ տատանումներուն շրջօրեայ կը հետեւին : Կ’արձանագրեն, Նոյեմբեր 15-ին գրանցուած երկրաշարժը իր ուժգնութեամբ կ’առանձնանայ. կիզակեդրոնին մէջ 7 բալ եղած է: Կիզակեդրոնը Ատրպէյճանի տարածքին էր՝ Արցախի սահմաններու հարեւանութեամբ, Ստեփանակերտէն 60-65 քիլոմեթր հեռու: Կիզակեդրոնին մօտ ըլլալու հետեւանքով՝ նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ բաւական զօրաւոր զգացուած են տատանումները: Երկրաշարժի Կիզակեդրոնը եւ տատանումներու հետ կապուած այլ մանրամասնութիւններ ճշդելէ ետք՝ դիտացանցի բաժնի պետը մինչ այդ կը հաշուարկէ՝ Ստեփանակերտի մէջ երկրաշարժի ուժգնութիւնը: «Մեր քով ուժգնութիւնը 4-5 բալ կազմած է»,- ըսուածը թիւերու կը վերածէ ՍՊԱԾ դիտացանցի բաժնի պետ Խաչատուր Յարութիւնեանը: Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնին մէջ հեռախօսազանգերու թիւի աճ արձանագրուած է: Օրուան պատասխանատուն կը ճշդէ, թէ անոնք ոչ թէ ահազանգեր էին, այլ անհանգստացած քաղաքացիներու զանգեր: «Մարդիկ կը զանգէին, կը հետաքրքրուէին՝ արդեօ՞ք կարելի է երկրաշարժի կրկնութիւն, մնա՞ն իրենց բնակարաններուն մէջ թէ դուրս գան: Ծառայութեան պետի հրահանգով անմիջապէս արձագանքող խումբ ձեւաւորուած է, շրջած է Ստեփանակերտի մէջ, իրավիճակը տեղւոյն վրայ պարզելու»,- կը մանրամասնէ ԱՀ ԱԻՊԾ տնօրէնի աշխատակազմի ղեկավար, օրուան պատասխանատու Դաւիթ Յակոբեանը:
Երկրաշարժէն ժամեր անց՝ հետեւանքներու ընդհանուր պատկերը կը յստականայ: Ատրպէյճանական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ Ատրպէյճանի տարածքին հարիւրաւոր շինութիւններ զգալի վնասներ կրած կամ լրիվ աւերուած են: Արցախի տարածքին՝ վնասուած շինութեան նկար հրապարակած է Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը, Տիգրանակերտէն: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը յստակացնէ պատկերը : Արցախի մէջ շինութիւններու մասնակի վնասներու մասին մօտ երկու տասնեակ տեղեկութիւն ստացուած է:
Երկրաշարժի պատճառով վնասուած քաղաքացիներու մասին տեղեկութիւններ չկան:
Ստեփանակերտ