ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Շաբաթավերջին սիրով ընդառաջելով Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբի վարչութեան ազնիւ հրաւէրին` ներկայ գտնուեցայ իր կողմէ քաջութեամբ բեմ բարձրացուած «Ժողովուրդի Թշնամին» թատերախաղի ներկայացումին:
Ներկայացման քննարկումը ձգելով մեր երիտասարդ աշխատակիցին, որ «Զարթօնք»ի 20 Նոյեմբեր 2017-ի ներսի էջերուն մէջ կ՛արտայայտուի անոր մասին, ես պիտի ուզեմ ծանրանալ հեղինակին՝ Հենրիք Իպսենի այս անմահ գործին վերլուծման վրայ, որուն նիւթը աւելի քան ժամանակակից է ու ցաւն է մեզմէ շատերուն:
Իպսենի «Ժողովուրդի Թշնամին» ունի երկու կարեւոր պատգամ: Առաջին՝ Դեմոկրասիի (ժողովրդավարութեան) քննադատութիւնը: Երկրորդ՝ քաջ անհատի մը անկոտրում կամքն ու ինքզինքին հանդէպ ունեցած յարգանքը տեղի չտալու իրմէ գերակայ, սակայն անարդար ուժին…:
Իպսեն իր առաջին պատգամով յստակ կը դարձնէ, որ ժողովրդավարութիւնը այնքան ալ իտէալական դրութիւն մը չէ, որովհետեւ երկու անմիտ անձեր ձայներու մեծամասնութեամբ կրնան յաղթել մէկ իմաստունին: Այս մասին մերօրեայ օրինակները չեն պակսիր: Վկայ՝ ամերիկեան ընտրութիւնները, որ աւելի քան ժողովրդավարական են…: Արդիւնքը՝ դուն դատէ, սիրելի՛ ընթերցող…:
Հեղինակը քննադատելով ժողովրդավարութեան բացթողումը՝ իր սուր սլաքները կ՛ուղղէ իշխող նաեւ դրամատէր դասակարգին, որ կրնայ դիւրութեամբ խաբել մեծամասնութիւն կոչուած ամբոխը եւ հեշտօրէն ստեղծել, այսպէս կոչուած, հանրային կարծիք՝ իր նիւթական կարողութեամբ գնելով ու շահագործելով աժան մամուլը (այստեղ շեշտը աժանին վրայ է): Ահա այստեղ է վտանգին ահաւորութիւնը, երբ, այսպէս կոչուած, մեծամասնութիւնը կը շահագործուի իշխող դասին կողմէ իր ծրագիրները յաջողցնելու կամ ճզմելու լաւ նախաձեռնութիւն մը, որ կրնայ իր շահերուն դէմ ըլլալ… մինչեւ իսկ «Ժողովուրդի Թշնամի» կոչելով ու նոյնիսկ կեանքը վտանգելով խորքին մէջ ժողովուրդին բուն բարեկամին…:
Հետեւաբար ըստ հեղինակին՝ ժողովրդավարութիւնը խաբկանք մըն է, զոր յաճախ կ՛օգտագործուի իշխողին կողմէ իր կամքը բանեցնելու «յանուն մեծամասնութեան»: Մինչ վերջինս, այսինքն՝ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, հակառակ կարծուածին, ինք չէ, որ կ՛իշխէ: Բուն իշխողը խորքին մէջ զինք օգտագործողն է, որուն շահերը շատ յաճախ նոյնիքն այդ ժողովուրդին շահերուն կը հակասեն:
Իր երկրորդ պատգամով հեղինակը վեր կ՛առնէ բարեկարգումի ձգտողին արժանիքը: Ան կը շեշտէ, որ քաջ մարդը այն է, որ մինակ է ամբոխին դէմ եւ իր ճամբան կը քալէ՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն մինչեւ իսկ իր կեանքին գնով…:
1882-ին գրուած նիւթ մը, սիրելի՛ ընթերցող, որ կարծես մեր այսօրը կը ներկայացնէ: Ո՛չ մէկ բան փոխուած է հեղինակին օրերէն: Պէտք չունինք շատ հեռուները երթալու հաստատելու համար դժբախտ իրականութիւնը: Մնանք Լիբանան ու վկայակոչենք մերօրեայ պետական, տեղական թէ ազգային կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու, այսպէս կոչուած, ղեկավարութիւնը եւ շատ յաճախ ալ դիտմամբ տգէտ պահուած ամբոխը…: