Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եազիճի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

14 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ Պատրիարք՝ Եազիճի Գ.ին ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ՝ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ՝ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս նաեւ պատգամ մը փոխանցեց Նորին Սրբութեան Եազիճի Պատրիարքին կողմէ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին